«Սալամի Հրաժարման Պարագային` Ամօ՛թ, Երեսփոխաններուն Եւ Քաղաքական Անձնաւորութիւններուն» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Քաթարէն վերադարձաւ Լիբանան:

Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ կատարած իր յայտարարութիւններուն ընթացքին, Ռայի պատրիարք շեշտեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամի հրաժարման պարագային` ամօ՛թ, երեսփոխաններուն եւ քաղաքական անձնաւորութիւններուն` նկատի ունենալով, որ Սալամ համախոհութեամբ վարչապետ նշանակուեցաւ:

Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ Թամմամ Սալամ չհրաժարի եւ կոչ ուղղեց լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուներուն` վերջ տալու Լիբանանի քանդումին, կազմելու նոր կառավարութիւն մը, ինչպէս նաեւ ընտրելու նոր խորհրդարան մը:

Ռայի պատրիարքը գնահատեց Թրիփոլիի բնակիչներուն համբերութիւնը:

«Մենք բոլորս կը հասկնանք, որ զէնքը գոյութիւն ունի Լիբանանը թշնամիէն պաշտպանելու համար, սակայն ներքին լիբանանեան առումով մենք կը մերժենք Լիբանանի տրուած զէնքի մշակոյթի այս նոր դիմագիծը», ըսաւ Ռայի պատրիարք:

Ռայի պատրիարք շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն լիբանանեան ոեւէ ուժի կողմէ Սուրիոյ տագնապին միջամտութիւնը, որովհետեւ լիբանանցիները զզուած են պատերազմէն:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Քաթարին, որ օժանդակեց Լիբանանին` առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու առումով, ինչպէս նաեւ աւելցուց, որ Տոհայէն խոստումներ ստացած է առեւանգուած եպիսկոպոսներուն ազատ արձակումին առումով:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )