«ՔԱԶԱՆԷՆ ԴՐԱԿԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ ՉԿԱՆ, ԲԱՅՑ ԱՏԻԿԱ ԱԼ ԴՐԱԿԱՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Կիրօ Մանոյեան

ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին նշեց, որ հակառակ անոր, որ միջազգային լրատուամիջոցները յոյս կը ներշնչեն, որ 25 յունիսին Քազանի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին կրնայ որոշ յառաջընթաց արձանագրուիլ, սակայն հայկական կողմը ակնկալիքներ ունենալու հիմք չունի:

Ան նշեց, որ բնականոն բանակցութիւններ վարելու համար հիմնական խոչընդոտը Ազրպէյճանի կեցուածքն է:

Կ. Մանոյեան նշեց, որ կողմերուն վրայ միջազգային հանրութեան ճնշումը զգալի է, սակայն ատիկա հազիւ թէ պարտադրանք դառնայ եւ կողմերու ցանկութիւններուն հակառակ որեւէ որոշում ընդունելու պահանջ ըլլայ: «Միջնորդները կը փորձեն ստեղծել մթնոլորտ մը, թէ ճնշման տակ կողմերը որոշ կէտերու պէտք է համաձայնին, բայց կը կարծեմ, որ Ազրպէյճան իր կեցուածքը պիտի չփոխէ մինչեւ 25 յունիս», շեշտեց Կիրօ Մանոյեան:

Կ. Մանոյեան բացատրեց, որ ազրպէյճանական կողմը կը շարունակէ յայտարարել, որ իրենց համար տագնապի լուծման միակ տարբերակը Արցախին ինքնավարութիւն տալն է` Ազրպէյճանի կազմին մէջ, ինչ որ անհեռանկարային է:

Ինչ կը վերաբերի ազրպէյճանցիներու լաւատեսական յայտարարութիւններուն, թէ բանակցային հոլովոյթին մէջ յառաջընթաց կայ, Կ. Մանոյեան այդ յայտարարութիւնները բացատրեց անով, որ Ազրպէյճան կը ցանկայ ընտրուիլ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ եւ կը փորձէ դրական պատկեր ստեղծել: Իրականութեան մէջ բաժակը կը շարունակէ կիսադատարկ մնալ, սակայն ատիկա կ՛անուանեն «կիսով լեցուն»:

Միւս կողմէ, Ալիեւ իր ելոյթներուն մէջ յայտարարած է, որ Քազանի հանդիպումը վերջին կարելիութիւնն է եւ յղում կատարած է միջազգային իրաւունքին, ըստ որուն` իրենք իրաւունք ունին «իրենց տարածքները ազատագրելու» համար ուժ գործածելու, այսինքն` վերսկսելու պատերազմի:

«Բայց կը կարծեմ, որ Ազրպէյճան պատերազմի պիտի սկսի, եթէ վստահ ըլլայ, որ պիտի յաղթէ: Իսկ մինչեւ այսօր ո՛չ ինք վստահ է անկէ, ո՛չ ալ միջազգային փորձագէտները այդ մասին կը վկայեն: Ճիշդ է, որ իրենք մեծ գումարներ կը ծախսեն ռազմական արհեստագիտութեան վրայ, բայց հիմք չկայ ըսելու, որ իրենք պիտի յաջողին պատերազմը շահիլ», ըսաւ Կ. Մանոյեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ Քազանը ի՞նչ պիտի տայ, արդեօք որեւէ փաստաթուղթ պիտի ստորագրուի՞, Մանոյեան նշեց, որ կարելի է այնտեղ դրական տրամադրութիւններով աւարտին բանակցութիւնները, սակայն իսկական լուրջ տեղաշարժ պիտի չըլլայ:

Սակայն ինքնին դրական պիտի ըլլայ այն հանգամանքը, որ եթէ ներկայիս վիճակը շարունակուի, բանակցութիւնները փակուղիի մէջ չյայտնուին, քանի որ բանակցութիւններու տապալումը կը նշանակէ պատերազմի վերսկսում, ինչ որ ո՛չ Ազրպէյճանի, ո՛չ ալ հայկական կողմի շահերէն կը բխի:

Կ. Մանոյեան նշեց, որ բանակցութիւններու հոլովոյթը երկարատեւութիւն կ՛ենթադրէ. ներկայիս բանակցութիւններու սեղանին վրայ մատրիտեան սկզբունքներն են, որոնք երկու կողմերուն ստորագրումէն ետք անմիջապէս չեն գործադրուիր: Անկէ ետք բանակցութիւնները պիտի շարունակուին այդ սկզբունքներու հիման վրայ` այլ գլխաւոր փաստաթուղթ մը ստեղծելու եւ ստորագրելու շուրջ:

Share this Article
CATEGORIES