Պապ Թըպպանէ-Ժապալ Մըհսեն Ճակատը Դարձեալ Կը Բացուի
Երէկ երեկոյեան ուշ ժամերուն Թրիփոլիի Պապ Թըպպանէ եւ Ժապալ Մըհսեն շրջաններուն միջեւ զինեալ բախումները վերսկսան, երբ Ժապալ Մըհսենի բնակիչներ օդը կրակեցին` Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ հարցազրոյցի մը առիթով հրճուանք ցուցաբերելու իբրեւ աքթ:
Զինեալ բախումները հետզհետէ աւելի սաստկացան եւ վերածուեցան, արձակազինութեան, ինչպէս նաեւ ձեռնառումբերու եւ ապա ռումբերու արձակումի:
Զինեալ բախումները պատճառեցին 6 վիրաւորներ:
CATEGORIES Լիբանանեան