Եւրոպայի Խորհուրդի Գլխաւոր Քարտուղարը Տեսակցեցաւ Նախագահ Սարգսեանի Հետ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիորն Եակլընտը, որ Հայաստան ժամանեց Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէին մէջ Հայաստանի նախագահութեան հանգամանքին բերումով 21-22 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցող «Պայքար` Եւրոպայի մէջ խտրականութեան, այլատեացութեան, անհանդուրժողականութեան դէմ» խորագիրով բարձր մակարդակի խորհրդաժողովին մասնակցելու նպատակով:

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը յայտնեց, որ ընդգծելով Եւրոպական խորհուրդի դերակատարութիւնը համամարդկային արժէքներու տարածման գործին մէջ` Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատեց խորհրդաժողովի կայացումը Երեւանի մէջ եւ Եակլընտի մասնակցութիւնը նշեալ նախաձեռնութեան: Նախագահը երեւանեան խորհրդաժողովը նկատեց Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէին մէջ Հայաստանի նախագահութեան առանցքային նախաձեռնութիւններէն մէկը:

Հայաստանի նախագահը յոյս յայտնեց, որ Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէին մէջ Հայաստանի նախագահութիւնը նպաստէ Եւրոպական խորհուրդի գործունէութեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին երեւանեան խորհրդաժողովին, ինչպէս նաեւ նախարարներու խորհուրդին մէջ Հայաստանի նախագահութեան մնայուն կերպով աջակցելուն համար:

Եւրոպական խորհուրդի քարտուղարը նշեց, որ երեւանեան խորհրդաժողովի թեման իրեն համար չափազանց կարեւոր եւ առաջնային նշանակութիւն ունի եւ յոյս յայտնեց, որ ժողովը արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ: Ան շնորհաւորեց Հայաստանի նախագահը` Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէին մէջ Հայաստանի յաջող նախագահութեան առիթով: Թորպիորն Եակլընտ կարեւոր նկատեց նաեւ Եւրոպական խորհուրդի երեւանեան գրասենեակին աշխատանքը:

Հանդիպման ընթացքին նախագահը վերահաստատեց Հայաստանի յանձնառութիւնը` շարունակելու եւ աւելի եւս խորացնելու մարդկային իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան եւ իրաւունքի գերակայութեան սկզբունքներու հիման վրայ Հայաստանի եւ հասարակութեան արդիականացման ուղղուած բարեփոխումներու հոլովոյթը:

Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնեց, որ Եւրոպական խորհուրդը, մասնաւորաբար` Վենետիկի յանձնախումբը իր աջակցութիւնը պիտի բերէ Հայաստանի Սահմանադրութեան բարեփոխումներու հոլովոյթին:

Հայաստանի նախագահը եւ Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը զրուցեցին Եւրոպական խորհուրդի օրակարգին, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան զարգացման, շրջանային խնդիրներուն, Հայաստանի դատական-իրաւական համակարգի բարեփոխումներու ընթացքին եւ երկու կողմերը հետաքրքրող շարք մը այլ հարցերու մասին:

Նոյն օրը արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւս ընդունեց Թորպիորն Եակլընտը, որուն շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարներու կոմիտէին մէջ հայկական նախագահութեան աշխատանքներու համակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերելուն համար: Նալբանդեան նշեց, որ հայկական նախագահութեան ընթացքին կարեւոր այցելութիւններ եւ տասնեակէ մը աւելի նախաձեռնութիւններ պիտի կատարուին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )