Լուրեր Նիւ Եորքէն. «Կեանքը Վանդակի Կողքով» Համազգայինի Բեմին Վրայ

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

Նախքան  շնորհաւորական խօսքեր շռայլելը` տեղին կը  գտնենք արձանագրել հոկտեմբեր 18, 2013-ին ներկայացուած Սամուէլ Կոսեանի «Կեանքը վանդակի կողքով» բեմադրութեան մասին մեր գնահատական խօսքերը եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել հայ բեմի երախտաւորին` Հրանդ Մարգարեանին:

Եթէ այսօր ցրտացած Նիւ Եորքի Հըտսըն գետի զոյգ ափերուն վրայ քիչիկ մը հայ թատերական ճաշակ տակաւ կը խայտայ, անկասկած, այդ հաստատումը կ՛երթայ շնորհիւ 42 երկա՜ր  տարիներէ ի վեր անդադրում ու առանց դոյզն յուսահատութեան Հրանդին գլխաւորած Համազգայինի թատերախումբին:  Գերազանցապէս հայկական` ե՛ւ ոգիով, ե՛ւ ընտրուած ազգային թատերախաղերով ու հայերէնի մաքուր տիրապետումովը,  Մարգարեան` թատրոնը որպէս դպրոց ծառայեցուց եւ իր նպատակին հասցուց:

Դիւրին չէ այս մեծ ոստանի պայմաններուն ներած չափով պահել հայկական թատերախումբ մը, որուն ներկայութիւնը ըլլար տիրական ու շունչը` անսպառ ու երկար:  Արձանագրել մրցանիշ մը Ամերիկայի տարածքին իր անդրանիկ 23 բեմադրութիւններով:  Ըլլալ առաջին հայկական թատերախումբը` բարձրանալու Օֆֆ-Պրոտուէյ եւ ըլլալ Համազգայինի մեծ ընտանիքին միա՛կ թատերախումբը` մասնակցելու 1991-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող Սփիւռքահայ թատրոնի փառատօնին:

Անշուշտ այս բոլորը կը պահանջեն անսահման նուիրում ու համբերութիւն, տեսիլք ու հաւատք` հանդէպ գործին, որ անկասկած ժառանգուած է այդ մեր երեքհազարամեայ հայկական թատրոնի աւանդոյթներէն:  Այլապէս մշակոյթով հարուստ մեր այս համայնքէն ներս Հրանդ արժանաւոր ժառանգորդն է, անկասկած, այդ «սրբութեան», որ կը կոչուի Հայ Բեմ :

***

Ու հիմա կը վերադառնանք թատերախաղին:  Խորհրդային կարգերու փլուզումով Հայաստանի մէջ յառաջ կու գար անսովոր երեւոյթ մը:  Չէ՞ որ սպասուած անկախութի՛ւնն էր, որ կը շնորհուէր հայութեան: Հին վարչակարգին վարժ խորհրդահայութիւնը, մեծաւ մասամբ, դէմ յանդիման կը գտնուէր տարօրինակ երեւոյթի մը. ապա ի՞նչ էին անկախութիւն, ազատութիւն, ժողովրդավարութիւն, ազատ երթեւեկ, ազատ խօսք, հանրահաւաք, ցոյց ու պոռթկում:  Ասոնք դժուար որ բառարաններու մէջ արձանագրուած ըլլային:  Որովհետեւ` «կեանքը վանդակ» մըն էր եւ անոր բնակիչները, թռչուններու նման, տասնամեակներ ապրելով, այլեւս մոռցած էին թռչիլ, երթալ նոր հորիզոններ, բարձրանալ վեր ու աւելի վեր:

Այդ վանդակին մնայուն բնակիչներէն էին Չիկը (Թորոս Թերվիզեան) ու Պոչեկը (Յարութիւն Պարսումեան): Ու երբ ազատութեան լուրը հնչեց, բացուեցան վանդակին դռները եւ Տէրը (Գառնիկ Ներսէսեան) զիրենք ազատ արձակեց:  Տէրը` հին վարչակարգին` համայնավարութեան մարդը` կուշտ էր եւ զանոնք կը կերակրէր այնքա՛ն մը, որ չմահանային:

Այո, դռները բաց էին այլեւս աշխարհի առաջ:  Դրամատիրական այդ մե՜ծ աշխարհին առաջ:  Բայց այս վանդակի բնակիչները ի՞նչ գիտէին այդ հեռաւո՜ր աշխարհին մասին, դրամի տնտեսութեան մասին:  Ոչի՛նչ:  Չիկ կ՛ուզէր փորձ մը կատարել եւ կը գտնէր Փետրուհին` Ազատ Թռչունը (Մարիա Պարսումեան)` թռչելու իրեն հետ ու տեսնելու ազատ աշխարհը, այդ քաղաքակրթուած անտառը եւ դառնալու  անոր մէկ բնակիչը:  Բայց Պոչեկ մնաց իր վանդակին` ի՛ր Հայաստանին մէջ, ինքզինք աւելի ապահով զգալով իր այդ աշխարհին մէջ, գուցէ փոքր, բայց այդ էր իր գիտցած աշխարհը:

Մինչ այդ երկրին նոր տէրերը (լուռ` վստահաբար կ՛ակնարկուի տէր պետրոսեաններուն) փոխուած էին այլեւս, եւ Տէրը դարձած էր սովորական մահկանացու մը, ինք ալ դարձած էր բանուոր, փերեզակ ու վերջապէս` մուրացկան, մինչեւ այն օրը, որ դարձեալ տէրերը (վստահաբար այս անգամ քոչարեաններուն է ակնարկը) կը փոխուէին եւ այս անգամ ինք եւս կը մտնէր նոր օլիկարխներու դասին եւ այլեւս ան կը պտտէր «հաստ վիզերով» թիկնապահով (Յակոբ Ներսէսեան):  Ու դարձեալ կ՛այցելէր իր անցեալի տիրութեան տակ եղող վանդակը ու նորէն փշուրներով կը կերակրէր Պոչեկը:

Չիկ չդիմանալով Արեւմուտքի Ճանկըլի ազատութեա՜ն` կը վերադառնայ իր հին վանդակը, իր տունը, իր ծննդավայրը, իր հայրենիքը® եւ հոն ալ կ՛աւանդէ հոգին:

Գլխագիր պռաւօ մը` Թորոս Թէրվիզեանին, որ առաջին անգամ ըլլալով նման պատասխանատու դեր մը կը վերցնէ:  Նաեւ` Մարիա Պարսումեանին, որ թէեւ ունի բեմական վարժութիւնը որպէս երգչուհի բեմ բարձրանալու, սակայն իր այս անդրանիկ խաղարկութեամբ կ՛երաշխաւորէ թատերասէրներուս, թէ Մարիան այսուհետեւ, յաճախ վայելելու առիթներ պիտի տայ:  Շատ ենք գրած Գառնիկին (որ հիմնադիր անդամ է Թէքէեանի թատերախումբին) ու Յարութիւնին մասին. անոնք մաս կը կազմեն ԹՄՄ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբին:

***

Սամուէլ Կոսեան, այս թատերախաղով կրցած է լաւագոյնս տալ իրական պատկերը մեր ժողովուրդի կեանքին, յետ վարչակարգին փլուզումը:

Ա՞յս էր սպասուած անկախութիւնը, արդեօք:  Այս անգամ ես հարց պիտի տամ բեմադրիչին ու սիրելի բարեկամիս` Հրանդին, որուն գաղափարական դպրոցը եօթը տասնամեակներ անդադրում կերպով շեփորած էր աշխարհի ամէն անկիւնէն` ազատուելու այս բիրտ կարգերէն ու վերադարձնելու ազատ,  անկախ Հայաստան մը` հայութեան բարօրութեան համար:  Արդեօք Հրանդ Մարգարեան բեմ պիտի հանէ՞ր Համազգային թատերախումբը 60-70-ական թուականներուն այս թատերախաղը ® գուցէ, այդ օրերուն ան նկատուէր խորհրդային կարգերու «փրոփականտին» ծառայող մը:

Անկախացումէն ետք քա՜նի քա՜նի Չիկեր թողուցին Հայաստանը  ու թռան հեռաւոր Քալիֆորնիաները, Սպանիաներ, Ֆրանսաներ® մինչեւ իսկ` Սիպերիոյ ամենախուլ ցուրտ անկիւնները, երբ խորհրդային օրերուն հոն ղրկուողները կ՛ըլլային այլախոհներ: Անոնք այսօր կը մեկնին Սիպիր կամովին, պատառ մը հաց ապահովելու հայրենիք մնացած իրենց հարազատներուն:

Բայց, ո՛չ, միայն պէտք է շնորհակալութիւն յայտնել Հրանդին, որ կ՛ունենայ մտաւորական պարկեշտութիւնը եւ համարձակութիւնը` տեսնելու այսօրուան Հայաստանը եւ զայն բաղդատելու երէկի այդ Հայաստանին հետ, ուր հայ մշակոյթը կը ծաղկէր, հայագիտութիւնը կը տարածուէր աշխարհի ակադեմիաներուն մէջ եւ մէկ միլիոն հայեր ծնրադիր` Ծիծեռնակաբերդի կամարներուն տակ, որպէս իրաւատէրը անժամանցելի Հայ դատին, կ՛երդնուր քալել մեր Մեծ Երազի ճանապարհով, որպէս ուղեւորներ հասնելու Շուշի:

Հրանդ Մարգարեան հեռու է սովորական ծիծաղ արթնցնող, ժամանակը խնդուքով լեցնող թատերախաղերու ներկայացումներ բեմադրելէ:  Թատերասէրներ պէտք են սրահէն դուրս գան եւ ունենան խոր մտածում` ներկայացման մէջ եղած դէպքերուն նկատմամբ:  Եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ քաղաքական մտածողութեան զարգացումներ մեր բեմերէն պէ՛տք է արտայայտուին: Հրանդ այդ է, որ կը փորձէ ընել ամէն անգամ:

***

Եւ այս ամէնէն ետք Համազգայինի վարչութիւնը, ատենապետութեամբ Աւետիս Հաճեանի, ներկայացումէն ետք նշեց թատերախումբին 45-ամեակը եւ Աստղիկ Սեւակ բեմադրիչին ու դերասաններուն յանձնեց նուէրներ:  Ռուբէն Պարսումեան ներկայացուց բեմադրիչ, թատերագիր, դերասան, մշակութային ու քաղաքական գործիչ տոքթ. Հրանդ Մարգարեանը:

Արդէն ժամանակը եկած է, որ այս առթիւ Համազգայինի թատերախումբը մկրտուի Նիւ Եորքի Համազգայինի «Հրանդ Մարգարեան» թատերախումբ անունով: Ա՛յս է վայելը եւ արժանի յարգանքը վաստակաւոր մշակոյթի գործիչին ընծայելու, եւ որուն համար առաջին ծափահարողները մենք` ԹՄՄ-ի մկրտչեանականներս պիտի ըլլանք, անկասկած:

Նիւ Եորք

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )