Ըստ Ամերիկեան Զեկուցումի Մը. Թուրքիա Միջին Արեւելքի Իրադարձութիւններուն Վրայ Ազդելու Քաղաքական Շատ Քիչ Լծակներ Ունի

Ուաշինկթընի մէջ Երկկուսակցութեան քաղաքական կեդրոնի հրապարակած զեկուցումին մէջ նշուած է, որ Թուրքիա Միջին Արեւելքի իրադարձութիւններուն վրայ ազդելու շատ քիչ քաղաքական ուժ եւ լծակներ ունի: 72 էջերէ բաղկացած «Հռետորաբանութենէն իրականութիւն. Միացեալ Նահանգներու թրքական քաղաքականութեան վերաձեւաւորումը» խորագիրով զեկուցումին մէջ կարեւոր նշանակութիւն կը տրուի Թուրքիոյ նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու վերաբերմունքի ակնյայտ փոփոխութեան:

«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով թրքական «Հապերա» կայքէջը, կը հաղորդէ, որ զեկուցումին մէջ տեղ գտած են նաեւ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպաններ Մորթոն Ապրամովիչի եւ Էրիք Էտըլմանի տեսակէտները:

Զեկուցումին մէջ կ՛ըսուի, որ «Թուրքիոյ այլեւս շատ քիչ քաղաքական ուժ եւ լծակներ մնացած են Միջին Արեւելքի զարգացումներուն վրայ ազդելու համար: Դրացիներու հետ «զերօ խնդիր» քաղաքականութիւնը որդեգրելու մասին յայտարարելէ ետք անոր մօտ աւելի շատ խնդիրներ ծագած են: Թուրքիան ուզեց, որ Սուրիոյ մէջ Ասատը հեռացուի: Չճանչցաւ Եգիպտոսի նոր կառավարութիւնը, Իսրայէլի հետ խզեց դիւանագիտական յարաբերութիւնները, զայրացուց Իրանը` իր տարածքին մէջ տեղադրելով ՕԹԱՆ-ի հակաօդային հրթիռները եւ աջակցելով Սուրիոյ մէջ ապստամբութեան, վէճի բռնուեցաւ Պաղտատի կեդրոնական կառավարութեան հետ, ջղայնացուց Ծոցի երկիրները` պաշտպանելով «Իսլամ եղբայրները, սպանութիւններով, անհիմն մեղադրանքներով ու դաւադրական տեսութիւններով իրմէ հեռացուց Եւրոպան»:

Զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը այլեւս անպարտելի չէ: «18 ամիսներուն իրարու ետեւէ կատարուելիք երեք ընտրութիւնները շրջադարձային իրավիճակ պիտի ստեղծեն Թուրքիոյ մէջ: Անգարա յայտնուած է միջինարեւելեան իրադարձութիւններուն վրայ ազդելու շատ քիչ քաղաքական լծակներ ունեցողի վիճակին մէջ: Իր ներքին խնդիրները փոխզիջումներու եւ համագործակցութեան միջոցով լուծելու փոխարէն, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը ընտրած է կրօնական մոլեռանդութիւնը եւ հռետորաբանութիւնը», կը նշուի զեկուցումին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )