50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԸ ԹՐԻՓՈԼԻԻ ՄԷՋ

ՀԻՄՆՕՐՀՆԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
ԵՒ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

(ՍԵՓԱԿԱՆ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆ «ԱԶԴԱԿ»Ի)

Գաղութիս հայութիւնը, քառասուն երկար տարիներ, հարկադրաբար իր աղօթքը կատարեց քրիստոնեայ այլ համայնքներու աղօթավայրերուն մէջ` ենթարկուելով զանազան նուաստացումներու: Յաճախ ըմբոստացաւ ինքն իր դէմ, բայց գիտակցելով իր անզօրութեան` համակերպեցաւ եւ լռեց: Հայո՛ւ բախտ:

Սակայն, հաւատարիմ ժառանգորդ իր պապերու հոգեկան աւանդին, չնստաւ ձեռնածալ, չմնաց անտարբեր իր հաւատքի տան հանդէպ, որուն կարօտը կ՛այրէր զինք, կ՛այրէր իր շինարար եւ աղօթող հայու հոգին:

Քանիցս կատարուած հանգանակութիւններու գումարով, թելադրութեամբը հանգուցեալ ազգային մեծանուն բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի, գնուած էր բաւարար տարածութեամբ հող, ուր, հանգուցեալին ամբողջական օժանդակութեամբ, պիտի բարձրանար դպրոց եւ եկեղեցի: Դէպքերը անբնական կերպով դասաւորուեցան: Հարկադրաբար անհրաժեշտութենէ մղուած` դպրոցը շինուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի ջանքերով: Տարի մը վերջն էր միայն, որ «Կիւլպէնկեան» հաստատութիւնը, յարգելով մեծ կտակարանին խոստումը, ամբողջ գումարը յատկացուց Թրիփոլիի մէջ եկեղեցւոյ մը շինութեան: Այսօր հիմերը փորուած են արդէն: Շինութիւնը յառաջ կը տարուի փութով: Թրիփոլիի հայութեան 40 տարուան երազը մարմին եւ ձեւ կը ստանայ:

Զուգադիպութեամբ մը, կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնին առիթով, 4 յունիս 1961, կիրակի օր, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր պատարագ նորակառոյց դպրոցի սրահին մէջ: Կը պատարագէր Լիբանանի առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեանը, որ հանդիսաւոր թափօրով եւ «Հրաշափառ»ով մուտք գործեց եկեղեցի եւ ուղղուեցաւ դէպի Ս. խորան: Եկեղեցին լեցուած էր հոծ բազմութեամբ:

Հոգեպարար աղօթքներն ու շարականները կը բարձրանային առ Աստուած: Ուրախութիւն կը յորդէր սրտերուն մէջ: Հայը վերացած` դարերու ընդմէջէն` կը նայէր յաւերժութեան: Դուրսը կառուցուելիք եկեղեցւոյ հիմերուն քով` խումբ մը տիկիններ կը պատրաստէին աւանդական մատաղը:

Սրբազանը, իր աւուր պատշաճի քարոզով պարզելէ ետք Թրիփոլիի եկեղեցւոյ շինութեան բոլոր հանգրուանները, դրուատեց հայ ժողովուրդի զոհաբերող եւ շինարար ոգին, որ իր նիւթեղէն տանը առընթեր, կը կառուցանէ նաեւ իր ոգեղէն տունը, աստուածայինը, զայն տարիներ շարունակ կրելէ եւ հասունցնելէ ետք իր հոգիին խորը: Օրհնեց յիշատակը բոլոր «եկեղեցի շինողաց» եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր այն ազգայիններուն եւ մարմիններուն, որոնք նպաստեցին կառուցուելիք եկեղեցւոյ շինութեան աստուածահաճոյ գործին:

Յաւարտ սուրբ պատարագի, սրբազան հօր թելադրութեամբ, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, ազգային մեծ բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի եւ իր գերդաստանի ննջեցեալներու հոգիներուն համար:

Պատարագէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ հիմնօրհնէքի սրբազան արարողութիւն: Մորթուեցան ոչխարներ: Քաղցրահնչիւն շարականներ եւ աղօթքներ կը խորհրդաւորէին մթնոլորտը:

Սրբազան հայրը նախ ջուրով, ապա գինիով լուաց տասնվեց խաչքարեր եւ շղարշներով փաթթուած` յանձնեց տասնվեց կնքահայրերուն, պարոնայք` Վաղարշակ Խաշխաշեանին, Գրիգոր Թահմազեանին, տոքթ. Խորէն Թերզեանին, Գեղամ Դաւիթեանին, Յովհաննէս Չաղլասեանին, Անդրիկ Գարայեանին, Կարպիս Արծրունիին, Մարկարիոս Գարաճեանին, Տիգրան Կիրակոս Պագալեանին, Պօղոս Նարկիզեանին, Լեւոն Թոքաճեանին, Վարդավառ Խարմանտայեանին, Գրիգոր Չպուգճեանին, Կարապետ Չաքմաքճեանին, Տիգրան Համբարեանին եւ Տիգրան Առաքելեանին: Յետոյ, մասնաւոր շարականներէ եւ աղօթքներէ ետք, ձեռամբ սրբազան հօր, սրբալոյս միւռոնով խաչքարերը օծուելէ ետք հանդիսաւոր կերպով տեղաւորուեցաւ հիմերուն մէջ: «Հայր մեր»ով, հիմնօրհնէքի արարողութիւնը վերջ գտաւ: Սրբազանը, իր խնդակցութիւնը յայտնելէ եւ օրհնութիւնը տալէ ետք ժողովուրդին, առաջնորդուեցաւ նորակառոյց վարժարանը, ուր ի պատիւ իրեն, կնքահայրերուն եւ այլ ազգայիններու, եկեղեցւոյ շինութեան յանձնախումբին կողմէ տրուեցաւ ճաշկերոյթ:

Այդ օրը, ցնծութեան եւ արդար հպարտանքի թուական մը պիտի դառնայ Թրիփոլիի հայութեան համար: Մօտ ատենէն պիտի բարձրանայ եկեղեցին իր հայկական գմբէթը մխրճած երկնքի ջինջ կապոյտին:

«Զգործս ձեռաց մերոց ուղիղ արա ի մեզ, Տէ՛ր»:

ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Նոյն օրը, կիրակի կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի սրահին մէջ շրջանիս Օգնութեան խաչի մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ արծուիկներու երդման արարողութիւն:

Հանդէսը կը հովանաւորէր Լիբանանի հայոց առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան: Կը նախագահէր ընկ. Սիմոն Թերճանեան:

Նախագահի բացման խօսքէն ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Եղան մեներգներ, արտասանութիւններ, չափական մարզանք, հայկական պար եւ քրքջալիր զաւեշտ մը, բոլորն ալ` շատ յաջող:

Հանդէսի վերջաւորութեան կատարուեցաւ 40 արծուիկներու երդման արարողութիւնը:

Լիբանանեան եւ հայկական դրօշակներով զարդարուած սեղանին առջեւ արծուիկները պատուի կեցած` ուխտեցին հաւատարիմ մնալ իրենց ազգին, հայրենիքին եւ պատկանած միութեան: Նախագահին հրաւէրով սրբազան հայրը բեմ բարձրանալով թանկագին խրատական մը տուաւ արծուիկներուն, թելադրելով, որ ըլլան գիտակից, գործունեայ եւ պարկեշտ հայուհիներ, ապագային օրինակելի մայրեր դառնալու եւ պատիւ բերելու համար հայ ազգին, յաչս օտարներուն:

Ապա օրհնեց զանոնք եւ ընդհանուր խանդավառութեան եւ ծափահարութիւններու մէջ հանդէսը փակուած յայտարարուելով` հեռացաւ սրահէն:

Այս առթիւ ի սրտէ կը շնորհաւորենք Օգնութեան խաչը իր այսքան յաջող ձեռնարկին համար, Պէյրութի արծուիկներու ընդհանուր վարիչ քոյր Սօսի Հապէշեանը, որ իր ժամանակը զոհելով` յաճախ ներկայ գտնուեցաւ փորձերուն, ինչպէս նաեւ շրջանիս արծուիկներու նոր վարիչ, քոյր Լուսին Փիլիպպոսեանը, որ խանդավառութեամբ գործի լծուելով` կրցաւ ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակել:

Share this Article
CATEGORIES