Կ. Մանոյեան. «Ֆրանսայի Նախագահը Յանձնառու Է Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծի Ընդունման»
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Առաջին լրատուական»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ յանձնառու է Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի որդեգրման գծով` հակառակ որոշ արտայայտութիւններու: Ան նշեց, որ այդ մասին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Եւրոպահայերու միութեան երրորդ համագումարին ընթացքին:
Մանոյեան ընդգծեց, որ համայնքը արդէն այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ կը կատարէ համապատասխան կառոյցներու հետ, որպէսզի բոլորովին անխոցելի օրինագիծ ներկայացուի եւ դարձեալ որդեգրուի, բայց այս անգամ հակասահմանադրական չնկատուի: Ըստ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուին, թէեւ այդ ուղղութեամբ աշխատանք կը տարուի, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ իշխանութեան շարքերուն մէջ բոլորը համաձայն են, որ այդպէս ըլլայ: Մանոյեան աւելցուց, որ ատոր համար տարբեր առիթներով հայ համայնքը կարիք կը զգայ իր մտահոգութիւնները բարձրաձայնելու այս կամ այն պաշտօնեայի ունեցած արտայայտութիւններուն նկատմամբ:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք հակասութիւն չկա՞յ թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններու ջերմացման եւ այսպիսի օրինագիծի որդեգրման միջեւ, Մանոյեան նշեց, որ այդ մտահոգութիւնը միշտ ալ եղած է, սակայն հայ համայնքը առնուազն վստահ է, որ ինք կրնայ աշխատանքը շարունակել եւ յաղթահարել այսպիսի դժուարութիւններ:
Նախապէս նշուած էր, որ Ֆրանսայի հայ համայնքը դժգոհ է թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններու նոր ջերմացումէն: Մտահոգութեան առիթ հանդիսացած է Թուրքիա կատարած այցելութեան ընթացքին Ֆրանսայի արդիւնաբերական վերածնունդի նախարար Առնօ Մոնթեպուրկի կատարած յայտարարութիւնը այն մասին, որ Ֆրանսա կը փափաքի այդ երկրին հետ ստեղծուած անհարկի լարուածութենէն ետք նոր յարաբերութիւններ հաստատել, քանի որ այդ գերլարուած յարաբերութիւնները անհանգստութիւն կը պատճառէին Ֆրանսային: Այս արտայայտութիւնը նպատակ ունի վերջ տալու այն լարուածութեան, որ կը շարունակուի Վալերի Պուայէի կողմէ օրէնսդիրին ներկայացուած օրինագիծին, Ֆրանսայի մէջ Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի նախագիծի քուէարկութենէն ի վեր:
Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու ազգային բիւրոն կը զգուշացնէ, որ ֆրանսական կառավարութիւնը յարաբերութիւններ կը մշակէ պետութեան մը հետ, որ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան հեղինակն է, սակայն նաեւ յոյս կը յայտնէ, որ այս յարաբերութիւնները կը նպաստեն Թուրքիոյ` ճիշդ ուղիին վրայ կանգնելու, արդարութեան ճամբան ընտրելու եւ ոչ թէ կ՛ուղղուին Ֆրանսայի մէջ մարդկային իրաւունքներու եւ բարոյական արժէքներուն դէմ: