Ուաշինկթըն Եգիպտոսի Մէջ Որեւէ Խմբաւորման Դէմ Բռնարարքը «Գարշելի» Եւ «Անընդունելի» Կը Նկատէ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարի Հարֆ յայտնեց, որ իր երկիրը կը դատապարտէ «Գահիրէի մէջ եկեղեցւոյ դէմ յարձակումը»` շեշտելով, որ` «կրօնական ազատութեան պաշտպանութիւնը Եգիպտոսի ժողովրդավարական փոխանցման հոլովոյթին մէջ յառաջընթացին մէկ գլխաւոր մասն է»:

Հարֆ նշեց, որ «յստակ է, որ բոլոր բռնարարքները կը դատապարտենք եւ կը ցաւակցինք զոհերու ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ վիրաւորներուն նկատմամբ մեր մտահոգութիւնը կը յայտնենք»:

Ան եգիպտական կառավարութեան կոչ ուղղեց` «այս յարձակումին պատասխանատուները հաշուետուութեան կանչելու»:

«Որեւէ խմբաւորման դէմ բռնարարքը գարշելի է եւ բացարձակապէս անընդունելի», ըսաւ Հարֆ` նշելով, որ «հաւատքը` ազատութիւնը ապրելու, գլխաւոր առանցք մըն է, ինչպէս նաեւ կրօնական ազատութիւնները ժողովրդավարական փոխանցման հոլովոյթին մէջ Եգիպտոսի յառաջընթացին մէկ գլխաւոր մասն է»:

Եգիպտական «Մասրի Եոմ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Ուարրաքի դէպքին շուրջ հետաքննութիւնները ի յայտ բերած են, որ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դէմ յարձակում գործած անձերուն նպատակը եկեղեցի մուտք գործելով կարելի եղածին չափ մեծաթիւ քաղաքացիներ սպաննելն է, սակայն այն ճամբան, որուն վրայ կը գտնուի եկեղեցին եւ մօտակայ սրճարաններուն մէջ բազմաթիւ քաղաքացիներուն ներկայութիւնը խանգարած է անոնց ծրագիրը:

Կիզէյի մէջ ապահովութեան տնօրէնութենէն աղբիւր մը օրաթերթին յայտնած է, որ յարձակումին հեղինակները հաւատադրժողական տարրեր են եւ գործողութիւնը շատ արհեստավարժ կերպով կատարուած է:

Ըստ եգիպտական «Ժումհուրիյա» օրաթերթին, Ուարրաքի մէջ եկեղեցւոյ դէմ յարձակումին հեղինակները շրջանի բնակիչներն են:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )