Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ձեր զաւակները կամ երեխաները իրաւունք ունին ձեզմէ պահանջելու, ինչ բանի որ կարիքը ունին: Հասկցէք անոնց միտքը` յիշելով ձեր մանկութիւնը:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Անօգուտ բաներու դրամ մի՛ ծախսէք: Իրարու վրայ կուտակելով նոր ծախսեր` կը վնասէք ձեր պիւտճէին հաւասարակշռութեան: Կրնաք զղջալ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Լաւ գաղափարներ պիտի ունենաք ձեր գործին վերաբերեալ: Հարկ է դադրեցնել մտածելը եւ անցնիլ գործի` ձեր օգտին համար:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Առողջական հարցեր ունիք, ուշադիր եղէք: Ձեր մերձաւորներուն հետ ջանացէք առաջքը առնել նման հարցերու: Մի՛ ծուլանաք: Օրը կրնայ օգնել ձեզի:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Խօսեցէք անվախ, ինչ որ ձեր իրաւունքն է: Ոչ ոք պիտի դատապարտէ ձեզ: Երբ ձեր խիղճը մաքուր է, կրնաք ապահով զգալ, որ ձեր ձայնը լսելի կ՛ըլլայ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Աշխատանքի եւ ձեր պաշտօնին նկատմամբ կասկածներ ունիք, կը կարծէք, որ կը նահանջէք, ինչ որ իրականութեան չի համապատասխաներ: Ինքնավստահ մնացէք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Հեւքոտ վիճակէն դուրս ելէք, ջանացէք մնալ ունկնդիր` ձեր հարցերը կարգադրելու: Հանգիստի պէտք ունիք, մնացէք խաղաղ տեղ մը: Կը շահիք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Վստահութիւն ունեցէք ձեր կարողականութեան, ձեր ուժին: Ինչ որ կարող էք կատարել, ըրէք առանց ուրիշին նայելու, կամ` այլոց խօսքը լսելու:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դժուարութեամբ կ՛ընդունիք կամ չէք ընդունիր քննադատութիւնները:  Եթէ անոնք ձեր օգտին են, հարկ է որ սրբագրէք ձեր թերութիւնները:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Օրուան ձեր պարտականութիւնները կատարեցէք` առանց աճապարանքի: Ձեզ խանգարողներ չկան, հետեւաբար մնացէք առօրեայ պարտականութիւններով:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հետեւեցէք մարզանքի, զոր դադրեցուցած էիք: Այս մարզին մէջ հետեւողական եղէք, որպէսզի օգտուիք: Հսկեցէք ձեր առողջութեան: Լաւ քնացէք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Հոգեր ունիք, ձեր տրամադրութիւնը կը խանգարուի: Ջանացէք լուծում գտնել հարցերուն` առանց տխրութեան կամ յոռետեսութեան: Անցողակի են բոլոր դժուարութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )