Սօս Սարգսեանի Յիշատակին

ՄՈՎՍԷՍ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ

Սիրելի՛ Սօս,
Սիրելի՛ ընկեր,

Սօս Սարգսեան
Լուսանկարը` Գ. Պապեանի

Նստած եմ սպիտակ թուղթի դիմաց ու շուարած, թէ ի՞նչ պիտի գրեմ: Շուարած եմ ո՛չ թէ անոր համար, որ գրելիք չունիմ, ընդհակառակն. կան այնքան շատ յիշատակներ, զորս եթէ թուղթին յանձնեմ, վստահ եղիր, որ վէպի սահմաններն ալ կ՛անցնին: Սակայն ես որոշած եմ գրել այն Սօս Սարգսեանի մասին, որ մնացած է լուսանցքի վրայ: Վերջերս լրատուամիջոցները (ըլլայ հայրենի թէ սփիւռքի) ողողուած են ստեղծագործական կեանքիդ նուիրուած հաղորդումներով ու յօդուածներով: Կը խօսին, կը գրեն, կը գնահատեն, վերլուծումներ կ՛ընեն, յուշեր կը պատմեն, չեն վիճիր ու քեզ կ՛անուանեն թատրոնի նահապետ: Անշո՛ւշտ անուրանալի է  քու ունեցած համահայկական ժողովրդականութիւնն ու հայ ազգային թատրոնի եւ ֆիլմարուեստի նահապետը ըլլալու հանգամանքը:

Սակայն, «Դուն էն գլխէն» նահապետ ըլլալէ առաջ իսկ, էի՛ր նաեւ «Ձորի Միրօ»` զինուորագրուած հայ ֆետայի…

Ճիշդ է, որ երկրպագուներդ քեզ կը ճանչնան նաեւ իբրեւ հայրենասէր մարդ, սակայն այդ հայրենասիրութիւնը կը կապեն մէկ կողմէ հայրենասիրական կերպարներ կերտելու բացառիկ տաղանդիդ եւ միւս կողմէ Արցախեան գոյապայքարին գործնապէս մասնակցած ըլլալու իրողութեան: Բայց քիչեր, շատ քիչեր միայն կրնան տեղեակ ըլլալ, որ դուն Հայաստանի ձմրան խստաշունչ գիշեր մը, ոչ այնքան վստահելի ինքնաշարժով մը հասար մինչեւ Անտոն Քոչինեանի Ծաղկաձորն հանգստավայրը, պարզապէս անոր ըսելու համար, որ ինք պատասխանատու է պատմութեան առջեւ ու պարտաւոր է Զանգեզուրի գիւղացիներուն համար ստեղծել այնպիսի «պայմաններ», որ անոնք կարելիութիւն ունենան իրենց տուները նորոգելու եւ կամ նորը կառուցելու, թէկուզ ոչ  օրինաւոր միջոցներով: Այդ օրերուն Զանգեզուրի մէջ սկսած էին կազմաւորուիլ ազերիական նոր աւաններ` շրջանը թրքացնելու միտումով: Ի պատիւ Անտոն Քոչինեանի, ան ո՛չ միայն չյանձնեց քեզ խորհրդային իշխանութիւններուն` իբրեւ «ազգայնամոլ» ու «ժողովուրդի թշնամի», այլ ծրագրուած ձեւով իրագործեց քու պահանջ-առաջարկդ, որուն դուն կը հետեւէիր յաճախ Զանգեզուր մեկնելով: Այս մէկը արդէն հեռատես հայրենասէրի յանդուգն քայլ էր:

Սիրելի՛ Սօս, եկուր չխորանանք, էջը դարձնենք ու ես պատմեմ մէկ այլ դրուագ, ուր ո՛չ միայն ի յայտ կու գայ քու հայրենասիրութիւնդ, այլ նաեւ` խիզախութիւնդ ու մեծ ժողովրդականութիւնդ:

Սօս Սարգսեան եւ Մովսէս Հերկելեան խումբ մը սասունցիներու հետ
Լուսակարը` Գ. Պապեանի

Կը յիշե՞ս չէ, երբ «Ձորի Միրօ»-ն նկարահանուեցաւ, անիկա Երեւանի մէջ ցուցադրուելէ ետք, պարբերաբար ծրագրուած ձեւով կը ցուցադրուէր նաեւ շրջանները: Հերթը Ուճանինն էր: Ուճանի երիտասարդներէն շատեր` սասունցի հայ ֆետայիներու թոռներ ու ծոռներ, մասնակցած էին նկարահանման` իբրեւ ֆետայի: Սրահը լեցուն էր, ասեղ ձգելու տեղ չկար, ինչպէս կ՛ըսէ մեր ժողովուրդը: Վերջաւորութեան` այդ ի՜նչ բոցաշունչ ճառ էր Սօս ջա՛ն, այն ի՜նչ հայրենասիրական կրակ էր, որ լափեց ներկաներուն էութիւնն իսկ, ու անոնք տարերայնօրէն, առանց նախապէս որոշուած ըլլալու, ոտքի ելան ու միաձայն երգեցին «Մենք անկեղծ զինուոր ենք»: Օ՜ Սօս, հիմա ալ այդ երգը եւ միւսները կ՛երգուին հայրենիքի մէջ, սակայն խորհրդային տարիներուն ուրի՛շ էր, սասունցիներու բերնէն թռած իւրաքանչիւր բառ պատգամ մը կը պարունակէր իր մէջ: Իսկ երբ սրահէն դուրս եկանք, սեղանները բացուած էին ու օրը վերածուեցաւ ազգային տօնի: Բնաւ պատահական չէր, որ օրուան թամատան ու հերոսը միաժամանակ դո՛ւն էիր, ու «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» երգին յաջորդեցին «Արիւնոտ դրօշ», «Պանք Օթոման», «Վէրքերով լի», «Պարզիր Աղբիւր» եւ այլ երգեր:

Ի դէպ պէտք է նշեմ, որ դուն ո՛չ միայն կերտեցիր «Նահապետի» եւ կամ «Ձորի Միրօ»-ի նման հայրենասէրի կերպարներ, այլ երբ նոյնիսկ Շէյքսփիրի «Ճոն արքան» կը խաղայիր, ապա «Մեծն Տիգրան» մը եւ կամ «Արշակ Բ.» մը կը խօսէր մէջդ:

Զանգեզուր էինք, աշնանային արեւոտ եւ հաճելի օր էր: Որսի գացած էինք, Վարուժանը, Պօղոսն ու Մարտիկը եւս մեզի հետ էին: Մեզի հետ էր նաեւ Ռազմիկ Դաւոյեանը, որ կը խուսափէր թռչուններու վրայ կրակելու: Կրակեց ու վար բերաւ կաքաւ մը: Մեր սիրելի բանաստեղծը ի տես թփրտացող կաքաւին, խղճահարուած` ըսաւ. «Մի անգամ էլ ես թռչունի վրայ չեմ կրակի»: Սօս ջա՛ն, մեր աչքերը իրարու հանդիպեցան, ամէն ինչ պարզ էր մեզի համար, հրացանը վերցուցիր Ռազմիկէն ու ըսիր. «Մինչեւ այն ատեն որ մենք շրջապատուած ենք թուրքերով հայ մարդը կրակել պիտի իմանայ…»: Ապարան. դարձեալ աշնանային արեւոտ օր էր: «Ձորի Միրօ»-ի նկարահանումներն էին, հեռաձայնեցիր ու պատուիրեցիր, որ հեռաձայնը վերցնեմ ու գամ: Եկայ, ի հեճուկս բեմադրիչ Ժիրայր Աւետիսեանին, յաջորդ օրը արձակուրդ յայտարարեցիր: Եւ որովհետեւ փոքր ինքնաշարժ չկար, նկարահանող անձնակազմին համար վերապահուած «Սովետական աւտոպուս»-ը առինք եւ միայն երեք հոգիով գացինք որսի: Որսը յաջող էր:

Ձախէն աջ` Մովսէս Հերկելեան, Սօս Սարգսեան եւ Մուշեղ Գալշոյեան
Լուսանկարը` Գ. Պապեանի

Յաջորդ օրը երեկոյեան երբ Ժիրիկը Լորամարգի փլաւ պատրաստեց, ու նստանք ընթրիքի, դուն մագաղաթի նման խնամքով փաթաթուած գիրք մը բերիր, զգուշութեամբ  բացիր Ռուբէնի յուշերու մէկ հատորը, ու ամենայն  պատասխանատուութեամբ ընթերցեցիր այն հատուածը, ուր կը բնորոշուի հայ ֆետայիի կերպարը: Այդ պահուն կարծէք աւետարանէն գլուխ մը կ՛արտասանէիք: Նոյնիսկ դիմայարդարներուն յանձնարարեցիր անգամ մը եւս կարդալ այդ հատուածը, որպէսզի կարողանան հարազատ ձեւով ներկայացնել հայ ֆետայիի կերպարը: Երբ միակողմանի «վիզա» ստացայ ընդմիշտ «լքելու» Խորհրդային Միութիւնը. Սարդարապատի հերոսամարտին գործնապէս մասնակցած` իմ ձեռք ձգած մոսինը  քեզի նուիրեցի, անոր միակ արժանին էիր այդ օրերուն: Իսկ հետագային տեղեկացուցիր, թէ այդ մոսինը վերանորոգելէ ետք ղրկեցիր Ղարաբաղ` սարդարապատեան «մասունքով» մը մակարդելու համար Արցախեան գոյապայքարը:

Սօս ջա՛ն, գիտե՞ս չէ՛ վերջին ժամանակաշրջանին ամէն տարի կ՛այցելէի քեզ: Երկու տարի առաջ քովդ եկայ Լեւոն Չուքասզեանի հետ, ան ուզեց անպայման տեսնել քեզ ու լսել խորհուրդներդ: Նոյն լաւատեսն էիր, աւելի ճիշդը… դուն իրատես մարդ էիր, սակայն, կ՛ուզէիր, որ ժողովուրդը լաւատես ըլլայ ու հաւատայ ազգի ամրութեանն ու ապագային: Անցեալ տարի թերացայ: Թերացայ, որովհետեւ անպայման պիտի հարցնէիր մեր սիրելի ընկերոջ` Վարուժան Խտշեանի մասին, որ այնքան ալ մխիթարական վիճակի մէջ չէր: Չէի կրնար ստել ու չէի կրնար նաեւ ճիշդը ըսել ու ցաւցնել քեզի. ուստի տղաս` Հերակը ղրկեցի քովդ: Անոր նուիրած էիր գիրքերէդ ու հետը լուսանկարուած: Ան այսօր քեզի հանդիպած ըլլալու գոհունակութիւնը ունի ու հպարտ է քեզմով: Իր ընկերները բախտաւոր կը նկատեն զինք` քեզ  ճանչցած ըլլալուն համար: Այո՛ քու արուեստագէտի, հայրենասէրի ու նաեւ մարդասէրի կերպարդ արդարօրէն պիտի ներշնչէ ու գօտեպնդէ հայ սերունդները, որովհետեւ դուն կրցար ըլլալ, միաժամանակ թէ՛ «Ձորի Միրօ» եւ թէ «Նահապետ»:

Իսկ երբ իբրեւ «Ձորի Միրօ» ճամբու կը դնէիր քու միակ զաւակդ` Յարութը, կառապանին եւ ճանապարհին հանդիպած հովիւին կը զգուշացնէիր` թէ. «Իմ որդին զինուոր է` կռիւի կ՛երթայ, հարկաւոր է չոր աչքերով երթայ»:

Կը ներես, Սօս ջա՛ն, ես չկրցայ, եւ ինծի պէս շատեր չկրցան չոր աչքերով ճամբու դնել քեզ դէպի յաւիտենութիւն, սակայն, վստահ եղիր, որ Ձորի Միրոյին եւ Ղարաբաղ մեկնող զինուորներու ծնողներուն պէս հոս եւս, շատ-շատեր պատրաստ են իրենց որդիները չոր աչքերով ճակատ ղրկելու, երբ հարկը ներկայանայ ու «Կռունկը» կանչէ…:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )