Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Շէյխ Ահմետ Ֆահըտ Սապահը

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Ողիմպիականի համաշխարհային համադաշնակցութեան նախագահ եւ Ասիոյ Ողիմպիականի նախագահ շէյխ Ահմետ Ֆահըտ Սապահը, որուն ընկերակցեցան Ողիմպիական այլ պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային:

Հանդիպումէն ետք շէյխ Սապահ յայտնեց, որ Միքաթիի հետ հանդիպումը եղած է դրական: Ան բարձր գնահատեց Լիբանանի կողմէ ցուցաբերուած հասկացողութիւնը եւ մարմնակրթութեան նախարարին կողմէ Ողիմպիական չափանիշները ամբողջացնող օրէնքներու մշակումը:

Շէյխ Սապահ յայտնեց, որ ինք Միքաթիի փոխանցած է Քուէյթի իշխանին եւ վարչապետին ողջոյնները` հաստատելով, որ անոնք յանձնառու կը մնան Լիբանանի հետ Քուէյթի յարաբերութիւններուն պահպանման եւ ամրապնդման:

Միքաթիի այցելեց նաեւ գաղթականութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալաէտտին Թըրրոն. քննարկուեցան նախարարութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ արձանագրուած ապօրինի կառոյցներու թղթածրարը, որուն գծով քաղաքապետարանները եւս անկարող են լուծումներ ապահովելու:

Այս իմաստով հանդիպումին ընթացքին Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելի հետ եւ անկէ խնդրեց քաղաքապետարաններուն ճամբով լուծել այդ հարցերը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )