ՏԻԳՐԱՆ ՆՈՒՊԱՐԵԱՆԻ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ. ՄԱՀԱՑԱՒ ԻՐ ՍԻՐԱԾ ՎԱՅՐԻՆ ԵՒ ՊԱՇՏԱԾ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Մահանալն ալ ունի ձեւ եւ ոճ…

Կիրակի, 8 մայիս 2011-ին, ճակատագիրի մէկ անհամ խաղին զոհ գնաց ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբի վեթերան մարզիկներէն Տիգրան Նուպարեան:

Ան մահացաւ իր սիրած մարզախաղը` ֆութպոլը կիրարկած միջոցին` դաշտին վրայ:

Ցաւեցան բոլոր անոնք, որոնք մօտէն ճանչցան Տիգրանը իբրեւ ընկեր, ծանօթ, բարեկամ թէ մարզիկ:

Ցաւեցան նաեւ բոլոր անոնք, որոնք  չէին ճանչցած եղբայր Տիգրանը, որովհետեւ նախկին մարզիկը կը մահանար հոն` Ֆութպոլի դաշտին վրայ, զոր սիրած էր խենթի մը պէս եւ տարիներ քրտինք թափած էր հոն` իր պաշտած դեղին շապիկով եւ Եռագոյն տարազով բարձր պահելով միութեան դրօշն ու պատիւը` իբրեւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի ֆութպոլի խումբի խմբապետ, ապա` երկար տարիներու մարզիչ:

Ֆութպոլի ասպարէզէն հեռանալէ ետք նոյնիսկ մօտիկ մնաց անոր, եւ երբ կը պատրաստուէր քանի մը շաբաթ ետք մասնակցելու ՀՄԸՄ-ի վեթերան ֆութպոլիստներու յատկացուած մրցումին, պատահեցաւ չսպասուածը… Սեւ ճակատագիրը արգելք եղաւ կրկին ֆութպոլի դաշտին մէջ ՀՄԸՄ-ի տարազով մրցելու, եւ մահը չարտօնեց,  որ նուիրեալ եղբայրը այդ երջանկութիւնը ապրի: Ափսոս, հազա՜ր ափսոս…

Տիգրան Նուպարեան  իր կեանքին երիտասարդ տարիները տրամադրեց իր միութեան ֆութպոլի խումբին եւ նոյնիսկ կեանքին վերջին օրը անցուց ՀՄԸՄ-ի նորակերտ դաշտին վրայ: Անոր յիշատակը վառ պիտի մնայ մեր բոլորին մօտ` իբրեւ հեզ ու ազնիւ եղբայր, հաւատարիմ միութենական. ան օրինակ պիտի ըլլայ նորահաս սերունդի մարզիկներուն` իբրեւ տիպար ֆութպոլիստ, որ միայն ու միայն  անաղմուկ աշխատանքով նուիրում եւ ծառայութիւն  ցուցաբերեց  ՀՄԸՄ-ի նկատմամբ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ ԵՂԲԱՅՐ ՄԸ

Share this Article
CATEGORIES