«ՀԱՊԿ-ի ՄԷՋ Խաղաղապահ Ուժերը Լեռնային Ղարաբաղ Ուղարկելու Հարց Չէ Քննարկուած» Կ՛ըսէ Պորտիուժա

ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիուժա Մոսկուա-Երեւան-Քիեւ-Ասթանա պատերասփիւռի ճամբով կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ թեէւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան խաղաղապահ ուժերը արդէն կազմաւորուած են ու վերջերս վերապատրաստուած, սակայն անոնք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պիտի չգտնուին:

«Տարածաշրջանի ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու տաք գիծերուն կամ սառեցուած հակամարտութեան տարածքներուն մէջ խաղաղարար ուժերու տեղակայման խնդիր մեզի չէ ներկայացուած եւ չէ քննարկուած», ըսած է ան եւ միաժամանակ նշած, որ ատոր պատճառներէն մէկն ալ թերեւս այն է, որ ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահ ուժերը երկար տարիներու պատմութիւն չունին եւ կազմաւորուած են ընդամէնը վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին:

Նիքոլայ Պորտիուժա այս հարցի ծիրին մէջ` անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին, նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղը յատուկ կարգավիճակ ունի, եւ նման որոշումի որդեգրումը կարելի է միայն երկու պետութիւններու համաձայնութեան պարագային, ինչ որ տակաւին չէ քննարկուած:

ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը` անդրադառնալով նաեւ ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ միացեալ օդուժի ստեղծման հարցին, նշած է, որ արդէն իսկ այդ ուղղութեամբ քայլեր կը կատարուին:

«Ստեղծուելիք կառոյցը ո՛չ միայն փոխադրամիջոցներու խնդիր պիտի լուծէ, այլ նաեւ ռազմական: ՀԱՊԿ-ի ուժային կառոյցները նախատեսուած են գործելու բացառապէս ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու տարածքին մէջ: Մենք մեր առջեւ զանոնք Աֆղանիստան կամ այլ երկիր ղրկելու խնդիր չենք դրած, այդ կառոյցները պիտի գործեն բացառապէս ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու անվտանգութեան հարցերէն մեկնելով», վստահեցուցած է ան:

Ուքրանացի լրագրողներէն մէկը հետաքրքրուած է, թէ արդեօք Ուքրանիոյ` Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի ստորագրումէն ետք ՀԱՊԿ-ի հետ համագործակցութեան ի՞նչ վտանգ կը սպասէ Պորտիուժա պատասխանած է, որ ատիկա բնաւ սպառնալիք չէ:

«Ընկերակցութեան համաձայնագիրի ստորագրումը Ուքրանիոյ որոշումն է, եւ մենք ատիկա իբրեւ մեզի ուղղուած սպառնալիք չենք դիտեր: Ասիկա ակնյայտ բան է, եւ ես նոյնիսկ չեմ ուզեր անդրադառնալ այդ խնդիրին: Սակայն մենք չենք ալ փորձեր Ուքրանիան դէպի ՀԱՊԿ ներքաշել, պարզապէս կ՛ըսենք, որ կան վտանգներ, որոնց դէմ պայքարելու համար փափաքելի պիտի ըլլար, որ ան ՀԱՊԿ-ի մէջ ըլլար», ըսած է ան:

Նիքոլայ Պորտիուժա նշած է, որ Ուքրանիոյ հետ համագործակցութիւնը կը պատկերացնէ որեւէ կարգավիճակով, որովհետեւ շատ են այն խնդիրները, որոնք կը յուզեն ուքրանական հասարակութիւնը` թմրանիւթեր, ապօրինի ներգաղթ: Ըստ անոր, այդ հարցերը կարելի պիտի ըլլայ լուծել միայն միացեալ ուժերով:

«Շատերու կը թուի, որ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի ստորագրման` եւրոպական ուղղութիւն ընտրելուն, կը յաջորդէ ՕԹԱՆ-ի հետ համագործակցութիւնը: Սակայն ՕԹԱՆ-ի հետ բոլոր երկիրները կը համագործակցին, ներառեալ Ռուսիան: Մենք ատիկա սպառնալիք չենք համարեր, աւելի՛ն մենք է, որ ՕԹԱՆ-ին առաջարկած ենք ՀԱՊԿ-ի հետ համագործակցիլ», ըսած է ան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • Գրիգոր 8 years

    Օտարաերկրյա “խաղաղապահ” ուժերի տեղադրումը` հայկական զինված ուժերը հանելու և հայկական հողերը ազերիներին հանձնելու ծրագրի մասն է

  • Disqus ( )