Լիբանանի Քոնկ Ֆու-Ուու-Շու-ի Ֆետերասիոնը Պատուեց Իր Ախոյեանները

Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Փրովենսիայի մէջ (Զուք Մոսպեհ), Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու-շու-ի ֆետերասիոնը պատուեց իր ախոյեանները, որոնք մետալներու տիրացած էին միջազգային մրցաշարքերու կամ ախոյեանութիւններու ընթացքին:

Ներկայ էին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի ներկայացուցիչ Եասեր Ապպուշի, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու-շու-ի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Նասիր, Ժիհատ Սալամէ, ինչպէս նաեւ ակումբներու պատասխանատուներ եւ մարզիկներ:

Ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղար Պասսամ Նոհրա մեծ գովասանքով արտայայտուեցաւ այն չորս մարզիկներուն` Աւետիս Սերոբեանի, Ֆրանսուա Ռասիի, Պահզատ Քարամի եւ Էլիաս Ռեյիսի մասին, որոնք մետալներու տիրացան միջազգային տարբեր մրցաշարքերու ընթացքին:

Յատուկ կերպով սակայն շեշտուեցաւ Աւետիս Սերոբեանի ձեռք ձգած յաջողութիւնը, որ Չինաստանի մէջ տիրացաւ 2 ոսկի մետալի` աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ:

Ան ըսաւ, որ Սերոբեան բարձր պահեց Լիբանանի անունը Չինաստանի մէջ, ուր տեղի ունեցած այս ախոյեանութեան մասնակցեցան աւելի քան չորս հազար մարզիկներ:

Ապա ցուցադրուեցաւ յատուկ տեսերիզ մը Սերոբեանի մասին, ուր ան կը կատարէր իր ցուցադրական մրցումները եւ կը տիրանար մրցանակի:

Աւարտին, Սերոբեան` Ապպուշիի եւ Համմամի կողմէ ստացաւ իր մրցանակը եւ յատուկ վկայագիր մը:

Վկայագիրներ ստացան նաեւ մնացեալ երեք մարզիկներն ալ, իսկ այլ անձեր ստացան տարբեր տեսակի յուշանուէրներ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )