Լիբանանի Հեծելարշաւի Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Զէյտ Խիամիի

Երէկ` ուրբաթ, 1 նոյեմբերին, Լիբանանի հեծելարշաւի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախագահ Վաչէ Ծատուրեանի, ընդհանուր քարտուղար Ապտօ Նատերի եւ ֆետերասիոնի անդամ Նազարէթ Հապիպեանի, այցելեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամիի:

Այս հանդիպումին ընթացքին ընդհանրապէս քննարկուեցան այս մարզը յուզող հարցեր` փորձելով գտնել այն անհրաժեշտ միջոցները, որպէսզի կարելի ըլլայ հեծելարշաւի մարզաձեւը աւելի տարածել Լիբանանի մէջ եւ կազմակերպել յաւելեալ տեղական մրցաշարքեր, ինչպէս նաեւ միշտ միջազգային մրցաշարքերու մասնակցիլ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )