Ըստ Իրանեան Աղբիւրներու. Վեցեակի Անդամ Երկիրները Համաձայն Գտնուած Են Իւրանիոմի Ցած Մակարդակով Հարստացման

Իրանեան աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի հինգ անդամներէն ու Գերմանիայէն կազմուած Վեցեակը անցեալ շաբաթ Ժընեւի մէջ Իրանի հետ բանակցութեանց ընթացքին Թեհրանի կողմէ իւրանիոմի ցած մակարդակով հարստացման համաձայն գտնուած են: «Այս կը նշանակէ, թէ Արեւմուտքը կը ճանչնայ հիւլէական ամբողջական ծրագիր, ներառեալ իւրանիոմի հարստացման աշխատանք ունենալու անոր (Իրանի) իրաւունքը, ինչ որ այն նպատակն է, որուն սկիզբէն ի վեր Իրան կը պնդէր, որովհետեւ իր շահերը կ՛իրականացնէ»:

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը հաղորդեց, որ Վեցեակը Իսրայէլը տեղեակ պահած են Ժընեւի մէջ նախորդ շաբաթ տեղի ունեցած բանակցութեանց մանրամասնութիւններէն: Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը օրաթերթին յայտնած է, որ` «իրանեան առաջարկը բազմաթիւ հարցականներ կը ստեղծէ»: Ըստ առաջարկին, «իւրանիոմի հարստացման համեմատութիւնը նուազեցնելու պատրաստակամութիւն կայ եւ կարելի է քննարկել հարցեր, զորս Իրան նախապէս մերժած էր քննարկումի առարկայ դարձնել»:

Ըստ օրաթերթին, իրանցիները պատրաստակամութիւն յայտնած են իւրանիոմը 20 առ հարիւրով հարստացնելէ դադրելու եւ այդ համեմատութեամբ արդէն իսկ հարստացուած իւրանիոմները Թեհրանի մէջ գիտական հետազօտութեանց հնոցներու վառելանիւթի վերածելու. աւելի՛ն. պատրաստակամութիւն յայտնած են իւրանիոմը 5 առ հարիւրով հարստացման քանակը քննարկելու, ինչպէս նաեւ «Արաք» եւ «Պորտու» հարստացման կայաններու ապագան քննարկելու, սակայն զանոնք փակելը կտրուկ կերպով մերժած են:

Բանակցութեանց մանրամասնութեան ծանօթացած իսրայէլացի պաշտօնատարը նշած է, որ իրանցիները արձանագրութիւն մը ստորագրելու գաղափարը չեն մերժած: Անոնք նաեւ ամբողջովին դէմ չեն ստորագրման հիւլէական զէնքի տարածման արգիլման Ժընեւի համաձայնագիրին, որ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետաքննիչներուն կ՛արտօնէ անակնկալ կերպով իրանեան հիւլէական կայաններ այցելել:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ իսրայէլեան կառավարութեան շաբաթական նիստին ընթացքին յայտնեց, «Իրանի ներկայ վարչակարգը կանոնաւոր կերպով միջազգային ընտանիքը կ՛ապակողմնորոշէ, եւ պէտք է շարունակել անոր վրայ ճնշումը ու զայն խստացնել, մինչեւ այն ատեն, որ իրանեան խօսքերը գործերու չեն վերածուած»: Ան զգուշացուցած է իրանեան վարչակարգին միջազգային օրինականութիւն տալէ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )