Սալամ. «Պետութիւնն Է Թրիփոլիի Արիւնահեղութիւնը Դադրեցնելու Գլխաւոր Պատասխանատուն»

Վարչապետ Թամմամ Սալամ ցաւ յայտնեց Թրիփոլիի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին եւ արձանագրուած մարդկային վնասներուն համար, զգուշացնելով այս կացութեան հետեւանքներէն:

Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած արիւնահեղութիւնը իր բնակիչներէն կ՛ենթադրէ անձնատուր չըլլալ վայրագութեան եւ ազգային կեցուածք ցուցաբերել` պաշտպանելու համար իրենց քաղաքը:

Սալամ շեշտեց, որ Թրիփոլիի արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու գլխաւոր պատասխանատուն պետութիւնն ու անոր ապահովական կառոյցներն են:

Ան կոչ ուղղեց Թրիփոլիի բնակիչներուն` համախմբուելու բանակին շուրջ, որպէսզի ան կարենայ կատարել իր բարդ պարտականութիւնը:

Վարչապետ Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելի, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաարի հետ` քննարկելու համար Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններն ու ապահովութեան ուժերուն գործադրելիք ապահովական լուրջ ծրագիրները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )