«Մայատին» Պատկերասփիւռի Կայանէն Հարցազրոյց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ
Կիրակի, 27 հոկտեմբեր 2013-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 9:00-ին «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանէն պիտի սփռուի արաբերէն լեզուով հարցազրոյց մը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ` Հայոց ցեղասպանութեան մասին:
Հարցազրոյցին առաջին կրկնութիւնը կարելի է դիտել երկուշաբթի` կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, իսկ երկրորդ կրկնութիւնը` երեքշաբթի երեկոյեան ժամը 9:00-ին:
«Մայատին» հեռատեսիլի արբանեակային կայանին կողքին, հարցազրոյցին կարելի է ուղղակիօրէն հետեւիլ նաեւ համացանցի վրայ` կայանի կայքէջէն http://www.almayadeen.net/live, ինչպէս նաեւ կայանին դիմատետրի էջէն http://www.facebook.com/almayadeen.tv
CATEGORIES Գաղութային