ՍՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Կազմակերպութեամբ «Ժողովավարական Օրէնքները» Եւ «Դիւանային Աշխատանք» Նիւթով Սեմինար
«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ սուրիահայ օգնութեան խաչի (ՍՕԽ) Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ Հալէպի մէջ յաջորդաբար երեք օրերու տեւողութեամբ տեղի ունեցաւ «Ժողովավարական օրէնքներ» եւ «դիւանային աշխատանք» նիւթով սեմինար մը: ՍՕԽ-ի Հալէպի երեք մասնաճիւղերու սեմինարները տեղի ունեցան.
Երեքշաբթի, 29 հոկտեմբերին, «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ (Սիւլէյմանիէ)` «Սեւան» մասնաճիւղ:
Չորեքշաբթի, 30 հոկտեմբերին, ՍՕԽ-ի դարմանատունը (Նոր Գիւղ)` «Նայիրի» մասնաճիւղ:
Հինգշաբթի, 31 հոկտեմբերին, «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան մէջ (Վիլլաներ)` «Անի» մասնաճիւղ:
Սեմինարին ընթացքին ներկայացուեցան հետեւեալ նիւթերը.
Աննա Տէր Յակոբեան` արխիւային
Ֆիմի Տէր Յակոբեան` հաշուապահական
Հռիփ Կանանեան` ժողովներու ընթացքին անհրաժեշտ կանոններ
Բոլոր զեկուցաբերները ծանրացան ժողովներու ընթացքին անհրաժեշտ կանոններու գործածութեան, ՍՕԽ-ի Ծրագիր-կանոնագիրին, վարչական գիտելիքներուն, դիւանական աշխատանքներուն (ատենագրութիւն, նամակ, զեկուցում, շրջաբերական, տեղեկագիր), արխիւային աշխատանքի պահպանման եւ հաշուապահական ու գանձապահական մանրամասն տեղեկութիւններուն վրայ:
Նիւթերու ներկայացման յաջորդեց պատգամաւորական աշխատանքային վարժանիստ (ուըրքշափ):