Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարանի Թարգմանչաց Տօնը

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, գեղեցիկ զուգադիպութեամբ, հայ գիրերու գիւտը  կը նշուի վերամուտին: Արդարեւ, Թարգմանչաց տօնը հայկական վարժարան յաճախող աշակերտներուն համար մնայուն յուշարար եւ պատգամ է: Առանց այբուբենի՝ հայ ժողովուրդի գոյատեւումը կը խաթարուի, եւ հայը կրնայ կորսնցնել իր ինքնութիւնը: Այս առումով հայ վարժարանին դերը կը մնայ հրամայական եւ անառարկելի:

Թարգմանչաց տօնը լուսարձակի տակ առնելու եւ ոսկեդարու թարգմանիչները գովերգելու համար Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի տնօրէնութիւնը հայոց լեզուի ուսուցիչներուն հետ համադրաբար  կազմակերպեց իւրայատուկ հանդիսութիւն մը ուրբաթ, 11 հոկտեմբեր 2013-ին, վարժարանի «Բակուր Աղասարգիսեան» սրահին մէջ:

Ձեռնարկը սկսաւ լիբանանեան եւ հայաստանեան քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքը կատարեց հինգերորդ դասարանի աշակերտ Քրիստիան Մարգարեան: Ան նշեց, թէ հայերէնը այսօր 1608 տարեկան է, եւ լեզու մը, երբ գործածութեան մէջ է, կը նշանակէ, որ երիտասարդ լեզու է: Ք. Մարգարեան ներկայացուց թարգմանիչ վարդապետները եւ անոնց գլխաւոր աշխատանքը՝ Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը, որ կոչուեցաւ «Թագուհի թարգմանութեանց»: Ան իր խօսքը եզրափակեց՝ յորդորելով իր դասընկեր-դասընկերուհիները հայերէն խօսիլ, կարդալ ու գրել, թուղթի թէ համակարգիչի վրայ:

Հուսկ, ընթացք առաւ գեղարուեստական յայտագիրը: Վեցերորդ դասարանէն Նայելի Մարգէեան ասմունքեց «Հայ լեզուին» բանաստեղծութիւնը: «Մեր այբուբենը» եւ «հայերէն» բանաստեղծութիւնները ներկայացուցին հինգերորդ դասարանի աշակերտները: Չորրորդ դասարանէն Ճորճ Հասըրճեան եւ Մակի Տեկիրմէնճեան արտասանեցին «Մեր լեզուն»: Երրորդ դասարանէն Սելին Հաննէեան եւ Յովհաննէս Քեհեայեան ներկայացուցին «Մեսրոպ Մաշտոց» արտասանութիւնը: Մեսրոպ Մաշտոցի կեանքի հանգրուանները աշակերտներուն ծանօթացուցին վեցերորդ դասարանէն Ալինա Մելքոնեան եւ Հելենա Թաննուս: Վեցերորդ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին նաեւ հայոց լեզուի մասին հայ եւ օտար բանաստեղծներու կարծիքները: Երկրորդ դասարանը ներկայացուց հայոց լեզուին նուիրուած ասմունք մը, իսկ առաջին դասարանը խանդավառ կերպով ներկայացուց արտասանութիւն մը եւ այբուբենին նուիրուած երգեր:

Ապա կենդանի պատկերի ճամբով Մեսրոպ Մաշտոցի կեանքը եւ գիրերու գիւտը ներկայացուեցաւ աշակերտներուն: Վարժարանի երգչախումբը կատարեց «Ձօն հայ գիրքին» խմբերգը:

Ձեռնարկի աւարտին խօսք առաւ ատենամարզանքի պատասխանատու, հայերէնի ուսուցչուհի Մարիա Նաճարեան-Ինճէեան: Ան գնահատեց գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցող բոլոր աշակերտները: Մ. Ինճէեան խրախուսեց աշակերտները՝ տէր կանգնելու հայոց լեզուին: Ապա բոլոր աշակերտները ուխտեցին միշտ հայերէն խօսիլ, գրել ու կարդալ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )