Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Եւ Հունգարիոյ Եկեղեցիներու Ներկայացուցիչներու Հանդիպումները
Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգը կը հաղորդէ, որ Հարաւային Քորէայի Պուսան քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 10-րդ համաժողովի շրջագիծին մէջ, 31 հոկտեմբերին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ի շարս բազմաթիւ հանդիպումներու, հանդիպում ունեցաւ նաեւ Հունգարիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Կուսթաւ եպիսկոպոս Պոլսքէի եւ Հունգարական եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Վիլմոս Ֆիսչելի հետ:
Հանդիպման ընթացքին մասնաւոր անդրադարձ կատարուեցաւ Հունգարիոյ իշխանութիւններուն կողմէ ազրպէյճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարովի` Ազրպէյճանին արտայանձնելու խնդիրին:
Վեհափառ հայրապետը, ցաւով արձանագրելով, որ կատարուածը մեծապէս ստուերի մէջ ձգած է հայ-հունգարական բարեկամութիւնը, նշեց, որ նման երեւոյթները անընդունելի են եւ իբրեւ ազգատեացութեան քարոզչութիւն համընդհանուր դատապարտումի պէտք է արժանանան:
Հունգարական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ իրենց կարգին դատապարտեցին Հունգարիոյ կառավարութեան կատարած քայլը:
Զրոյցի ընթացքին Հունգարիոյ եկեղեցիներու պատուիրակութիւնը նաեւ իր աջակցութիւնը յայտնեց Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 10-րդ համաժողովին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին վերաբերեալ քննարկուող բանաձեւին եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին իրենց ամբողջական մասնակցութիւնն ու աջակցութիւնը բերելու տարելիցին առիթով հայ եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուող բոլոր ձեռնարկներուն: