«Թատրոնը Ամէնօրեայ Քննութեան Տեղ Է» Կ՛ըսէ Սօս Սարգսեան

Փետրուար 1994-ին Պէյրութ այցելեցին եւ երկու շաբթուան ընթացքին լիբանանահայ հանդիսատեսը հմայեցին Հայաստանի Համազգայինի թատրոնը` գլխաւորութեամբ վաստակաշատ արուեստագէտ Սօս Սարգսեանի:

Մեծ վարպետին եւ հայկական իրականութեան մէջ իր տեղն ու դրոշմը ունեցող Սօս Սարգսեանի մահուան քառասունքին առիթով ստորեւ կը ներկայացնենք հատուածներ` այդ առիթով եւ այդ օրերուն Սօս Սարգսեանի եւ միւս արուեստագէտներուն հետ կատարուած հարցազրոյցէն (հատուածները առնուած են Սօս Սարգսեանի արտայայտած միտքերէն):

Պատասխանելով «Ազդակ»-ի այն հարցումին, թէ ի՞նչ սկզբունքով կ՛ընդունուին թատերական գործ մը եւ դերակատարները` Սօս Սարգսեան նշած է. «Բնականաբար, նախ նկատի կ՛ունենանք խաղարկութիւնը, տաղանդը, երկրորդը` մարդը, իբրեւ մարդկային էութիւն, պէտք է յարմար ըլլայ մեր թատրոնին: Այսինքն` չունենայ միջին արուեստագէտին յատուկ մարդկային թերութիւնը, որովհետեւ ես թատրոնը կը նկատեմ մէկ ընտանիք, հետեւաբար, թատրոնին մթնոլորտը պէտք է առողջ ըլլայ, ինչպէս ընտանիքին մէջ: Ոչ միայն գեղագիտական եւ համախոհութեան իմաստով, այլ նաեւ զուտ մարդկային արժանիքներով: Դերասան` որ չի պղտորեր մթնոլորտը, չի ստեղծեր հարցեր: Մենք ամբողջ 70 տարի ապրած ենք խորհրդային պայմաններուն մէջ եւ ոչ մէկ ատեն մեր կարծիքը առած են, թէ որո՞ւն հետ կ՛ուզենք աշխատիլ: Տնօրէնը յարմար կը գտնէ եւ դուն ստիպուած ես աշխատիլ ոեւէ մէկուն հետ: Յաճախ այդ աշխատանքը մեզի համար պատիժ եղած է…:

Մեր նպատակը այն է, որ մեր գործակիցները թատրոն գան հաճոյքով, ցանկութեամբ, գոհունակութեամբ աշխատին: Այս պատճառով ալ մենք հրաժարեցանք շատ մը դերասաններէ, որոնք, նկատեցինք, թէ կրնան խանգարել մթնոլորտը եւ աշխատանքը»:

«Ազդակ»-ի թղթակիցը հարցուցած է, որ շարժապատկերը արդեօք աւելի՞ հռչակ կը բերէ դերասանին, մինչդեռ թատրոնը զայն հանդիսատեսին հետ կապի մէջ դնելու առաւելութեան կողքին ձեւով մը ապերախտ կրնա՞յ ըլլալ: Ս. Սարգսեան ըսած է. «Հարցը դնենք այսպէս. պէտք է ըսել, որ առանց թատրոնին, դերասան չի ծնիր: Դերասանը իր վարպետութիւնը եւ կարողութիւնները միայն թատրոնի մէջ կը յղկէ: Թատրոնն է, որ ծնունդ կու տայ շարժապատկերի դերասանին: Շարժապատկերը ժամանակ չունի քու վարպետութեամբ զբաղելու: Ան «պատրաստի ապրանք» կ՛ուզէ: Բայց ոեւէ դերասան մեծ դերասան չի կրնար դառնալ առանց թատրոնի: Հանդիսատեսին հետ ուղղակի շփումն է, որ կը յղկէ դերասանը:

Թատրոնը ապերախտ չէ. թատրոնը դաժան է: Ամէն օր ստիպուած ես քննութիւն անցընել: Ժապաւէնին մէջ կը նկարահանուիս, աշխատանքը կ՛ամբողջանայ, յետոյ, ալ ոչինչ կրնաս ընել. ժապաւէնը կ՛երթայ ու կ՛ապրի. ասիկա մեծ առաւելութիւն մըն է: Թատրոնը ամէնօրեայ քննութեան տեղ է: Ամէն օր ստիպուած ես դուն քեզ պահել զգաստ, մակարդակի վրայ: Օրինակ, Կարէն Ճանիբէկեանը մեր ներկայացման առաջին օրը իսկապէս կը դողար եւ կ՛ըսէր. «Այս ի՜նչ կեանք է…»: Ըսի. «թատրոնի դերասանին կեանքը այս է. ամէն օր պէտք է դողաս, յուզուիս: Ուրիշ ճար չկայ: Բայց դերասանութիւնը շատ քաղցր գործ է, երբ ամէն օր կրնաս լաւագոյնդ տալ»:

Ինչպէ՞ս կը կատարէք ձեր խաղացանկի ընտրութիւնը հարցումին ի պատասխան Ս. Սարգսեան նշած է. «Փիէսի ընտրութիւնը կը կատարենք երկար աշխատանքէ եւ մանրամասն քննարկումէ ետք: Ընտրութիւնը կ՛ընենք վախնալով եւ ծայր աստիճան հոգածութեամբ, որովհետեւ գիտենք, թէ Երեւանի մէջ մեր ներկայութիւնը ի՛նչ նշանակութիւն ունի: Գիտէք. Երեւանի մէջ մարդիկ կան, որ թէեւ թատրոն չեն եկած, բայց երբ մեզ փողոցը կը տեսնեն, կը շնորհաւորեն, որովհետեւ թատրոնը կայ ու կը գոյատեւէ:

Թատրոնը մեր հասարակական կեանքին մէջ մեծ դեր ունի. պէտք է ունկնդրել, թէ ինչ տեղի կ՛ունենայ հասարակութեան մէջ եւ ճշդել, թէ ինչն է պակսողը, ինչի՞ մասին կ՛արժէ խօսիլ: Կ՛ընտրենք գործեր, որոնք կը խօսին, օրինակ` բարութեան մասին, փոխզիջողութեան մասին. «եւ թող զպարտիս մեր, որպէս եւ մենք թողունք մերոց պարտապանաց…», հանդուրժողութեան մասին: Որովհետեւ Հայաստանի մէջ, պահ մը կացութիւնը դարձաւ ճանկըլներու (անտառներու) մթնոլորտ: Մենք խնդիր ունինք եւ մարդիկ շնորհակալ են, որ մեր բեմէն կը ծորի բարութիւնը, մարդկայնութիւնը:

Դեր ստանձնելու եւ ճշդուած տիպարին մօտ մեր միջավայրին մէջ տիպարներ փնտռելու, անոր շարժումները ուսումնասիրելու վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով` Ս. Սարգսեան դիտել տուած է.

«Հարցը դնենք այսպէս. մարդ արարածին մէջ կան շատ մը գիծեր: Կայ խենթութիւն, բարութիւն, ստորնութիւն: Կարեւորը այն է, որ դերասանը պէտք է ինքն իր մէջ փնտռէ իր կերպարին յատկութիւնները եւ զանոնք դուրս բերէ: Հոն է դերասանին մեծութիւնը:

«Այս պատճառով ալ, կարգ մը դերասաններ իրենց ամբողջ կեանքին մէջ դերասան չեն դառնար, որովհետեւ եթէ անոր տաս Եագոյի դերը, ան կ՛ամչնայ ինքն իր մէջ փնտռելու զայն եւ կը սկսի փնտռել, թէ որո՞ւն մէջ կայ: Եւ ամչնալով` կը խաղայ անշնորհք»:

Ի՞նչ է հանդիսատեսին դերը: Եթէ պահը կրաւորական ըլլայ կամ դերակատարներուն հետ զգայ, ազդեցութիւն կ՛ունենա՞յ դերակատարին վրայ հարցուցած է «Ազդակ»-ի թղթակիցը:

Ս. Սարգսեան.- Հանդիսատեսը հեղինակ է: Եթէ ան մեզի հետ չ՛աշխատիր, անջատ է, ներկայացում չի ստացուիր:

Մենք Երեւանի մէջ ատենին ունէինք այն հանդիսատեսը, որ կ՛ապրէր մեզի հետ, կը զգար մեզ ու փիէսը: Հարցը այն է, որ հիմա, Երեւանի մէջ, հանդիսատեսները պակսած են: Ան նոյնքան չ՛ապրիր քեզի հետ:

Թատրոնը տխուր բան է: Օրինակ, դերասան մը կը մեռնի բեմին վրայ, բայց հանդիսատեսը կը ծիծաղի, որովհետեւ գիտէ, որ ան իսկապէս չէ մեռած:

Հանդիսատեսը երբ թատրոն կու գայ, նախօրօք պայմանաւորուած է դերասանին հետ, թէ պիտի «խաբուի»: Խաբող դերասանն է վարպետը:

Երբ Փափազեան Երեւան եկած էր «Օթելլօ» խաղալու, հրշէջ մը քանի մը անգամ ներկայ եղած է անոր խաղին եւ այնքան տարուած է, որ խաղին ներկայացումէն ետք, մօտեցած է Փափազեանի եւ ըսած է. «Վարպետ, մի՛ հաւատար, այդ Եագոն կը ստէ, ըսելով, որ Կասիոն թաշկինակը վերցուցած է: Մի՛ սպաններ Տեզտեմոնան»: Փափազեանը «լաւ» կ՛ըսէ ու կ՛անցնի: Յաջորդ օրը, նոյն հրշէջը դարձեալ ներկայ կ՛ըլլայ խաղին եւ երբ կը տեսնէ, որ նոյն բանը կը կատարուի, կ՛ըսէ. «եա՜ ես այս մարդուն ըսի, որ Եագոն սուտ է, ինչո՞ւ դարձեալ սպաննեց»: Երրորդ անգամ, ալ կը զայրանայ, եւ` «եղբայր, ես քեզի չըսի՞, որ սուտ է»…: Այնքա՜ն որ անմիջական եւ բնական ստացուած էր խաղարկութիւնը: Հիմա այս տարուող, խաբուող հանդիսատեսի պակասը կայ»:

Հանդիսատեսը կրնայ տապալել դերասանը եւ փիէսը, որովհետեւ շփում չկայ, հաղորդակցութիւն չկայ:

Ինչպէ՞ս կարելի է սահմանել Սօս Սարգսեանի թատրոնի ըմբռնումը եւ գեղագիտական մօտեցումը. ատիկա ինչո՞վ կը տարբերի այլ արուեստագէտներու մօտեցումէն, հարցուցած է «Ազդակ»-ի թղթակիցը:

Ս. Սարգսեան պատասխանած է: «Իմ թատրոնիս պարագային իւրաքանչիւր դերասան մասնակից է թատրոնին, ի՛նք թատրոն է: Մեր հասկացողութեամբ` թատրոնը հաւաքական անսամպլային է: Բոլորը կարեւոր են. ամենափոքր դերն անգամ կարեւոր է: Մեր մօտ, բոլոր դերակատարները, գլխաւոր թէ երկրորդական, մինչեւ իսկ լուռ կանգնողը կարեւոր է: Մենք Համազգայինի թատրոնը կը կազմակերպենք այնպէս մը, որ անիկա գոյատեւէ երկար, իւրաքանչիւր դերակատար նոյնքան առիթ ունենայ արտայայտելու իր տաղանդը: Հանդիսատեսը թատրոն կու գայ բոլորը տեսնելու եւ ոչ թէ մէկ-երկու դերակատար»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )