Ամէնուն Ուսուցիչը

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

«Ես վայելքը կը սիրեմ»:
«Ես կիները կը սիրեմ»:
«Ես դրամ կը սիրեմ: Կ՛ուզեմ մեծահարուստ ըլլալ»:

Բարեկամներով նստած` պարապ բաներու մասին կը խօսէինք, փոխանակ աւելի «պարապ» քաղաքականութեան կամ ամերիկացի մարզիկներու մասին խօսելու: Պահ մը ետք` «Ես բարեկամութիւնը, ընկերային կեանքը կը սիրեմ», ըսի շուրջիններուս: Զարմացած նայեցան ինծի: «Եթէ դրամ ունենաս, ընկեր ալ կ՛ունենաս, կին ալ, վայելք ալ»,- պատասխանեց «դրամ սիրողը»:

Չարաչար սխալած էր: Տեղեակ չէր, որ առանց հարուստ ըլլալու մեծահարուստ մըն եմ: Քանի բարեկամներուս թիւը աւելնայ, այնքա՛ն հարստութիւնս կը բազմապատկուի:

Վերջերս հրատարակեցի համեստ գիրք մը, որ շնորհիւ հայ մամուլին արձագանգին` բաւական մեծ ընդունելութիւն գտաւ: Անկեղծօրէն չէի ակնկալեր: Ստացայ բազմաթիւ գովասանական ե-նամակներ եւ հեռաձայներ ծանօթ եւ ոչ ծանօթ անհատներէ, եւ իմ սովորութեանս համաձայն, այդ անձերուն հետ կապ հաստատեցի:Ունեցայ նոր բարեկամներ: Հարստութիւնս բազմապատկեցի:

Անդրանիկ Եագուպեան, Նիւ Եորքէն:

Առաջին հեռաձայնին անծանօթներ ենք, երկրորդ հեռաձայնին լաւ բարեկամներ, երրորդին` մտերիմներ: Զիրար չենք տեսած: Մտերմութիւն հաստատած ենք հեռաձայնային խօսակցութեամբ: Մտերմութիւնը աւելի կը սերտանայ, երբ կը լսեմ, թէ ինքն ալ Ճեմարանական մըն է: Տարբեր սերունդներու կը պատկանինք:Ճեմարանականին համար կարեւոր չէ: Բոլորս մէկ սերունդ ենք, Ճեմարանական սերունդ:

Գործէն տուն վերադարձիս նամակներուս մէջ սովորականէն մեծ ծրարի մը կը հանդիպիմ: Առանց կարդալու ղրկողին անունը` ինքնաբերաբար կը բանամ: Գիրք մըն է: Հայերէն գիրք: Վերջերս ես գիրք չեմ ապսպրած: Կը կարդամ ուղարկողին անունը: Նիւ Եորքի բարեկամէս է: Երկտող մը կայ հետը: «Վերացած` Լիբանանի անցեալի օրերը վերապրեցայ: Դարձեալ կը շնորհաւորեմ քեզ»: Ազդակի յօդուածս կարդացած էր: Խոնաւ աչքերով կը նայիմ ստացած գիրքիս:  «Գէորգ Գանտահարեան` Ամէնուն ուսուցիչը»: Աւելի կը յուզուիմ: Ծանօթ եմ «մայսթրոյին»` իբրեւ խմբավարի, սակայն բնաւ բախտը չեմ ունեցած մօտէն ճանչնալու զինք: Արագ- արագ կը թղթատեմ: «Մայսթրօ» բառը քիչ է: Միայն խմբավար չէ: Ամէնուն ուսուցիչն է: Յարգուած եւ սիրուած` մեծէն, պզտիկէն, աշակերտներէն, դպրեվանքի սաներէն, վեհափառ հայրապետէն եւ վանքի բոլոր կղերականներէն: Ես Գէորգ Գանտահարեանին երաժշտական վաստակին միայն ծանօթ էի մինչեւ օրս: Հապա՞ իր մնացած արժանիքները, որոնք այնքան շատ են: Կուսակցական ղեկավար է, հռետոր է, մանկավարժ է, ես այս բոլորէն տեղեակ չէի: Նիւ Եորքի բարեկամս, որուն հազար շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, առանց զիս մօտէն ճանչնալու` լաւ հասկցեր է, թէ ի՛նչ տեսակ նուէր պէտք էր ղրկէր զիս ուրախացնելու, գիտելիքներու պաշարս աւելցնելու: Գիտցեր է գնահատել արժանաւորները:

Շատ սիրելի «մայսթրօ»` Գէորգ Գանտահարեան, ներող եղիր, որ յետմահու միայն տեղեկացայ քու արժանիքներուդ տակաւին մէկ մասին, շնորհիւ աչքիս առջեւ ունեցած այս գիրքին, որուն վրայ գրուած է` «Գէորգ Գանտահարեան` ամէնուն ուսուցիչը»:

Ննջէ հանգիստ, որովհետեւ դուն ալ առանց հարուստ ըլլալու մեծահարուստ մըն ես:

Լոս Անճելըս 2013

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (2)
  • Պարզ , դիպուկ եւ խորիմաստ։Գրիչդ դալար Պօղոս Շահմելիքեան։

  • Barkev Asadourian 10 years

    Լոյս Մռնջէ Ամենուն Ոսուցիչին անմոռ Հոգիին,
    Խունկ ու Մօմ հարգանք իր Յիշատակին․

  • Disqus ( )