Հնդկաստանի Մէջ Հնագէտները Յայտնաբերած Են Հին Գանձի Մը Մնացորդները

«Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ Հնդկաստանի հնագէտներու յատուկ արշաւախումբը յայտնաբերած է մնացորդները հին գանձի մը, որուն գտնուած վայրը երազի մը շնորհիւ բացայայտած էր իմաստունի մը (եոկի): Այդտեղ պէտք էր գտնուէին հազար թոն կշռող թանկարժէք քարեր, որոնց արժէքը կրնար հասնիլ երեսուն միլիառ սթերլինկի:

«Պի. Պի. Սի.» հաղորդած էր, որ հնդկական իշխանութիւնները աշխուժ կերպով կը պատրաստուին որոնման աշխատանքներուն` հազար թոն ոսկիին, որուն գտնուած վայրը երազին մէջ տեսած է երկրի ամէնէն յարգուած իմաստուններէն մէկը:

Յայտնի իմաստուն Շոհպան Սարքար երազին մէջ տեսած էր հազար թոն ոսկի, որ պահուած է ամրոցներէն մէկուն աւերակներուն մէջ: Իշխանութիւններու ներկայացուցիչները Ութար-Փրատեշ նահանգի հիւսիսը գտնուող Տաունտիա Քհերա գիւղի տարածքին մէջ կազմակերպած էին հնագիտական մեծ պեղումներ:

Ըստ Շոպհան Սարքարի տեսիլքին, ոսկին պատկանած է 19-րդ դարու Ռաֆայ Ռաօ Ռամ Պուհ Սինկհին: Վերջինս իմաստունին երազին մէջ յայտնուած է եւ յայտնած ամրոցին մէջ պահուած ոսկիներու մասին:

Ըստ պատմութեան, Ռաճայ 1858-ին մահապատիժի ենթարկուած է` բրիտանական գաղութատիրական իշխանութիւններուն դէմ ապստամբութեան համար:

Ութար-Փրատեշ Հիւսիսային Հնդկաստանի ամէնէն աղքատ նահանգներէն մէկն է եւ կը գտնուի Նեփալի սահմանին մօտ: Բնակչութեան թիւը շուրջ 200 միլիոն է, ինչ որ աղքատութեան ու ժողովրդագրական խնդիրներու պատճառ կը դառնայ:

Տաունտիա Քհերա գիւղի բնակիչները, որոնք մինչեւ օրս ելեկտրականութիւն չունին, կը պատմեն, որ գանձին մասին առասպելը կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ, սակայն զայն գտնելու փորձերը նախապէս անյաջողութեամբ աւարտած են:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )