Դաշնակցականի Խիղճը

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Չի հանդուրժեր անարդարութիւնը ոեւէ մարդ արարածի հանդէպ. իր ապրած շրջանին մէջ, իր համայնքին ու հայրենիքին մէջ:

Չի հանդուրժեր անհաւասարութիւնը` որեւէ հասարակութեան մէջ, իր ապրած միջավայրին մէջ եւ անշուշտ իր համայնքին ու հայրենիքին մէջ:

Չի հանդուրժեր կեղծիքն ու նենգութիւնը` որո՛ւ հանդէպ ալ դրսեւորուին անոնք:

Կը պահանջէ հաւատարմութիւն` գաղափարի ու ընկերներու հանդէպ:

Կը պահանջէ պատասխանատուութեան բարձրագոյն գիտակցութիւն` կազմակերպական թէ անհատական յանձնառութիւնները մինչեւ վերջ կատարելու վճռականութիւն:

Կը պահանջէ մերժում` զուտ անձնական շահադիտական նկատառումներով կեցուածքներ ճշդելու վարքագիծի:

Չ՛ընդունիր կամայականութիւնը, պատեհապաշտութիւնը, անձնապաստանութիւնը, մեծամտութիւնը:

Վերոյիշեալ իւրաքանչիւր նախադասութեան վերջաւորութեան «…եւ մասամբ նորին աւելցնելով» թերեւս կարելի ըլլայ ընդգրկել այն բոլոր չար ու վատ նկարագրային գիծերը, որոնք չեն կրնար ըլլալ դաշնակցական խիղճով առաջնորդուող ոեւէ անձի, առաւել եւս` ոեւէ դաշնակցական շարքայինի համար:

Դաշնակցական դաստիարակութիւնը, իտէալականացնելու գնով` այսպէս կը ներկայացնէ կուսակցութեան հիմնադիր Սիմոն Զաւարեանի կերպարը: Ան, այդ բոլոր յատկանիշներու տիրոջ իրաւունքով, մեր բոլորին առջեւ կը դնէ այդ իտէալականին ձգտելու մարտահրաւէրը:

Գնահատումը, թէ որքանո՛վ իւրաքանչիւրս կը մօտենանք այդ իտէալին` պէտք է տան դաշնակցական շարքայիններու գործին եւ կեցուածքներուն ամէնօրեայ վկաները: Այդ մարդիկ իրաւունք ունին մեզ քննելու ու արժեւորելու` ամէնէն խիստ չափանիշներով:

Գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, այդ գնահատումներու գումարով է, որ կը մարմնաւորուի Դաշնակցութեան հանդէպ ժողովրդային պատկերացումն ու վերաբերումը` մեզ կուսակցութեան առջեւ պարտաւորեցնելով աւելի բծախնդրօրէն, աւելի լրջօրէն տէր կանգնելու խիղճով Դաշնակցականէ մը ակնկալուած վարքին:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )