Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, Ռումիէի բանտին մէջ գտնուող «Ժապհաթ Նուսրա» կազմակերպութեան անդամ արգելափակեալներ բանտէն կը ղեկավարեն ահաբեկչական գործողութիւններու կազմակերպումը եւ Լիբանան-Սուրիա զէնքի մաքսանենգումը` ուղղակի կապ պահելով Քայիտայի պատասխանատուներուն հետ եւ օգտագործելով համացանցի անոր պաշտօնական կայքերը: Նոյն օրաթերթին համաձայն, այս արմատականներուն մօտ կը գտնուին նաեւ պայթուցիկ նիւթեր, որոնք պիտի օգտագործուին բանտէն փախչելու նպատակով:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն ֆրանսական զօրամասը երէկ ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրեց իր դիրքերուն շուրջ` Սուրի Տէյր Քիֆա շրջանին մէջ: Այս միջոցառումները որդեգրուեցան «Ժապհաթ Նուսրա»-ի եւ «Տահեշ»-ի կողմէ իրենց դէմ կատարուելիք յարձակումներու հաւանականութեան ակնարկող տեղեկութիւններուն լոյսին տակ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ քուէյթեան «Սիասա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին հարց տուաւ, որ լիբանանցիները ինչպէ՞ս հանրապետութեան նախագահ մը պիտի ընտրեն, երբ անոնք անկարող են պաշտօնեայ մը նշանակելու: Ժեմայէլ զօրակցութիւն յայտնեց «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին Լիբանանի մասնակցութեան:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին հաստատեցին, որ ան կառչած կը մնայ Լիբանանի մէջ չէզոք կառավարութիւն մը կազմելու առաջարկին:
ՍԵՆՏԻՔԱՅԱԿԱՆ համակարգումի խորհուրդը կոչ ուղղեց պետական եւ սեփական բոլոր դպրոցներուն, ինչպէս նաեւ վարչապետարանի, նախարարութիւններու եւ պետական հաստատութիւններու պաշտօնէութեան մասնակցելու երեքշաբթի, 26 նոյեմբեր 2013-ի գործադուլին, որուն ընթացքին պիտի պահանջուի վաւերացնել ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձերուն յաւելումը:
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Քեթրին Էշթընի օգնական Մայքըլ Մեն քուէյթեան «Սիասա» օրաթերթին հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց Լիբանանի մէջ քաղաքական բոլոր ուժերուն մասնակցութիւնը ընդգրկող կառավարութեան մը գոյացումը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա կրնայ դրական դերակատարութիւն մը ունենալ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան առումով:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Հասան Մնայմնէ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը անշեղ կը մնան Հըզպալլայի ցուցմունքներուն ենթարկուիլը մերժելու իրենց կեցուածքէն:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին Լիբանանի մասնակցութիւնը քաջալերելի է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը չի մերժեր «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին Լիբանանի մասնակցութիւնը` աւելցնելով սակայն, որ հոսանքը կը մերժէ այդ խորհրդաժողովին արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուրի մասնակցութիւնը, որովհետեւ վերջինս փաստած է, որ Սուրիոյ տագնապին մէջ յստակ կողմ մը կը ներկայացնէ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին յայտնած է, որ ինք նախաձեռնութիւններ պիտի առաջադրէ` նախագահական ընտրութիւնը անպայման կայացնելու համար:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ ան յանձնառու կը մնայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ հանդիպումներն ու խորհրդակցութիւնները շարունակելու:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Պըրրի ընդվզած է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ միջազգային խաղերուն մաս կազմելու քայլերէն: