Հայ Իրականութեան Մէջ Հայ Կնոջ Նշանակելի Դերը

ԹԱՄԱՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Օրերս լոյս է տեսել սփիւռքում ճանաչուած մտաւորական, գրականագէտ Ազատուհի Սիմոնեան-Գալայճեանի «Հայ կինը եւ մշակոյթը» ժողովածուն: Սոյն հրատարակումով` իր ազգանուէր գործունէութեամբ մեծապէս արժեքաւոր «Շիրակ» հրատարակութիւնը եւս մէկ անգամ հաստատեց իր կարեւոր գործունէութեան ուղղուածութիւնը: Նշելի է նաեւ, որ ժողովածուն լոյս է տեսել Ազատուհի Սիմոնեան-Գալայճեանին նուիրեալ զաւակների հովանաւորութեամբ: Ինչպէս գրուած է գրքի նախաբանում, «այս գիրքը կը բովանդակէ Ազատուհի Սիմոնեան-Գալայճեանի տարիներու ընթացքին գրած յօդուածներն ու ուսումնասիրութիւնները եւ կրթամշակութային համագումարներու զեկոյցները: Գիրքին մէջ արծարծուած են օտարագիր հայ գրողներու եւ օտար հեղինակներու` Ցեղասպանութեան նուիրուած ստեղծագործութիւններուն վերաբերեալ հարցերը: Սեւեռումի տակ առնուած են նաեւ միջազգային արժէքով հայ թէ օտար գրագէտներ եւ հայ կին արժէքներ: «Հայ կինը եւ մշակոյթը» հատորը կը ցոլացնէ հեղինակին մշակութային լայն հետաքրքրութիւնները եւ հայ կնոջ հանդէպ ցուցաբերած ակնածանքը եւ արժեւորումը: Իր գործունէութեան ընթացքին բանաւոր խօսքի եւ գրչի ճամբով ան նաեւ հորիզոններ բացած է հայ իգական սեռին առջեւ»:

Բացառիկ ճշմարտութիւն են գրքի խմբագիր, սոյն նախաբանի հեղինակ Պէպօ Սիմոնեանի այս դիտարկումները: Եւ դրանց ակներեւ հաստատումը ընթերցողը տեսնում է գրքի իւրաքանչիւր բովանդակալից էջում:

Ես անհրաժեշտ եմ գտնում աւելացնել նաեւ հետեւեալը. ինչ վերաբերում է մասնաւորապէս հայ կնոջ անուրանալի ու մեծապէս գնահատելի ներկայութեանը մեր ազգային մշակոյթի ասպարէզում, ապա ա՛յս նիւթը շատ վաղուց կարօտ է լուրջ ուսումնասիրութեանը եւ փաստացի, վաւերագրական հենքի վրայ հայ կնոջ մեծարմանը: Քանզի իրապէս, ակներեւ եւ բացառիկ է հին ժամանակներից, միջնադարից ցայսօր հայ մտաւորական կնոջ առկայութիւնը եւ իր դերը հայ մշակոյթում: Եւ այս իսկ առումով Ազատուհի Սիմոնեան-Գալայճեանի «Հին կինը եւ մշակոյթը» ժողովածուն մեծապէս արժէքաւոր է, հետաքրքրական եւ անհրաժեշտ` հայ իրականութեան համար: Հեղինակը ժողովածուում ամփոփել է տարիների ընթացքում հրատարակուած իր յօդուածները, որոնք գրաւելով լայն ընթերցողի ուշադրութիւնը, տպագրուել են Լիբանանի «Ազդակ», «Արարատ», «Զարթօնք», «Խօսնակ», «Երիտասարդ Հայուհի», Ամերիկեան համալսարանի (Լ.Էյ.Եու.), Կանանց հիմնարկի պարբերականներում, Միացեալ Նահանգների «Երիտասարդ Հայաստան», «Նոր Կեանք» թերթերում: Յիշեալ բազմաբովանդակ ժողովածուում միատեղուած են հեղինակի յօդուածները, նուիրուած` հայ ականաւոր դէմքերին, ի թիւս` Ուիլիըմ Սարոյեան, Եղիշէ Չարենց, Յովհաննէս Թումանեան, Արշիլ Կորքի եւ այլ: Անդրադառնալով հայ մշակոյթի տարբեր բնագաւառներին գրականութեանը, գեղանկարչութեանը, քանդակագործութեանը, եւ այլ` Ազատուհի Սիմոնեան-Գալայճեանը այդ իւրաքանչիւր բնագաւառի ուսումնասիրութեան մէջ ցուցաբերում է իր բարձր գիտելիքները եւ իր հոգեմտային նրբազգաց ընկալման տաղանդը: Փաստ, որով առաւելապէս արժեքաւորւում է տուեալ հատորը:

Հեղինակի գիտաուսումնասիրական շրջանակները լայն են եւ բազմաբովանդակ: Յատուկ մասնագիտական ուշադրութեան են արժանի հեղինակի իւրատիպ յօդուածները` Ուիլիըմ Սարոյեանի, Եղիշէ Չարենցի, Յովհաննէս Թումանեանի մասին: Դրանք ի յայտ են բերում որոշակի նորովի շեշտադրումներ եւ հետաքրքրական շերտեր յիշեալ մեծութիւնների թէ՛ ստեղծագործական, թէ՛ մարդկային ներաշխարհը ճանաչելու համար: Յատուկ ուշադրութեան է արժանի նաեւ Ազատուհի Սիմոնեան-Գալայճեանի յոյժ առինքնող գրութիւնը մեր օրերի անուանի քանդակագործ Վարուժան Մարտիրեանի մասին: Հեղինակը խոր ու նրբազգաց դիտարկում է անում. «Վարուժան Մարտիրեանի փայտէ քանդակներու ցուցահանդէսը բանաստեղծութեան ներշնչող մթնոլորտ մը ստեղծած էր: Բանաստեղծութիւն մը, որ փոխանակ օգտագործելու խօսքի լեզուն, դիմած է ծառի կոճղերէն յատուկ կերպով տաշուած, պատրաստուած ու յղկուած փայտին` որպէս միջոց ինքնաարտայայտութեան: Բանաստեղծական արուեստին յատուկ նիւթեր դարձած են Վարուժանի հոգեկան աշխարհի արտայայտութիւնը` սէր, գուրգուրանք, քնքշութիւն, թախիծ, տառապանք, վիշտ, երազ ու թռիչք»:

Ես հիացայ` կարդալով այս տողերը եւ չեմ կարող չաւելացնել իմ կողմից: Ես երիցս այցելել եմ Այնճարում Վարուժան Մարտիրեանի տունը, որը մի սքանչելի, իւրայատուկ պատկերասրահ է, եւ հիացած, զմայլուած եմ այդ տաղանդաւոր, Արարչի կողմից բացառիկ ստեղծագործական, վեհ շնորհով օժտուած քանդակագործով, զտարիւն մտաւորականով` Վարուժան Մարտիրեանով: Այո՛, ճշմարտացի է Ազատուհի Սիմոնեան-Գալայճեանը` Վարուժան Մարտիրեանի ամէն մի փայտէ քանդակը հոգեպարար ու գեղեցիկ բանաստեղծութիւն է:

Ինչպէս նշուած է գրքի նախաբանում, սոյն հատորում զետեղուած են նաեւ Ցեղասպանութեան նիւթն արծարծող եւ որոշ օտար մտաւորականներին, գրագէտներին, մշակութային գործիչներին նուիրուած յօդուածներ: Դրանցից իւրաքանչիւրը, անշուշտ, իր ուրոյն տեղն ու նշանակութիւնն ունի թէ՛ հեղինակին առաւելապէս բազմակողմանիօրէն ճանաչելու, իր բազմաշնորհ ձիրքը գնահատելու, եւ թէ՛ տուեալ նիւթերը ուսումնասիրելու համար: Սակայն, արդ, ես գերիշխող ցանկութիւն ունեմ մասնաւորաբար անդրադառնալու գրքի հեղինակի` Ազատուհի Սիմոնեան-Գալայճեանի «Հայ կինը եւ մշակոյթը» նիւթին: Սա` տուեալ գրքի ամենաուշագրաւ, կարեւոր միտումներից մէկն է, որն արդարացիօրէն խորհրդանշում է հայ կնոջ ներկայանալի դերը ընդհանրապէս հայ իրականութեան, եւ մասնաւորապէս հայ մշակոյթի բնագաւառում տակաւին վաղ պատմական ժամանակներից: «Հայ կինը եւ մշակոյթը», «Հայ կնոջ դերակատարութիւնը ազգային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ` 21-րդ դարու լուսարձակին տակ», «Զապէլ Եսայեանի «Աւերակներու մէջ»-ը» «Սիպիլի հայեացքները կեանքին ու գրական գործերուն ընդմէջէն», «Երիտասարդ Հայուհի»-ի խմբագրապետուհի Սիրան Սեզան», «Տոքթոր-փրոֆեսէօր Բերկրուհի Նաճարեան-Սվաճեան», «Յիշողութեան մէջ արձանագրուած ուսուցչուհիս` տիկին Մաքրուհի Խաչատրեանը», «Հայուհիի տիպար մը` Սիրվարդ Հաննէսեան», «Քրիստոնէական դաստիարակութեան նուիրեալը` Աղաւնի Շնորի Այաշեանի յիշատակին», «Հայ մայրը մարտահրաւէրներու դիմաց», «Հայ կինը փոխուող աշխարհին մը մէջ»` թէ՛ պատմական-մշակութային եւ թէ՛ անձնական-մարդկային առումներով եւ իմաստներով այս խորագրերը կրող յօդուածները ուշագրաւ կերպով ներկայացնում են տարբեր ժամանակաշրջանների հայ կանանց կերպարները` բացայայտելով նրանց մէջ ե՛ւ ազգային, ե՛ւ մարդկային, ե՛ւ կանացի արժանիքները: Առաւելապէս մեծ հետաքրքրութեան արժանի է Ազատուհի Սիմոնեան-Գալայճեանի «Հայ կինը եւ մշակոյթը» յօդուածը, որով նա արդարացիօրէն վերնագրել է իր ամբողջ հատորը` շեշտադրելով հէնց ա՛յդ նիւթի անհրաժեշտութիւնն եւ ուսումնասիրութեան կարեւորութիւնը: Հեղինակը գրում է. «Արդի կնոջ յուսալքող գոյավիճակին դիմաց ակամայ կը տարուինք թերթատելու հայոց պատմութեան էջերը եւ ուսումնասիրելու հայ կնոջ կատարած իրագործումները յատկապէս մշակութային մարզէն ներս: Մեր սրտերը հպարտութեամբ լեցնող դրուագներէն ու դէմքերէն մեզի հասած տուեալները այնքան խօսուն են, որ կը տարուինք բաղդատականը ընել անցեալին հայ կնոջ վայելած բարձր դիրքին, մշակութային բարձրորակ գործունէութեան ու պատրաստութեան եւ արդի կնոջ գոյավիճակին միջեւ: Կ՛արժէ միջազգային կանանց շարժումներուն փոխանցել հայ կնոջ անցեալի իրագործումները, երբ ընդհանրապէս կինը Եւրոպայի թէ այլ երկիրներու մէջ կ՛ապրէր կաշկանդուած ու սահմանափակ կեանք մը` իր տան չորս պատերուն ետին:

Հայ ժողովուրդի մշակութային զարթօնքի շրջանը որպէս, ոսկեդարը, ունեցաւ իր խոր անդրադարձը հայ իգական սեռի զարգացման տեսակէտէն եւս»:

Գիտամշակութային բնագաւառներում հայ կնոջ պատմական դերը ուսումնասիրելուց եւ յաւուր պատշաճի փաստագրականօրէն ներկայացնելուց յետոյ, Ազատուհի Սիմոնեան-Գալայճեանը եզրայանգում է. «Եթէ նախանձախնդիր ենք մեր ազգային գոյութեամբ, պարտաւոր ենք նաեւ մտահոգուիլ մեր մշակոյթի պահպանումով եւ զարգացմամբ: Մեր առօրեայ հոգերէն անդին անցնելով` մեր գիտակցական կեանքին լուրջ մտահոգութիւնը դարձնելու ենք հայ մշակոյթի հարցերը: Հայ կինը ունի իր լուրջ պատասխանատուութիւնը այս ուղղութեամբ, որպէսզի ան դարձնէ ընկերային հաւաքական մեր կեանքի նայուածքը զուարճութենէն, խրախճանքէն ու անցողակի հաճոյքներէն վեր դէպի հայ մշակոյթի մշտնջենական արժէքները, որոնցմով` միայն կրցած ենք տոկալ բազմաթիւ դարեր: Հայուհին իր սեռին վայել արժանապատուութեամբ եւ որպէս արժանաւոր յաջորդը իր նախնիքներուն, պիտի դիմակալէ իրեն վստահուած խոշոր պատասխանատուութիւնը` հայ մշակոյթը յաւերժացնելու սահմանող համազգային ճիգերուն մէջ»:

Խորապէս ճշմարիտ է հեղինակը, հայ ազգը պէտք է նախանձախնդիր լինի տուեալ հարցի մէջ, եւ բնաւ չանտեսելով, չնսեմացնելով արական սեռի մեծագոյն ներդրումը, նրա շարժիչ զօրեղ ուժը հայ մշակոյթի պատմութեան ընթացքում, այդուհանդերձ, մշտապէս յաւուր պատշաճի պէտք է արժեւորել նաեւ հայ կնոջ անուրանալի դերը այդ բնագաւառում, հին ժամանակներից միջեւ այսօր եւ վաղը:

Ազատուհի Սիմոնեան-Գալայճեանը իր հատորում անդրադարձել է նաեւ յոյժ հետաքրքրական, յատուկ ուսումնասիրութեանը մեծապէս արժանի նիւթին, որը վերաբերում է ծնող-զաւակ-թոռնիկ փոխյարաբերութիւններին: Նուրբ, մարդկայնօրէն ջերմագորով, խորաթափանց ուսումնասիրութիւններ են դրանք` համապատասխան գիտական, հոգեմտային եզրայանգումներով: Առանց չափազանցութեան կարելի է ասել, որ «Ծնողի դերը զաւակի ուսումնասիրութեան մէջ», «Ծնողաց եւ չափահաս զաւակներու փոխյարաբերութիւնները», «Մենք եւ մեր թոռնիկները» յօդուածները պարզապէս մի ուշագրաւ առանձին դասագիրք են` տուեալ կարեւորագոյն հարցերի ճանաչման եւ դրանց մէջ առաւել մեծ իմացութիւն ունենալու համար:

Այս ամէնի մասին Ազատուհի Սիմոնեան-Գալայճեանի «Հայ կինը եւ մշակոյթը» խորագրով նորընծայ հատորը, որն իր բազմաբովանդակութեամբ եւ բոլոր նիւթերի բարձրորակ, խորագիտակ ուսումնասիրութեամբ, արժէքաւոր եւ մեծապէս ողջունելի ներդրում է հայ իրականութեան մշակութային աննահանջ ընթացքում:

 ԹԱՄԱՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Արուեստագիտութեան դոկտոր

Երեւան – Պէյրութ

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )