Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՊԱՅՅԱՏԱՅԻ ծովափէն այսօր գտնուած է Սուատ Մուսթաֆա Քասսապ անունով քաղաքացիի մը դիակը:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն, նախկին նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ Մարատա հոսանքին հետ արձանագրուած տարակարծութիւնները մութ ամպ են, որ արդէն վերացած է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հաստատեց, որ ինք այս հանգրուանին նախագահական ընտրութեան թեկնածու չէ` աւելցնելով նաեւ, որ ինք կը մերժէ հանրապետութեան նախագահութեան պաշտօնին համար Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր.

Միշել Աունի թեկնածութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անուար Խալիլ յոյս յայտնեց, որ առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակումը ըլլայ միջլիբանանեան հաշտութեան առիթ մը:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի կողմէ Քալամունի հաւանական ճակատամարտին մաս կազմելը ապահովական եւ քաղաքական առումով քանդիչ պիտի ըլլայ:

ԱԶԳԱՅԻՆ համախոհութիւն կուսակցութեան նախագահ Պիլալ Թաքիէտտին պահանջեց անձեռնմխելիութենէ զրկել երեսփոխան Օքապ Սաքըրը, որպէսզի դատական իշխանութիւնները կարենան հետապնդել զայն:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը Սուրիոյ հետ սահմանամերձ Քաայէն Արսալ երկարող լիբանանեան լեռնաշղթան կը ռմբակոծէ:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանէն, որ շնորհաւորեց զինք` առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակման առիթով: Շէյխ Քապալան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի եւ Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին, որոնց ջանքերով կարելի եղաւ ազատ արձակել առեւանգուած լիբանանցիները:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժերու ջոկ մը շրջանցեց Այթարունի սահմանային Կապոյտ գիծը եւ մուտք գործեց Լիբանան, ուր ան մնաց որոշ ատեն մը եւ հետեւեցաւ լիբանանեան կողմին շարժումներուն: Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակի եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու շրջուն ջոկատներ իրենց կարգին հետեւեցան իսրայէլացի զինուորներուն շարժումներուն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատուներէն Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ «Տոն Քիշոտ» մըն է: Միւս կողմէ, ան իր խօսքը ուղղելով Հըզպալլային` նշեց, որ ան լաւ պէտք է իմանայ, որ Քուսէյրի ճակատամարտն ու Քալամունի ճակատամարտը տարբեր բաներ են: Ալլուշ հաստատեց, որ Թրիփոլիի մէջ որդեգրուած ապահովական ծրագիրը ծիծաղելի է` աւելցնելով, որ կարելի չէ ապահովութիւն պարտադրել մինչեւ Սուրիոյ վարչակարգին վերացումը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ առեւանգուած լիբանանցիներուն տունդարձը արգիլեց սադրանքները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ յոյս յայտնեց, որ արաբական եւ միջազգային ջանքերը կասեցնեն Սուրիոյ արիւնահեղութիւնը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի մաղթեց, որ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած երկու եպիսկոպոսները եւս ազատ արձակուին:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը յարմարագոյն պահուն պիտի միջամտէ` անիշխանութենէ փրկելու համար հանրապետութեան նախագահութիւնը:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ Լիբանան իր ուժը կը ստանայ իր ժողովուրդին միասնականութենէն, հզօր բանակէն եւ Դիմադրութեան ռահվիրայութենէն:

ՊԱԱՍ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆայեզ Շքըր շեշտեց, որ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը քաղաքական նպատակ կը հետապնդէր եւ անոր աւարտը նոյնպէս քաղաքական բնոյթ ստացաւ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նասեր Քանտիլ յայտնեց, որ լիբանանցիները առեւանգող կողմը 11 միլիոն տոլարի գումար մը ստացած է` ազատ արձակելու համար առեւանգուածները:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ շարժումի նախագահ Նաժահ Ուաքիմ յայտնեց, որ շրջանին մէջ արձանագրուած բոլոր դէպքերուն շրջագիծին մէջ Միացեալ Նահանգներուն նպատակը կը մնայ Իսրայէլը շրջանի հիւսուածքին մաս կազմել տալ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր խստիւ դատապարտեց «պարսկական դաւադրութիւն»-ը, որուն նպատակն է Լիբանանի սիւննիական շրջանները թիրախ դարձնել:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Մարատա հոսանքին հետ իրենց հանդիպումները կը միտին քրիստոնեայ շրջաններուն մէջ դրական մթնոլորտ մը ստեղծել:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի միջեւ զինադադարը երկար պիտի չտեւէ` նկատի ունենալով նախագահական ընտրապայքարը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )