ՏԻԿԻՆ (ԶԵՆԱ) ԿՈՒԱՆԹԱՆԱՄՕ
Դուք գիտէք, ես ալ գիտեմ, որ այս բառը` Կուանթանամօ, կը խորհրդանշէ ամերիկեան յատուկ բանտը` Քուպայի մէջ: Խորքին մէջ, այդ վայրը ամերիկեան զինուորական խարիսխ է, որ ներկայիս, 2001¬էն ի վեր, վերածուած է ահաբեկիչներու բանտի: Բանտը բանտ է, թէկուզ եւ ամերիկեան ըլլայ…
Հինէն ի վեր բանտերը վերածուած են ատելութեան, դժբախտութեանց, անարդարութեանց եւ հազար ու մէկ տխուր բաներու: Եթէ վայրերու մեր պատմութենէն պիտի սկսինք, նշանաւոր Արշակաւանը շատ աչքառու բանտ եղած է, թէեւ` քաղաք անունին տակ: Դեռ կար պարսկական Անյուշ բանտը, որուն բնակիչները կը մոռցուէին նոյնիսկ իրենց հարազատներուն կողմէ: Մեր Արշակ Բ. թագաւորը եղած է անոր ակնառու բնակիչներէն մին: Աւելի ուշ, տասնութերորդ դարու վերջերը Ֆրանսական Պասթիլ բանտին հռչակը բերնէ բերան փոխանցուեցաւ, երբ յուլիսեան օր (14) մը, յեղափոխականներու կողմէ յարձակումի ենթարկուեցաւ: Անոր անկումը կը տօնակատարուի ամէն տարուան յուլիսի 14¬ին: Համատարած ուֆորիայի մթնոլորտին մէջ, ոչ իսկ կը յիշուին այդ ահաւոր վայրին մէջ հազարաւոր շղթայուածներուն, չարչարուողներուն, անարդարութեանց զոհ գացածներուն եւ սպաննուածներուն տառապանքները: Կարեւորը երջանկանալն է Պորտոյի գինիներու տարափներուն տակ…
Անկէ ետք շատ նշանաւոր դարձած են, օրինակ, ամերիկեան Ալքաթրազը, ռուսական Սիպերիան, թիֆլիսեան Մետեխը, որ մեր հայ մտաւորականներուն եւ յեղափոխականներուն հանդէպ յատուկ «գուրգուրանք» ցոյց տուած է, գերմանական Աուշուիցն ու այլ վայրեր, որոնք վերածուած են մարդկային սպանդանոցներու: Խորհրդայիններուն օրով Սիպերիան, որպէս աքսորավայր եւ բանտ, ցարականին վրայ լեմոն քամեց, երբ միլիոնաւոր մարդիկ հոն տարուեցան այսահար վարդապետութեան մը տխրահռչակ ղեկավարներուն վախերը փարատելո՜ւ համար:
Ժամանակին Բրիտանիոյ համար Աւստրալիոյ Սիտնի բնակավայրը խորքին մէջ եղած է աքսորավայր: Ոճրագործներ, գողեր, պոռնիկներ հոն կ՛աքսորուէին: Այսօր հսկայ քաղաք է:
Իրաքի Ապու Ղրէյպ բանտին մէջ արձանագրուած ահաւոր տեսարանները դեռ թարմ են. «Ժողովրդավարութեան» եւ «ազատութեան» ամերիկացի տխրահռչակ «ասպետ¬ասպետուհի»ներ լեմոն քամեցին նոյնիսկ Սատտամի դահիճներուն վրայ:
Դամասկոսի Մեզզէի բանտը հռչակաւոր էր, իսկ այսօր վերածուած է հայլայֆ բնակավայրի…
Մեր Լիբանանի Ռումիէի բանտն ալ, հետզհետէ ինքզինք հանրածանօթ դարձնելու վրայ է: Մենք չե՛նք կրնար ուրիշներէ ետ մնալ: Երբ Լիբանանի մէջ հարց չմնայ, Ռումիէի գեղատեսիլ դիրքին վրայ նստած բանտին «յաճախորդները» հարց կը ստեղծեն, անշուշտ` արտաքին ներշնչումով:
Հիմա եթէ քիչ մը ճապաղելու չափ առաջ գացի, պատճառը պարզ է: Ուզեցի ցոյց տալ, որ բանտ ըսուածը ուրիշ աշխարհ է, ահաւոր վայր, ուր մարդիկ պատիժի անուան տակ թէ՛ կ՛անիրաւուին, եւ թէ՛ ալ նորանոր յանցագործութիւններու մէջ մասնագիտութիւն ձեռք կը բերեն: Իսկ հիմա վերադառնանք մեր այսօրուան նիւթին.
Համացանցի վրայ կարդացի հետեւեալ տեղեկութիւնը. սէուտցի կին մը ապահարզան պահանջեր է ամուսինէն, երբ այս վերջինը իր բջիջայինին վրայ կնոջ թիւին դիմաց արձանագրեր է` ԿՈՒԱՆԹԱՆԱՄՕ… Տեսա՞ք, թէ ո՛ւր թաղուած է շան գլուխը: Ես այս տեղեկութիւնը կը փոխանցեմ ամենայն վերապահութեամբ, որովհետեւ համացանց ըսուած հրաշալի բանը մերթ կը վերածուի զեւզեկութեան տարածման միջոցի: Օրինակ, անցեալ օր կարդացի իշխան Ուիլիըմի ապահարզանին մասին, երբ տակաւին ան մեղրալուսնային մթնոլորտի մէջ կ՛ապրի իր հարսին հետ: Սուտով սո՛ւտ:
Հիմա սա սէուտցի այրը ինչո՞ւ ստիպուեր է կնոջ պարգեւել Կուանթանամօ մակդիրը, բնականաբար չենք գիտեր: Կրնանք ենթադրութիւններ ընել միայն:
Երկիր մը, ուր տակաւին կին ըսուածը հազիւ թէ ապրանքի, գոյքի արժէք ունի, հաւատալս չի գար, որ տիկին կամ սըթ «Կուանթանամոն» կարենայ ամուսնալուծում պահանջել:
Եթէ պահանջեր է, վստահաբար արդարացուցիչ պատճառներ ունենալու է: Ի՞նչ ըսել է «շէնքով¬շնորհքով» կին մը արժանանայ մերօրեայ ամէնէն տխրահռչակ բանտի անուանումին: Տխրահռչակ բանտով «պատուըւած» կին մը, ի՞նչ տեսակի կին է արդեօք: Ամուսնոյն վարուելակերպը արդարացնելու փաստաբանութիւնը չեմ կրնար ստանձնել: Անշուշտ որ իր կինը այդքան նուաստացնելու իրաւունք բնաւ չունի, բայց եւ այնպէս…:
Այո՛, բայց եւ այնպէս, խեղճ մարդը ո՞վ գիտէ թէ ի՜նչ¬ի՛նչ ահաւոր կացութեան մատնուած է: Եթէ կինը այլեւս խորհրդանիշը վերածուած է բանտի կամ բանտային կեանքին, ի՞նչ կարելի է ըսել կամ ընել: Եթէ արական սեռի դրախտ` սէուտական թագաւորութեան մէջ այրը կը պարտադրուի այդպիսի քայլի դիմելու, շատ հաւանաբար իրաւունք ունի:
Բազմակնութեան շնորհքը լաւագոյնս վայելող այրերուն երկրին մէջ, չեմ հասկնար, թէ կինը ինչպէ՜ս կը վերածուի բանտի…: Ինչպէս կ՛ըլլայ, որ այրը բանտարկեալի կացութեան մէջ կը դրուի: Այդ ի՞նչ կին է եղեր: Թերեւս պէտք է ենթադրել, որ կինը իր առտնին կեանքի մէջ, իր պահանջներուն սաստկութեամբ, իր բռնատիրական հակումներով եւ վարուելակերպովը, կարողացած է այրը վերածել տեսակ մը բանտարկեալի, կալանաւորի…: Պռաւօ՛: Խեղճ այրը,երբ առանց ճարի մնացեր է, կրցեր է իր վրէժը լուծել այդ միակ բառով` Կուանթանամօ…:
Կրնա՞յ ըլլալ, որ վերոնշեալ երկրին քաղաքական եւ կրօնական իշխանութիւնները որոշ չափով արդարացի են, երբ չեն ուզեր կամ պարզապէս չեն ձգտիր կիներուն արդար իրաւունքները բաշխել: Եթէ առանց իրաւունք վայելելու կին մը կը յաջողի ամուսնոյն կեանքը դժոխքի չափ ահազարհուր բանտի վերածել, ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ երբեք կիները լայն իրաւունքներ վայելելու չափ զարգանան եւ յառաջ երթան:
Աւելի չերկարենք, որովհետեւ որքան խորանանք այս երեւոյթին մէջ, այնքան աւելի անհամութիւն կրնայ ծագիլ: Կը մաղթենք, որ այրեր ուրիշ վայրերու մէջ չստիպուին իրենց կիներուն «շնորհել» այսպիսի սոսկալի մակդիրներ, եւ կիներն ալ` չստիպուին դիմել ապահարզանի…
Մինչ այդ` վա՜յն է եկեր այն ընտանիքին, որուն մայրը տխրահռչակ «բանտ» է, իսկ ամուսինը ինքզինք «բանտարկեալ» կը զգայ: Այս պարագային, բնականաբար, «ահաբեկիչ»ի զգացումով համակուած «բանտարկեալ»…
ՁԻՒՆԱԿԱՆ