Քննական Ոսպնեակ.Հայաստանի Քաղաքացիական Հասարակութեան Պայքարները Եւ Ձախակողմեան Գաղափարախօսութիւնը

ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

Ժամանակակից հայոց պատմութեան մէջ քաղաքացիական հասարակութեան մղած պայքարներուն առաջին անգամ կը հանդիպինք 1988-ին սկսած ղարաբաղեան շարժումին ընթացքին, որովհետեւ այդ շարժումը երբեմնի Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին` Խորհրդային Հայաստանին միացումը պահանջելով հանդերձ, նաեւ եւ միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի քաղաքացիներուն մեծ առիթ տուաւ արծարծելու  հարցեր, որոնց վրայ փական դրուած էր խորհրդային ժամանակաշրջանին, օրինակ` ներքին ժողովրդավարացումը, ազգային արժէքներու վերահաստատումը, մայրենի լեզուի դերակատարութեան ընդգծումը, Մեծամօրի հիւլէական կայանին ստեղծած բնապահպանական աղէտի հարցը եւ այլն: Այո՛, խորհրդային վերջին ղեկավար Միխայիլ Կորպաչեւի հրապարակայնութեան քաղաքականութիւնը օգնեց որոշ չափով Հայաստանի մէջ այս հարցերու արծարծման, բայց այս հոլովոյթին հիմնական խթանը հանդիսացաւ հայ ազգային նորագոյն զարթօնքը, որ ազգային խնդիրներու վերհանման զուգահեռ, նաեւ լուսարձակները կեդրոնացուց այդ օրերու ընկերային-տնտեսական առօրէական խնդիրներուն վրայ:

Սակայն ներկայ հասկացողութեամբ «քաղաքացիական հասարակութիւն», «քաղաքացիական շարժումներ», «քաղաքացիական աքթիվիզմ» եզրերը բաւական նոր են հայ քաղաքական եզրաբանութեան մէջ: Մօտաւորապէս մէկ տասնամեակի պատմութիւն ունեցող հասկացողութիւններ են ասոնք եւ հայրենի կեանքին մէջ իրենց դրսեւորումներուն գագաթնակէտին հասան վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին, եւ երբ կը խօսինք «քաղաքացիական հասարակութեան կայացման հոլովոյթ»-ին մասին, կ՛ակնարկենք այս տարիներուն ընթացքին իրենց մասին խօսեցուցած քանի մը շարժումներու, որոնք քիչ թէ շատ յաջող փորձեր էին Հայաստանի դիմագրաւած բազմապիսի հարցերու արծարծման առումով:

Իրականութեան մէջ ի՞նչն էր, որ հիմնական խթան հանդիսացաւ քաղաքացիական  գործուն հասարակութեան մը կայացման անհրաժեշտութեան շեշտադրման: Բնականաբար վերանկախացման առաջին տարիներուն քաղաքացիական հասարակութեան մասին որեւէ խօսք չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ երկիրը անցաւ համակարգափոխութեան ժամանակաշրջանէ մը, որուն ընթացքին վերատեսութեան պէտք էր ենթարկուէին քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական բոլոր կացութաձեւերը, որոնք մինչ այդ առկայ էին: Օրուան իշխանութիւնները համակարգափոխութեան այս հոլովոյթը գործադրեցին վայրագ դրամատիրութեան հասկացողութենէն մեկնելով` սեփականաշնորհման կիրարկուած քաղաքականութեամբ ոչնչացնելով այն հիմքը, որ գոյութիւն ունէր խորհրդային ժամանակաշրջանին եւ զերոյի հասցնելով երկրին արտադրական ներուժը: Բազմաթիւ գործարաններ այդ ժամանակաշրջանին փակուեցան կամ դադրեցան գործելէ պարզապէս: Համակարգափոխութեան այս ընթացքը` զուգահեռ ընթանալով ղարաբաղեան ազատագրական պատերազմի թոհուբոհին հետ, ստեղծեց ընկերային-տնտեսական խոր ճգնաժամ` շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ ի յայտ բերելով առասպելական արագութեամբ հարստացած մարդոց պզտիկ խումբ մը եւ աղքատութեան մէջ տուայտող թշուառներու մեծամասնութիւն մը: Ահա այդ ժամանակահատուածն է, որ ժամանակակից հայոց պատմութեան մէջ դրոշմուած է «մութի ու ցուրտի տարիներ» անունով: Քաղաքական մակարդակի վրայ ալ, անկախութեան առաջին տարիներու համապետական բոլոր ընտրութիւնները անխտիր, ըլլան անոնք խորհրդարանական թէ նախագահական, զուգակցուեցան ժողովրդավարական արժեչափերու ահաւոր խախտումներով եւ քաղաքական ընդդիմութեան նկատմամբ հալածանքներով: Այս իմաստով ալ իրաւամբ պէտք է արձանագրել, որ անկախ Հայաստանի առաջին եւ վերջին իրապէս ժողովրդավարական ընտրութիւնները 1990-ի Գերագոյն խորհուրդի ընտրութիւններն էին:

1998-ի իշխանափոխութենէն ետք փոխանակ որդեգրելու ներքին բարեկարգման եւ փտածութեան դէմ գործուն պայքարի ընթացքը, տեղի ունեցաւ ճիշդ հակառակը, եւ այս իմաստով ալ Հայաստան պատմական առիթ մը կորսնցուց: Դժբախտաբար այս ժամանակաշրջանին է, որ կատարելագործուեցաւ նախորդ` տէրպետրոսեանական ժամանակաշրջանին իր առաջին քայլերը նետած արատաւոր համակարգը: Քիչ թիւով մարդիկ, որոնք տնտեսական մենաշնորհներ ձեռք ձգած էին, սկսան տիրանալ նաեւ քաղաքական հիմնական լծակներու եւ իրենց խօսքը ունենալ քաղաքական որոշումներուն մէջ` օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններուն մակարդակով, կազմեցին նոր դասակարգ մը` այսպէս կոչուած «մականունաւոր» քաղաքական գործիչներու դասակարգը: Այս «գողական», արատաւոր բարքերով յատկանշուած համակարգը քաղաքական բառամթերքով սկսաւ բնութագրուիլ իբրեւ սակաւապետութիւն (օլիկարխիա) կամ հարստապետութիւն (փլիւթոքրաթիա): Այս ժամանակաշրջանին է նաեւ, որ կատարելագործուեցան ընտրական կեղծիքներու եւ խախտումներու արհեստագիտութիւնները, որոնք քիչ փոփոխութիւններով արդիւնաւէտօրէն կը գործեն մինչեւ օրս: Այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ էր, որ 2004-2005 թուականներուն նորակառոյց Հիւսիսային պողոտայի տարածքին մէջ իշխանութիւնները Կողբացիի, Ամիրեանի եւ Բուզանդի փողոցներէն մօտ 2500 անձ բռնի կերպով դուրս կը դնեն իրենց տուներէն` անոնց տեղ բազմայարկ առեւտրական կեդրոններ կառուցելու համար: Այս իրադարձութիւնը առաջին կայծերէն մէկը եղաւ ժամանակակից իմաստով քաղաքացիական շարժումներու ձեւաւորման եւ սկզբնաւորման:

Քաղաքական մակարդակի վրայ դարձեալ, 2008-ի նախագահական ընտրութիւններէն ետք եւ անոնց իբրեւ արդիւնք իշխանութիւն-հասարակութիւն վստահութեան խախտման պատճառով հետզհետէ աւելի եւս սկսաւ ամրապնդուիլ այն համոզումը, որ ընտրակեղծիքներու տիրող մթնոլորտին մէջ այլեւս բաւական դժուար է ընտրութիւններու միջոցով քաղաքական փոփոխութիւններու մասին մտածելը: Այս երեւոյթին գիտակցեցաւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որ քաղաքացիական շարժումներուն առաջին դրսեւորումներուն հետ մէկտեղ ձեռնարկեց «Քուէն ուժ է» հասարակական նախաձեռնութեան ստեղծման` նպատակ ունենալով ընտրողը տէր դարձնել իր ընտրելու իրաւունքին, հեռու` ընտրակաշառքի բաւական տարածուած մթնոլորտէն:

Փոքրիկ մատնանշում մը եւս 2008-ի նախագահական ընտրութիւններուն յաջորդած իրավիճակին մասին: Ինչպէս յայտնի է, տեղի ունեցան 1 մարտի նշանաւոր դէպքերը, որոնց պատճառով ալ արտակարգ դրութիւն հաստատուեցաւ Երեւանի մէջ: Արտակարգ դրութեան վերացման հետ զուգահեռ, քաղաքացիական դաշտին մէջ սունկի պէս բուսնիլ սկսան բազմաթիւ քաղաքացիական նախաձեռնութիւններ, որոնք գործելով այն ժամանակ տակաւին Համաժողովրդային շարժում անունը կրող ընդդիմադիր համախմբման (հետագային` Հայ ազգային քոնկրես կուսակցութիւններու դաշինք) հովանիին ներքեւ, հիմնական նպատակ ունէին հակաիշխանական ընդյատակեայ գործունէութիւն տանիլ եւ հետապնդել 1 մարտի դէպքերուն իբրեւ հետեւանք բանտարկուած անձերուն դատը: Երեւի քաղաքականապէս ուղղորդուած քաղաքացիական այս նախաձեռնութիւններէն ամէնէն կարեւորը «Հիմա» քաղաքացիական նախաձեռնութիւնն էր:

Սակայն բուն քաղաքացիական նախաձեռնութիւնները կամ շարժումները, որոնք քաղաքական օրակարգէն հեռու կը զբաղին բազմապիսի հարցերու առանձին-առանձին հետապնդումով, քաղաքական որեւէ գունաւորում չունին` քաղաքական ուժի հովանաւորութիւն ընդունելու առումով, եւ ընդհակառակն` կը մերժեն քաղաքական գունաւորում ունենալ` շեշտելով քաղաքականի եւ քաղաքացիականի սահմանազատման անհրաժեշտութիւնը:

Թէեւ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններուն հետապնդած առանձին-առանձին նպատակները հրատապ եւ այժմէական հարցեր են, սակայն այդ կազմակերպութիւններուն կամ նախաձեռնութիւններուն գործունէութիւնը շատ յաճախ կասկածանքով դիտուած է: Պատրաստի ամբաստանութիւն եղած է օտար կազմակերպութիւններու կողմէ դրամաշնորհ ձեռք ձգելու համար անոնց քաղաքական թաքուն թելադրանքները կատարելու մեղադրանքը (այդ ինչ որ կը կոչուի կրանտակերութիւն): Սկիզբէն այսպիսի ամբաստանութիւն ուղղուած է, օրինակի համար, այն կնոջական կազմակերպութիւններուն, որոնք կը պայքարին կիներու նկատմամբ ընտանեկան բռնութեան երեւոյթին դէմ եւ կը հետապնդեն սեռերու միջեւ ամբողջական իրաւահաւասարութեան հարցը: Մանաւանդ վերջին հարցը վերջերս հասարակական շատ մեծ բանավէճ ստեղծեց եւ բուռն հակադարձութիւն, պայմանաւորուած` Սեռերու միջեւ (գենդերային) ամբողջական իրաւահաւասարութեան մասին օրէնքին նախագահին կողմէ ստորագրութեամբ: Այսպէս կոչուած «հայ աւանդական արժէքներու պաշտպան» հակաճառողներ առարկեցին, որ այս օրէնքը կը խախտէ հայ ընտանեկան աւանդական հասկացողութիւնները, ինչպէս նաեւ օրէնքի կարգ մը անյստակ կէտերուն իբրեւ հետեւանք` կը քաջալերէ միասեռականութեան երեւոյթը: Պէտք է նշել նաեւ այստեղ, որ նշեալ բուռն հակադարձութիւններուն հետ շատ յաճախ զուգահեռ կ՛ընթանան խտրական ֆաշական բնոյթի արտայայտութիւններ ոչ միայն ընդհանրապէս կիներուն, այլ նաեւ սեռային փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ: Ասոր վառ ապացոյցն ալ անցեալ տարուան ընթացքին Երեւանի մէջ յայտնի գործիչ Ծոմակ Օկանեսովային պատկանող եւ միասեռականութեան բարեկամ նկատուող DIY գիշերային զբօսավայրի հրկիզումն էր երկու երիտասարդներու կողմէ: Կ՛արժէ այստեղ ծանօթանալ նաեւ կնոջական իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող հասարակական յայտնի կազմակերպութիւններու, որոնց շարքին երեւի ամէնէն աշխուժները «Կանանց ռեսուրսային կենտրոն»-ն (Women’s Resource Center) ու «Կանանց աջակցման կենտրոն»-ն (Women’s support center) են:

Ինչպէս վերը ըսինք արդէն, հայաստանեան ընկերութեան մէջ որոշ կարծիք մը տարածուած է քաղաքացիական շարժումներուն վերաբերեալ, թէ անոնց անդամները դուրսէն դրամաշնորհներով ապրող մարդիկ են, շատ յաճախ այդ դրամաշնորհները հասարակական կազմակերպութիւններուն կը տրուին քաղաքական որոշակի ակնկալութեամբ: Եթէ այս ամբաստանութիւնը ճիշդ է, ասիկա ցոյց կու տայ քաղաքական իմաստով այս շարժումներուն պատեհապաշտական եւ ազատական դիմագիծը, սակայն վերջին երկու տարիներու պայքարները նաեւ ցոյց տուին այս ուղղութեան ճիշդ հակապատկերը, այդ պայքարներուն միջոցով շեշտը դրուեցաւ հանրային օգուտի գաղափարին վրայ, ինչ որ նորութիւն էր քաղաքացիական շարժումը քաղաքականացնելու, աւելի ճիշդը` անոր քաղաքական նոր երանգ տալու առումով: Այսպէս, ի հակադրութիւն անհատական սեփականութեան գաղափարին, մէջտեղ նետուեցան «հանրային սեփականութիւն», «հանրային տարածք» հասկացողութիւնները, եւ քաղաքացիական ընդհանուր պայքարը ընթացաւ հանրութեան կողմէ տարածքները ազատագրելու հասկացողութեամբ, ինչ որ որոշ չափով ազդեցութիւնն էր Եւրոպայի մէջ ծաւալած ընկերային վերջին շարժումներուն եւ Ամերիկայի «Գրաւէ՛»-ի շարժումին: Այս ուղղուածութիւնը մենք յստակօրէն կը տեսնենք, օրինակ, անցեալ տարուան Մաշտոցի պուրակի բնապահպանական պայքարին մէջ, կամ օրինակ` վերջերս Փակ շուկային շուրջ ծաւալած շարժումին մէջ: «Հանրային տարածք»-ի գաղափարը «սեփական տարածք»-ի գաղափարին հետ հակադրելու երեւոյթը, ինչ որ նաեւ գետնին վրայ կը թարգմանուի սակաւապետներու շահերուն հետ հակադրուելու երեւոյթով, ինքնին քաղաքացիական այս տեսակի շարժումին կու տայ ձախակողմեան երանգ:

Այս երանգը չի սահմանափակուիր միայն տարածքներու պաշտպանութեան պայքարով, այլ կ՛անդրանցնի զայն եւ իր մէջ կ՛ընդգրկէ նաեւ վերջին քանի մը տարուան ընթացքին թափ ստացած բնապահպանական շարժումը, որ իր կարգ մը դրսեւորումներուն մէջ կ՛արտացոլէ կանաչ խորունկ դիմադրութեան (տիփ կրին ռեզիսթընս) գաղափարները, որոնք բնապահպանական ընդհանուր սկզբունքներուն կողքին շեշտը կը դնեն նաեւ անդրազգային ընկերութիւններուն դէմ պայքարելու, հակադրամատիրութեան եւ ընկերային արդարութեան սկզբունքներուն վրայ: Այս առնչութեամբ դիպուկ օրինակներ են Հայաստանի մէջ արտասահմանեան ընկերութիւններու կողմէ հանքարդիւնաբերութեան դէմ պայքարը, 2011 թուականի վերջաւորութեան Թռչկանի ջրվէժին պահպանման համար տարուած յաջող պայքարը եւ տակաւին 2007 թուականէն մինչեւ հիմա Թեղուտի անտառի պաշտպանութեան համար շարունակուող պայքարը:

Իրականութեան մէջ ալ, պէտք է ընդգծել, որ հայաստանեան քաղաքացիական շարժումներն ու նախաձեռնութիւնները, առանձին-առանձին առած թէ իբրեւ ընդհանուր երեւոյթ, էապէս ձախակողմեան հարցեր կը հետապնդեն` «հանրային տարածք»-էն սկսած մինչեւ բնապահպանական հարցերը, Երեւանի մէջ գտնուող պատմական նշանակութիւն ունեցող շէնքերու պահպանումը, սեռային իրաւահաւասարութեան համար պայքարը, մինչեւ վերջերս ծաւալած կազի գինի բարձրացման, հանրային ուղեվարձի գինի բարձրացման կամ համալսարաններու վարձավճարներու բարձրացման դէմ պայքարները, որոնք իրենց խորքով ալ ընկերային պայքարներ են: Մեր կարծիքով, հայաստանեան քաղաքական դաշտին մէջ զօրաւոր ձախակողմեան ուժի ի սպառ բացակայութեան պայմաններուն մէջ, այս բացը կու գան գոցելու քաղաքացիական շարժումներու գործիչները, որոնցմէ շատեր կրողներ են ընդհանրապէս ձախակողմեան եւ մասնաւորաբար ընկերվար ժողովրդավարական, կանաչ-ընկերվարական եւ անիշխանական գաղափարներու: Մեր ըսածին համոզելու համար ընթերցողները կրնան այցելել այս բոլոր քաղաքացիական շարժումներուն միջեւ կամուրջի դեր կատարող «Կազմակերպուե՛նք» (organize) կայքէջը (organize-now.am): Սոյն կայքէջը նախաձեռնուած է «Մարդու իրաւունքների եւ ժողովրդավարութեան ինստիտուտ» (ՄԻԺԻ) ոչ կառավարական կազմակերպութեան շրջագիծին մէջ:

Կայքէջի «Մեր մասին» բաժինին մէջ կը կարդանք, որ այս կայքէջին նպատակն է աւելի ազդեցիկ դարձնել քաղաքացիական նախաձեռնութիւններու գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ: «Վերջին տարիներուն գործող քաղաքացիական խումբերը, նախաձեռնութիւններն ու շարժումները որակապէս նոր տիպի հասարակութիւն կը ստեղծեն Հայաստանի մէջ: Ասոնք օրինակներ են, երբ մարդիկ կը ջանան մասնակից դառնալ իրենց վերաբերող որոշումներու կայացման, կազմակերպուիլ եւ գործօն մասնիկ դառնալ հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ: Ի հակադրութիւն երկրին մէջ տիրապետող արժէքներուն եւ սկզբունքներուն` քաղաքացիական այս խումբերուն սկզբունքներն են կամաւոր եւ նիւթական իմաստով անշահախնդիր գործունէութիւնը, որոշումներու կայացման մէջ բոլոր անդամներուն հաւասար եւ արդիւնաւէտ մասնակցութիւնը, բաց եւ հրապարակային աշխատանքը, հաշուետուութիւնը իրենց անդամներուն եւ հասարակութեան», կը նշեն կայքէջի պատասխանատու գործիչները:

Մարդու իրաւունքների եւ ժողովրդավարութեան ինստիտուտը (ՄԻԺԻ), իբրեւ հասարակութեան մէջ քաղաքացիական գիտակցութիւնը ամրապնդելու ձգտող հասարակական կազմակերպութիւն եւ վերոյիշեալ քաղաքացիական  նախաձեռնութիւններէն ամէնէն յայտնին, ընդգծուած ձախակողմեան ուղղուածութեան հետեւող կազմակերպութիւն է: Տակաւին 2007 թուականին կազմակերպութեան հիմնադիր Արմինէ Առաքելեանի կողմէ կազմակերպութեան պարբերաթերթ «Տեսակէտ ՄԻԺԻ»-ի (www.idhr.am) մէջ լոյս տեսած «Ո՞ւր է հայոց ձախը` ճշմարիտ այլընտրանքը» խորագրեալ խմբագրականին մէջ մենք ի միջի այլոց կը կարդանք. «Մեր անհատի ու ազգի այսօրուայ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆՆ է` Քաղաքական մշակոյթի զարգացում ու քաղաքական-քաղաքացիական պայքարի ու ըմբոստացման  անընդհատ ու յարաճուն հետապնդում, քաղաքական-քաղաքացիական կրթութեամբ եւ այդ գիտակցութեան ու մշակոյթի զարգացմամբ:

«Մենք հաւատում ենք ու անյապաղ աշխատում այդ ռազմավարական նպատակի ուղղութեամբ,  յանուն ձախ արժէքների, գաղափարների ու քաղաքականութիւնների մշակման  ու  որդեգրման` իբրեւ կենսական այլընտրանք մեր հայ իրականութեան ու պետութեան վերածննդի ու ճշմարիտ հզօրացման համար: Յանուն մարդկային ու ազգային  գլխաւոր նպատակի` հաւասարութեան, արդարութեան, քաղաքացիական գօտեկցութեան ու համերաշխութեան, ընդհանուրի բարօրութեան` յարգելով լիարժէք անհատականութիւնը (իբրեւ մարդ, ազգ), յանուն պետութեան կանոնաւորող դերի ամրացման` իբրեւ արդար վերաբաշխման ու որակեալ հանրային ծառայութիւնների երաշխաւոր, իբրեւ ազգի, ժողովրդի  քաղաքական, տնտեսական, մշակութային ու ընկերային անվտանգութեան  ապահովող,  յանուն մարդու եւ բնութեան ու տիեզերքի ներդաշնակ համակեցութեան, յանուն համապարփակ մարդկային եւ հայ մշակոյթի  զարգացման:  Անյապաղ մտային գրոհ եւ գործունէութիւն է անհրաժեշտ` հայ մարդուն, հայ հասարակութեանը եւ ժողովրդին այս արժէքների ու գաղափարների շուրջ կրթելու, ինքնակազմակերպելու, զօրաշարժի ենթարկելու համար` միշտ համահունչ լինելով համամարդկային հոգու եւ մտքի մշակոյթի զարգացումներին, յանուն այդ գաղափարների կենսագործման` յարաճուն եւ ուժգին պայքարի ուղով:

«Առանց այլընտրանքի, ճշմարիտ այլընտրանքի` մարդը, հասարակութիւնը, ժողովուրդը, ազգը, պետութիւնը, նաեւ մարդկութիւնը դատապարտուած են ապականման, նեխածութեան, այլասերման եւ քայքայման: Ներկայիս մեր ժողովրդի ու պետութեան համար  ՃՇՄԱՐԻՏ ՈՒՂԻՆ` ձախ, մարդասիրական ու ազգային այլընտրանքի մշակումն ու կայացումն է: Այն է` մեր թթուածինը եւ մեր փրկութեան երաշխիքը»:

Քաղաքացիական հասարակութեան կայացման, ինչպէս նաեւ անոր քաղաքական ձախակողմեան խորք տալու առումով վերջին տարիներուն անգնահատելի աշխատանք կը կատարէ նաեւ «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամը, որուն կազմակերպած վարժանիստերը, սեմինարները, կատարած ուսումնասիրութիւնները մէկական բեմահարթակներ կը հանդիսանան տարբեր մարզերու մէջ այլընտրանքային քաղաքականութիւններ առաջադրելու առումով: Այս ծիրին մէջ մանաւանդ մեծ կարեւորութիւն կը զգենու, օրինակ` այս տարեսկիզբին հիմնադրամին կողմէ «Աքթիվիզմի ուղեցոյց», «Բնապահպանական քաղաքականութեան մշակման առաջարկներ» եւ «Մենաշնորհները Հայաստանում» հետազօտութիւններուն հրատարակութիւնը:

Այս բաւական ընդարձակ ակնարկին մէջ մենք չենք կրնար քիչ մըն ալ չանդրադառնալ նաեւ սփիւռքի դերակատարութեան` հայրենի քաղաքացիական շարժումներու հզօրացման եւ կայացման աշխատանքներուն մէջ: Այստեղ հարց մը կայ, կ՛ուզենք ուշադրութիւնը անոր վրայ սեւեռել: Ինչպէս որ հայրենի հասարակական հոլովոյթներուն մէջ «աքթիվիզմ» եզրը նորութիւն է, եւ այդքան ալ հասարակութիւնը չէ ընտելացած այս բնոյթի հասարակական գործունէութեան, նոյնն է պարագան սփիւռքին: Աւելի՛ն. եթէ Հայաստանի մէջ քաղաքացիական շարժումներու գործունէութեան համար որոշակի ենթահող մը կայ, ապա նոյնը չենք կրնար ըսել սփիւռքի պարագային` այդ ենթահողի առայժմ անտեսանելի ըլլալուն պատճառով, բայց մխիթարականը այն է, որ վերջին տարիներուն Հայաստան հաստատուած բազմաթիւ սփիւռքահայեր որոշակի կերպով աշխուժութիւն կը ցուցաբերեն քաղաքացիական գործընթացներուն մէջ, մասամբ իբրեւ հետեւանք այն բանին, որ անոնք, մանաւանդ արեւմտեան երկիրներէն եկածները, իրենց երկիրներուն մէջ մասնակից եղած են տեղական համայնքներու կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ: Ուշագրաւ է նաեւ վերջին շրջանին մանաւանդ Միացեալ Նահանգներուն մէջ աճող հետաքրքրութիւնը Հայաստանի մէջ յամեցող բնապահպանական աղէտին եւ մանաւանդ Թեղուտի անտառի պաշտպանութեան հարցով: Յայտնի է, օրինակ, որ բնապահպան գործիչ Եղիա Ներսէսեան եւ ուրիշ գործիչներ վերջին շաբաթներուն ընթացքին իրազեկման շրջապտոյտի մը նախաձեռնեցին Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքներուն մէջ եւ հանդիպումներուն ընթացքին ներկայացուցին նաեւ «Հայաստանի կոտրուող ողնաշարը» խորագիրով վաւերագրական ժապաւէնը` բնապահպանական ճգնաժամին մասին: Այս բոլորը կը նպաստեն, որ սփիւռքահայ հանրութիւնը, մանաւանդ արեւմտեան երկիրներուն մէջ, իրազեկ դառնայ Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ իր կարգին փնտռէ ձեւեր ու միջոցներ` քաղաքացիական գործընթացներուն իր դրական մասնակցութիւնը բերելու առումով:

Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան շարժումներուն սփիւռքի մասնակցութեան, այդ շարժումներուն ձախակողմեան դիմագիծը ընդգծելու, հայկական քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ այլ հիմնախնդիրներուն այլընտրանքային մօտեցումներ ձեւակերպելու առումով ցայտուն օրինակ մըն է ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութիւնը եղող «Հայերը եւ ձախը» կամ «Հայերը եւ յառաջդիմական քաղաքականութիւնը» խորագիրով խորհրդաժողովներու շարքը, որ կը կազմակերպուի 2006 թուականէն ի վեր: Այս շարքին Բ. խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ անցեալ տարուան 28-29 սեպտեմբերին` համահովանաւորութեամբ Քոլումպիա համալսարանի Հայկական ընկերակցութեան: Անցեալ տարուան խորհրդաժողովը ամբողջութեամբ նուիրուած էր Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան շարժումներու պայքարներուն: Երկու օրուան տեւողութեան Հայաստանէն, Եւրոպայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Հարաւային Ամերիկայէն եւ Քանատայէն ակադեմականներ, քաղաքական գործիչներ եւ աքթիվիսթներ խօսեցան քաղաքացիական հասարակութիւնը յուզող խնդիրներու լայն շրջանակի մասին: Գաղափար մը տալու համար արծարծուած նիւթերուն մասին` նշենք հետեւեալները միայն. «Գրաւէ»-ի շարժումը, արաբական յեղափոխութիւնները եւ անոնց անդրադարձը Հայաստանի վրայ, իրաւական պետութիւնը, փտածութիւնը եւ ընտրութիւնները, Ընկերային շարժումներու յառաջացումը, ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները եւ նոր ինքնութեամբ քաղաքականութեան ի յայտ գալը, բնապահպանական մարտահրաւէրները եւ սեռային իրաւահաւասարութեան վերաբերող խնդիրները:

Բնականաբար, տակաւին սփիւռքի ներուժը ամբողջութեամբ չէ օգտագործուած Հայաստանի քաղաքացիական շարժումներուն ազդու մասնակցութեան առումով, մասնաւորաբար` քաղաքացիական հասարակութեան դիմագիծը յստակացնելու իմաստով: Ընդհանուր առմամբ, առանց սփիւռքի մասնակցութեան հարցն իսկ քննարկելու, անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի այս բաւականին ոչ յստակ դիմագիծով շարժումներուն ընթացքը բիւրեղացնելու առումով: Վերջ ի վերջոյ որքան ալ փորձ կատարուի տարանջատելու քաղաքացիականը քաղաքականէն, միեւնոյնն է, հասարակութեան մէջ ոչ մէկ երեւոյթ կարելի է անջատել քաղաքական գործընթացներէն: Եւ քաղաքական իմաստով բիւրեղացումի միտումը զգալի է այս շարժումներուն մօտ, դէպի ձախ ուղղուածութիւնն ալ յստակ է: Ուրեմն, մեր անձնական կարծիքով, չի բացառուիր, որ այս շարժումները հիմքը հանդիսանան ապագային գոյանալիք քաղաքական ձախակողմեան կայուն շարժումի մը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )