Անգարա – Պաղտատ Երկկողմանի Յարաբերութիւններու Նոր Էջ Մը

Անգարայի եւ Պաղտատի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու նոր էջ մը բանալու միտումով, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ Պոլսոյ մէջ հանդիպում մը ունեցաւ իրաքցի իր պաշտօնակիցին` Հոշիար Զիպարիի հետ:

Քննարկուեցան Սուրիոյ իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ այդ յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ մը բանալը:

Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին Տաւութօղլու շեշտեց, որ իրենք յանձնառու են Իրաքի հետ լաւ յարաբերութիւնները պահպանելու` շեշտելով, որ իրենք մնայուն կերպով Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծումներ կ՛որոնեն եւ կը մաղթեն, որ զինուորական միջոցներ չօգտագործուին:

Անդրադառնալով Իրաքի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն` Տաւութօղլու յայտնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ տարակարծութիւններ կան բնականաբար, «սակայն այդ տարակարծութիւնները կարելի է երկխօսութեամբ լուծել»:

Իր կարգին, Զիպարի յայտնեց, որ հարկ է Սուրիոյ տագնապին անմիջական լուծում մը գտնել` նկատի ունենալով շրջանին վրայ անոր ունեցած ուղղակի հետեւանքները:

Ան հաստատեց, որ Սուրիոյ տագնապը շրջանին քաղաքացիական անվտանգութիւնը եւս կը խաթարէ:

Զիպարի շեշտեց, որ Թուրքիոյ հետ իրենց յարաբերութիւնները բարելաւելու իմաստով նոր հեռանկարներ քննարկուած են` աւելցնելով, որ համաձայնութիւն գոյացած է փակելու փոխադարձ յարաբերութեան հին էջերը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )