ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ . ԷՐՏՈՂԱՆ` ՍՈՒԼԹԱՆ

Կիրակի առաւօտ, երբ քուէատուփերը բացուին աւելի քան 50 միլիոն թուրք ընտրողներուն դիմաց, ուշադրութիւնները սեւեռուած պիտի մնան Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ստանալիք քուէներուն համեմատութեան վրայ:

Թուրքիոյ ընտրական օրէնքը հաստատուած է համամասնական հիման վրայ: Կուսակցութիւնները կրնան թեկնածուներու փակ ցանկեր ներկայացնել երկրին 85 ընտրաշրջաններուն մէջ: Կուսակցական ցանկերու կողքին նաեւ անկախ անհատներ կրնան առաջադրել իրենց թեկնածութիւնը: Ընտրական օրէնքի ամէնէն խնդրայարոյց յօդուածը, որ հունաւորած է թրքական քաղաքական կեանքը վերջին 20 տարիներուն ընթացքին, 10 առ հարիւր տոկոսի սահմանափակումն է: Այս արգելքով բոլոր այն կուսակցութիւնները, որոնք կը ստանան ընտրողներու ընդհանուր քուէներուն նուազ քան 10 տոկոսը, կը կորսնցնեն խորհրդարան մտնելու իրենց իրաւունքը, եւ անոնց քուէները կը բաժնուին մնացեալ կուսակցութիւններուն վրայ` համաձայն անոնց արձանագրած տոկոսներուն: Այս օրէնքը հիմնականօրէն կը նպատակադրէ արգիլել քրտական, ձախակողմեան եւ ծայրայեղ իսլամական կուսակցութիւններու մուտքը խորհրդարան: Այս պատճառով, քրտական մեծագոյն կուսակցութիւնները իրենց թեկնածուները կ՛առաջադրեն իբրեւ անկախ թեկնածուներ` անոնց խորհրդարան մուտքը կարելի դարձնելու համար:

Այս ընտրութիւններուն այս արգելքը կը ստանայ յաւելեալ կարեւորութիւն. 2002-էն ի վեր իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կը ձգտի միայնակ ապահովել խորհրդարանի 550 երեսփոխաններուն երկու երրորդը, այսինքն` 367 երեսփոխան: Համաձայն նախնական տուեալներուն, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան, Աթաթուրքի Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան եւ քիւրտ երեսփոխաններուն կողքին, Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը միակ ուժն է, որ կրնայ շրջանցել 10 առ հարիւր տոկոսի արգելքը եւ մուտք գործել խորհրդարան: Մասնագէտներուն եւ հարցախոյզերուն համաձայն, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը պիտի ապահովէ քուէներուն 45-51 առ հարիւրի տոկոս մը, որ բաւարար է հանգստաւէտ մեծամասնութեամբ մը երկիրը կառավարելու համար: Իսկ եթէ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը ձախողի ապահովել ձայներու 14 առ հարիւրին մօտ տոկոս մը, զոր ապահոված էր նախորդ ընտրութիւններուն, եւ ձախողի մուտք գործել խորհրդարան, ապա անոր քուէներուն մեծամասնութիւնը պիտի երթայ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան, ինչ որ մեծապէս կը բարձրացնէ կախարդական 367 թիւը նուաճելու հաւանականութիւնը:

Այս պատճառով ալ ընտրարշաւի վերջին շաբաթներուն, վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ճիգ չխնայեց աշխուժացնելու կուսակցութեան համակիր զանգուածները եւ տարտղնելու հակառակորդներուն ուժերը: Էրտողանի ընդդիմադիրները զայն կ՛ամբաստանեն Ազգայնական շարժում կուսակցութեան եւ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան մօտիկ նկատուող դատաւորներու եւ բանակային նախկին ու ներկայ բարձրաստիճան սպաներու զգայացունց դատավարութիւններու չափազանցուած ներկայացման, ինչպէս նաեւ մօտիկ խմբակներու ճամբով Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պատասխանատուներուն եւ թեկնածուներուն հասցէին կատարուած գայթակղութիւններու բացայայտումին ետին կանգնելու յանցանքներով: Աւելի՛ն. 2002-ի ու 2007-ի ընտրութիւններուն նախօրեակին քրտանպաստ ելոյթներով յատկանշուած Էրտողան, ընտրական հաւաքներու ընթացքին յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ մէջ «քրտական» հարց գոյութիւն չունի: Վերլուծաբաններու համաձայն, քրտական քուէները ապահովելու յոյսը կորսնցուցած Էրտողան, հայեացքները սեւեռած է դէպի ծայրայեղ ազգայնական ընտրազանգուածը, որուն պահպանողական արժէքները եւ ընկերային մակարդակը յաճախ նման են Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կրօնասէր եւ պահպանողական հետեւորդներուն: Այդպէս ան կը միտի աւելցնել իր կուսակցութեան քուէները եւ զուգահեռաբար նուազեցնել Ազգայնական շարժում կուսակցութեան քուէները: Էրտողան նոյնիսկ հասաւ հոն, ուր պատմական թուրք ազգայնական առաջնորդ եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան հիմնադիր Ալփասլան Թուրքեշի որդիին` Ահմետ Թուրքեշի անունը յայտնուեցաւ իշխող կուսակցութեան ցանկերուն վրայ:

Սակայն, ինչո՞ւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ամէն գնով կը ձգտի ձեռք ձգել խորհրդարանի երկու երրորդ մեծամասնութիւնը:

Այս հարցումին ամբողջական պատասխանը ունենալու համար պէտք է սերտել Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ծրագիրը, նպատակները եւ անցեալը: Այդ մէկը կատարելը այս յօդուածի սահմաններէն դուրս է եւ ալ կարելի չէ կատարել գրութեան մը շրջագիծին մէջ, սակայն, կուսակցութեան նախընտրական գործունէութեան ծրագիրէն եւ Էրտողանի յայտարարութիւններէն կարելի է բաւարար եզրակացութիւններու յանգիլ:

2001-ին, թրքական քաղաքական իսլամականութեան հայր Նեճմէտտին Էրպաքանի աշակերտներուն կողմէ հիմնուած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը, իսլամական Բարօրութիւն կուսակցութեան երկու ժառանգորդներէն չափաւոր զաւակն է: 1980-ի զինուորական յեղաշրջումէն եւ 1990-ականներու իսլամականներուն եւ աշխարհիկ կարգերու աւանդական պաշտպան ուժերուն միջեւ ընթացած պայքարներէն ետք, 2002-ին Պոլսոյ նախկին քաղաքապետ Էրտողանի ղեկավարութեամբ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը դարձաւ 20 տարիներու ընթացքին առաջինը, որ յաջողեցաւ խորհրդարանին մէջ ապահովել բացարձակ մեծամասնութիւն եւ առանց դաշնակցելու որեւէ այլ ուժի հետ կազմել կառավարութիւն:

Այդ թուականէն սկիզբ առաւ յաճախ լուռ, բայց երբեմն հրապարակաւ արտայայտուող պայքարը Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ու թրքական պետութեան աւանդականօրէն գերակշիռ ուժերուն միջեւ: Ուժերու այս շրջանակը, բանակին ու դատական իշխանութիւններուն կողքին, կ՛ընդգրկէ ակադեմական, տնտեսական, առեւտրական եւ քաղաքական բազմաթիւ խմբաւորումներ: Այդ պայքարը երբեմն դրսեւորուեցաւ դատարաններու կողմէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ անոր անդամներուն դէմ յարուցուած դատական գործերով. 2008-ին դատախազը մինչեւ իսկ պահանջեց կուսակցութեան լուծարումը: Բանակը, իր կարգին, 2007-ին ընդդիմացաւ առաջարկուած սահմանադրական փոփոխութիւններուն եւ ճնշեց խորհրդարանական ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն վրայ, որ մերժեն փոփոխութիւններու ծրարը, ինչ որ կառավարութիւնը մղեց խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններու: Մինչ այդ, Էրտողան օրինական ու սահմանադրական փոփոխութիւններու ճամբով ամէն ջանք թափեց սահմանափակելու համար բանակին ու դատական համակարգին ազդեցութիւնը քաղաքական գործընթացներուն վրայ:

Այսօր, կը թուի թէ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի «համբերութիւնը հատած է»: Անոր անծայրածիր փառասիրութեան դիմաց աւանդական արգելքները անտանելի մղձաւանջի վերածուած են: Էրտողանի նախընտրական ծրագիրները կ՛ընդգրկեն այնպիսի հսկայական քաղաքական ու տնտեսական նախաձեռնութիւններ, որոնք 10-15 տարիներու ընթացքին հիմնովին պիտի փոխեն Թուրքիոյ դիմագիծը:

Քաղաքական գետնի վրայ, նոր սահմանադրութեան մշակումը կը գրաւէ առաջնակարգ տեղ, եւ անոր համար կը մղուին բոլոր պայքարները: Այսպէս. երկու երրորդի մեծամասնութեան ապահովումը կը դառնայ հրամայական, որովհետեւ համաձայն Թուրքիոյ գործող սահմանադրութեան, սահմանադրական փոփոխութիւններ կարելի է կատարել, առանց ժողովրդային հանրաքուէի դիմելու, խորհրդարանի երկու երրորդին ձայներով: Նոր սահմանադրութեան էրտողանեան տարբերակը Թուրքիան ջրբաժանով պիտի անջատէ 1980-ի զինուորական յեղափոխութեան հաստատած կարգերէն եւ զգալիօրէն պիտի նուազեցնէ բանակին ու ապահովական ուժերուն իշխանութիւնը` Թուրքիան վերածելով նախագահական հանրապետութեան մը` ամերիկեան կամ ֆրանսական օրինակով: Լաւատեսներ նոյնիսկ կը խոստանան, որ սահմանադրութիւնը պիտի ճանչնայ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները եւ լուծում պիտի բերէ Թուրքիոյ գոյութիւնը վտանգող քրտական հարցին:

Տնտեսական գետնի վրայ, Էրտողանի ծրագիրները նուազ պահանջկոտ չեն: Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կը խոստանայ մինչեւ 2025 Թուրքիան դարձնել աշխարհի 10 հզօրագոյն ճարտարարուեստական երկիրներէն մէկը: Վկայակոչելով վերջին 9 տարիներուն արձանագրուած տնտեսական աճը` կուսակցութիւնը կը խոստանայ բազմապատկել զայն մինչեւ 2025: Իրականացնելու համար այդ մէկը` Էրտողան ներկայացուցած է իր իսկ բառերով շարք մը «խենթ ծրագիրներ». Պոլսոյ եւրոպական ու ասիական ափերուն կառուցել երկու նոր քաղաքներ` թեթեւցնելու համար բնակչութեան խտութեան եւ երկրաշարժի վտանգի խնդիրները: Տակաւի՛ն, այս երկու նորակառոյց քաղաքներուն միջեւ պիտի բարձրանայ նոր կամուրջ մը, եւ Վոսփորի ու Սեւ ծովուն միջեւ պիտի բացուի նոր նեղուց մը: Իսկ Անգարայի կողքին ան կը նպատակադրէ կառուցել երկրորդ Անգարա մը` բազմապատկելով պետութեան մայրաքաղաքի բնակչութեան ընդունման կարելիութիւնները եւ զայն դարձնելով թրքական զինուորական ճարտարարուեստի սիրտը: Պէտք չկայ նշելու, որ Թուրքիա կը հանդիսանայ շրջանային եւ նոյնիսկ միջազգային զինուորական շինարարութեան յառաջատարներէն մէկը:

Փաստօրէն, Էրտողանի երազներուն ու ծրագիրներուն սահման չկայ: Եւ երբ նկատի ունենանք, թէ վարչապետին կուսակիցները զինք կ՛ամբաստանեն կուսակցութեան ընտրական ցանկերուն մէջ իր մտերիմներուն նկատմամբ նախասիրութեան, իսկ հակառակորդները զայն կ՛ամբաստանեն սահմնադրական փոփոխութեան ընդմէջէն նախագահ դառնալու եւ բոլոր իշխանութիւնները իր ձեռքին մէջ կեդրոնացնելու ձգտումին յանցանքներով, ապա սուլթան «ալ թայեպ» Էրտողանի տիպարը միայն մեր բարի արաբ եղբայրներուն բաղձանքը ըլլալէ անդին կը թուի անցնիլ:

ՅՈՎԻԿ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES