Բնութիւն Եւ Մարդ. Ինչո՞ւ Հրաթռչունը (Ֆլամինկօ) Կը Կանգնի Մէկ Ոտքի Վրայ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԱՆՈՐ ԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԻ ԻՐ ԲՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆԸ: «ՍԱՅԸՆՍՊԼՈԿԶ» ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԻԹԸՆ ՍԻԿԸԼ ԿԸ ՁԳՏԻ ՓՈԽԵԼ ԸՆԹԵՐՑՈՂԻՆ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ` ՊԱՐԶԵԼՈՎ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՇԱԼԻՔ ՄԸ:
«Արդեօք գոյութիւն ունի՞ աւելի գեղեցիկ բան մը, քան` գեղեցիկ, իրապէ՛ս գեղեցիկ հրաթռչուն մը, որ կը թռչի գեղեցիկ մայրամուտի մը խորապատկերին վրայ` գեղեցիկ վարդ մը տանելով իր կտուցին մէջ եւ շատ գեղեցիկ գեղանկար մը` իր ոտքերուն վրայ… երբ հարբած ես:
Ամերիկացի երգիծաբան Ճեք Հենտի
Աշխարհի անասուններուն այլազանութիւնը երկրագունդին հրաշալիքներէն մէկն է: Ծովէն երկիր եւ երկինք բնութեան հրաշալիքները անսպառ են: Անոնց շարքին են հրաթռչունները: Արեւադարձային այս թռչունները ֆիզիքական հիանալի պատկեր մը կը ներկայացնեն իրենց բարակ եւ երկար ոտքերով, իւրայատուկ վարդագոյն գոյնով եւ երկար ու ճկուն վիզով: Սակայն վարուելակերպի դիտանկիւնէն` անոնք առաւելաբար ծանօթ են իրենց արտասովոր կեցուածքով:
Հրաթռչունները սովորաբար կը սնանին երկու ոտքով կանգնելով ջուրին մէջ եւ զայն խառնելով, մինչեւ որ յատակի տիղմը բարձրանայ` իրեն հետ մակերես հանելով ծովային արարածներ: Ապա անոնք իրենց գլուխը կը մխրճեն ջուրին մէջ` փնտռելով լօռ (ալճի), խեցիի պատեան, փոքր ձուկեր, թրթուր եւ ծովային այլ մանր արարածներ: Անոնք սագերուն նման սուզուող թռչուններ չեն: Սակայն, երբ ջուրին մէջ սնունդ չեն փնտռեր, կամ իրենք զիրենք չեն մաքրեր, աշխարհը կը դիտեն մէկ ոտքի վրայ կանգնած:
Դժուար չէ բացատրել հրաթռչուններուն կարգ մը յատկանիշները: Անոնք ունին կենսաբանական եւ վարուելակերպի իւրայատկութիւններ: Անոնց սովորաբար վարդագոյն փետուրները արդիւնք են խեցիի եւ լօռի սնունդին. որքան տկար ըլլայ վարդագոյնի երանգը անոնց մէջ, այնքան աւելի սպիտակ փետուրներ կ՛ունենան անոնք:
Հրաթռչուններուն երկար ոտքերն ու վիզը կը շարժին համապատասխան յաջորդականութեամբ: Զարմանալի չէ, թէ ինչո՛ւ եղափոխութիւնը շեշտաւորած է այս յատկանիշը. որքան երկար ոտքեր եւ վիզ ունենան անոնք, այնքան աւելի կրնան յառաջանալ դէպի խորունկ ջուրեր` սնունդ փնտռելու համար: Երբ ոչ խորունկ ջուրերու մէջ սնունդը հազուագիւտ կը դառնայ, կը գոյատեւեն միայն երկար ոտքով եւ վիզով հրաթռչունները:
Սակայն ի՞նչ է միայն մէկ ոտքի վրայ կանգնելու այս պատմութիւնը: Հրաթռչունները երկար ժամանակ կ՛անցընեն ջուրին մէջ: Երբ ջուրին մէջ են, սակայն սնունդ չեն փնտռեր, կը կանգնին մէկ ոտքի վրայ, այնպէս` ինչպէս պիտի կանգնէին ցամաքի վրայ: Սակայն` ի՞նչ է այս վարուելակերպին առաւելութիւնը:
Պատճառը բնագիտական է եւ հասկնալի` ոեւէ անձի համար, որ ամրան տաք օր մը մխրճուած է աւազանի մը մէջ:
Մարդիկ բոլոր ստնաւորներուն եւ թռչուններուն պէս (ներառեալ` հրաթռչունը), տաքարիւն են, եւ իրենց միջավայրէն աւելի ջերմ է անոնց արիւնը: Երբ տաքարիւն արարած մը կը մխրճուի ջուրին մէջ, անոր մարմինը 25 անգամ աւելի արագ կը կորսնցնէ իր ջերմութիւնը, քան` օդին մէջ: Իսկ ջերմութեան այս կորուստին չափը հաւասար է ջուրին մէջ տուեալ արարածին գրաւած տարածքին:
Այլ խօսքով, երբ անձ մը միայն մէկ ոտքը մինչեւ կրունկ կը մխրճէ ջուրին մէջ, այսինքն` իր մարմնին շուրջ 4 առ հարիւրը, ապա միայն այս համեմատութեամբ ջերմութիւն կը կորսնցնէ անոր մարմինը, որ կը գտնուի օդին մէջ:
Հետեւաբար մէկ ոտքով ջուրին մէջ կանգնած հրաթռչունը շատ աւելի արագ կը կորսնցնէ իր մարմնին ջերմութիւնը, նկատի ունենալով, որ անոր ոտքը մեծ տարածք կը գրաւէ ջուրին մէջ: Անիկա նոյնիսկ կրնայ կորսնցնել իր մարմնին ամբողջ ջերմութիւնը:
Հրաթռչուն մը, որ չի սորվիր մէկ ոտքին վրայ կանգնիլ եւ ժամանակին մեծ մասը երկու ոտքով կը կանգնի ջուրին մէջ, 40-70 առ հարիւր համեմատութեամբ աւելի ջերմութիւն կը սպառէ` բաղդատած այն հրաթռչունին, որ սորված է այս վարուելակերպը:
Կը նշանակէ, թէ մէկ ոտքի վրայ կանգնող հրաթռչունը աւելի շատ կը մնայ ջուրին մէջ, աւելի երկար ժամանակ կ՛ունենայ սնունդ փնտռելու եւ աւելի առիթ կ՛ունենայ յաջողելու, պարզապէս որովհետեւ գիտէ կանգնիլ մէկ ոտքի վրայ: Զարմանալի չէ, թէ ինչո՛ւ այս յատկանիշը սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի մէկ հրաթռչունէն միւսը:
Ասիկա կենսաբանութեան այն հազուադէպ երեւոյթներէն է, որ կարելի է բացատրել սովորական բնագիտութեամբ, եւ մեզի կը պարգեւէ հիանալու հաճոյքը: