Նախագահ Սլէյման Նախագահեց Ապահովական Կառոյցի Պետերուն Նիստին

 

 

 

 

 

 

 

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ընդունեց ընթացիկ կառավարութեան վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցեր:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ նախագահեց ապահովական կառոյցի պետերուն նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ գաղտնի սպասարկութեան եւ տեղեկահաւաքի բաժանմունքին գործունէութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ ապահովական իւրաքանչիւր կառոյցին տրամադրութեան տակ գտնուող տեղեկութիւնները փոխանակելու հեռանկարները` բարելաւելու համար երկրին քաղաքացիական անվտանգութեան մակարդակը:

Նիստէն ետք նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելի հետ:

Քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախագահ Սլէյման դրուատեց Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու առումով ի գործ դրուած ջանքերը:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը, յատկապէս Թրիփոլիի ապահովական կացութիւնն ու զայն կայուն պահելու նպատակով որդեգրուած ապահովական քայլերը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որուն ճիգերը` Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու առումով, բարձր գնահատուեցան նախագահ Սլէյմանի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան բանակցութիւնները շարունակելու եւ առեւանգուած եպիսկոպոսները եւս ազատ արձակելու, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ բանտերուն մէջ գտնուող լիբանանցիներուն թղթածրարին հետեւելու հեռանկարները:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնը փոխարինող գնդապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուսը եւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախագահ գնդապետ Իմատ Օսմանը: Քննարկուեցան երկրին ապահովութիւնն ու քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը պահպանելու համար որդեգրուած ապահովական միջոցառումները: ց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )