Վերընտրուելէ Ետք Ալիեւ Առաջին Անգամ Թուրքիա Պիտի Այցելէ
ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ Պաքուի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ալփեր Ջոշկիւն յայտնած է, որ Ազրպէյճանի վերընտրուած նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր պաշտօնավարման երրորդ նստաշրջանի առաջին արտասահմանեան այցելութիւնը պիտի կատարէ Թուրքիա:
Թուրքիոյ դեսպանը նշած է, որ, ըստ աւանդութեան, Իլհամ Ալիեւ ընտրութենէն ետք առաջին հերթին Թուրքիա պիտի այցելէ: Այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկուին երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր:
CATEGORIES Միջազգային