Ազատ Արձակուած Լիբանանցիները Բժշկական Խնամք Կը Ստանան, Իսկ Ապպաս Իպրահիմի Ջանքերուն Նկատմամբ Դրուատիքը Կը Շարունակուի
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի պատուէրով, Ազեզէն ազատ արձակուած եւ շաբաթ երեկոյեան Պէյրութ վերադարձած լիբանանցիները երէկ փոխադրուեցան Սահել հիւանդանոց, ուր ենթարկուեցան բժշկական քննութիւններու եւ ստացան համապատասխան բժշկական խնամք` նկատի ունենալով ամիսներ շարունակ անոնց կրած չարչարանքները եւ ապրած դաժան պայմանները:
«Սահել» հիւանդանոցի տնօրէն Ֆատի Ալլամա շեշտեց, որ այդ քննութիւնները կատարելը մարդկային պարտականութիւններ են` ազատ արձակուած լիբանանցիներուն նկատմամբ:
Քննութիւններուն արդիւնքներուն հիման վրայ ճշդուեցաւ, որ ազատ արձակուած լիբանանցիներէն ոմանք վիրահատումի, իսկ ոմանք հիւանդանոց մնալու եւ բուժուելու կարիք ունին:
Միւս կողմէ, դատախազ Քլոտ Քարամի հրահանգով երէկ ազատ արձակուեցան թուրք օդաչուները առեւանգելու յանցանքով բանտարկուած երեք կասկածելիները:
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ան խնդրեց իր որմազդները բարձրացնող քաղաքացիներէն վերջ տալու այդ երեւոյթին` շեշտելով, որ առեւանգուած լիբանանցիներուն տունդարձը կարելի եղած է ապահովել Լիբանանի ջանքերով:
Նշենք, որ «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ Ապպաս Իպրահիմ հաստատեց, որ առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակումով պիտի չբաւարարուին, այլեւ` բանակցութիւնները պիտի շարունակուին ազատ արձակելու համար նաեւ Պուլոս Եազիժի եւ Եուհաննա Իպրահիմ եպիսկոպոսները:
Պատասխանելով սուրիական բանտերէն կին արգելափակեալներուն ազատ արձակումին մասին հարցումի մը, Ապպաս Իպրահիմ ըսաւ. «Այն, որուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացած էր, մանրամասնութեամբ գործադրուած է»:
Փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել շնորհաւորեց Լիբանանն ու լիբանանցիները` ինը լիբանանցիներուն ազատ արձակումին առիթով:
Ան յոյս յայտնեց, որ առեւանգուած եպիսկոպոսները եւս ազատ արձակուին:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ իր կարգին դրուատեց Ապպաս Իպրահիմի ջանքերը, որոնք արդիւնաւորուեցան առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակումով:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Իպրահիմի բանակցութիւնները բազմիցս խոչընդոտուեցան` ոմանց կողմէ բանակցութիւնները նիւթական շահերու ծառայեցնելու միտումներուն պատճառով:
Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան իր կարգին դրուատեց Ապպաս Իպրահիմի ճիգերը` մաղթելով, որ մօտիկ ապագային կարելի ըլլայ ազատ արձակել նաեւ առեւանգուած եպիսկոպոսները:
Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ Ֆուատ Մախզումի երէկ այցելեց հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի եւ շնորհաւորեց զայն` անոր արձանագրած նուաճումին առիթով, ինչպէս նաեւ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: