Իր Ծառայութեանց Յառաջդիմութեան Ճիգերուն Մէջ. ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնը Օժտուեցաւ Չորս Ծրագիրներու Նորագոյն Կազմածներով

1930, 1987, 2003 եւ նման թուականներ կը ներկայացնեն անկիւնադարձային հանգրուաններ, ԼՕԽ-ի եւ անոր հովանիին տակ գործող «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի պատմութեան եւ գործունէութեան մէջ` քայլ առ քայլ ծաղկելով ու բարձրանալով եւ իրեն հետ բարձրացնելով ՀՕՄ-ի ու հայութեան վարկը, յաչս հանրային կարծիքին:

Նշեալ թուականներու ոսկիէ շղթային մէջ նոր օղակ մը աւելցաւ երէկ` չորեքշաբթի, 6 նոյեմբեր 2013-ին:

Նախագահութեամբ կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրիի եւ հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ Իտալիոյ դեսպան Ճիոզեփփէ Մորապիթոյի տեղի ունեցած այս ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ ջեռուցումի նորագոյն կազմածներու եւ ընկերային ծառայութեան այլ գործիքներու` կարմիր ժապաւէններու հատումով:

Տոքթ. Թամար Գապաքեան-Հաշէօլեան

Մարալ Յովհաննէսեան

Ապա ներկաները բարձրացան ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի չորրորդ յարկը, ուր լիբանանեան, հայկական եւ իտալական քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, օրուան բեմավար տոքթ. Թամար Գապաքեան-Հաշէօլեան ողջունեց ներկաները` սեղմ գիծերու մէջ ներկայացնելով ԼՕԽ-ի եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի պատմութիւնը եւ յայտագիրի գլխաւոր կէտերը: Անգլերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ, տոքթ. Գապաքեան-Հաշէօլեան բարձր գնահատեց ԼՕԽ-ի ու այս կեդրոնի եւ անոր զօրակցող մարմիններուն եւ միութիւններուն, դեսպանատուներուն դերը:

Ապա խօսք առաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Յովհաննէսեան, որ դարձեալ անգլերէնով ներկայացուց ԼՕԽ-ի եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի հիմնադրութեան պայմանները, երբ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայու բեկորներ գերմարդկային ճիգերով Լիբանանի մէջ 1930-ին հիմնեցին ՀՕՄ-ի մէկ մասնաճիւղը` Լիբանանահայ օգնութեան խաչը, որ իր 26 մասնաճիւղերով կը շարունակէ գործել` զօրակցելով ու նպաստելով լիբանանահայ թէ այլ Լիբանանի բոլոր բնակիչներուն:

Յովհաննէսեան ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անունով իր խոր երախտիքը յայտնեց բարերար անհատներուն, մարմիններուն եւ կազմակերպութիւններուն` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին, յատկապէս` կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրիին, Իտալիոյ դեսպան Ճ. Մորապիթոյին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի մարմինին եւ Պոսնոյեան ընտանիքին, յանձին` Թամար Պոսնոյեան – Տէր Պետրոսեանին:

«Այս բոլոր ճիգերուն դիմաց մեր ԼՕԽ-ականներու թանկագին հատուցումը նպաստընկալի գոհունակութեան եւ շնորհակալութեան խօսքն է», ընդգծեց Մարալ Յովհաննէսեան:

Այս առիթով ցուցադրուեցաւ վաւերագրական կարճատեւ տեսերիզ մը ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի եւ անոր գործունէութեան ու բարերարներուն մասին: Տեսերիզին մէջ յատուկ դրուատիքով նշուեցաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան նախկին անդամ, Ձեռարուեստի բաժանմունքի պատասխանատու Ռիթա Պոսնոյեանի դերն ու յիշատակը:

Շահէ եպս. Փանոսեան,     Նազեմ Խուրի,                Ճիոզեփփէ Մորապիթօ,          Ճորճ Գրիգորեան,            Սօսի Սաղըրեան

 

 

 

 

 

 

 

Ապա իր խօսքը ուղղեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէն Սօսի Սաղըրեան, որ բարձր գնահատեց բարերար մարմիններու, դեսպանատուներու եւ նախարարութեանց դերն ու ծառայութիւնը` կեդրոնի գործունէութեան յառաջդիմութեան մէջ:

Անգլերէնով իր խօսքին մէջ, Սաղըրեան վերյիշեց, թէ յունուար 2013-ին այս կեդրոնը պարգեւատրուեցաւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլի կողմէ: 1987-ին կեդրոնի հիմնադրութեան ու գործունէութեան հակիրճ պատմականը կատարելով` Սաղըրեան իր երախտիքը յայտնեց բոլոր նպաստող թէ զօրակցող մարմիններուն, դեսպանատուներուն, նախարարութեանց եւ կազմակերպութեանց, յատկապէս` կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրիին, Իտալիոյ դեսպան Ճ. Մորապիթոյին եւ դեսպանատան Բարգաւաճումի գործակցութեան ներկայացուցիչին, ՄԱԿ-ի կենսոլորտի տեղական պատասխանատուներէն Վահագն Գապաքեանին, ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ին, Սեն Ժոզեֆ համալսարանի երիտասարդութեան բաժանմունքին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ Պոսնոյեան ընտանիքին: Ապա Սաղըրեան հայերէնով շարունակեց իր յատուկ շնորհակալութիւնը յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք նպաստած են ու կը նպաստեն այս կեդրոնի գործունէութեան յառաջդիմութեան: Ան շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց նաեւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի պաշտօնէութեան, անձնակազմին եւ բժիշկներուն` ընդգծելով, որ այս կեդրոնը միայն հայկական չէ, այլեւ` կ՛ընդառաջէ իրեն դիմող անխտիր բոլոր կարիքաւոր մարդոց: «Այս կեդրոնը կանգ պիտի չառնէ ու պիտի շարունակէ իր ծառայութիւնը Լիբանանին ու լիբանանցիներուն», ընդգծեց Սաղըրեան:

Ապա Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան անունով փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեան արաբերէնով դրուատեց ԼՕԽ-ի եւ կեդրոնի դերը` մեծ պատիւ համարելով «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի ծաղկումին ու յառաջդիմութեան քայլերուն մէջ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան բերած նպաստը: Գրիգորեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք տագնապներու տաժանագոյն պայմաններուն մէջ չզլացան օգնել ու զօրակցիլ այս կեդրոնին: «Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը իր կարելին կ՛ընէ յաղթահարելու շրջանին մէջ ծագող կենսոլորտային թէ այլ դժուարութիւնները», շեշտեց Ճորճ Գրիգորեան:

«Առիթէն օգտուելով յայտնեմ նաեւ, թէ կենսոլորտի նախարարութենէն պատուիրակութիւն մը վերջերս ընդունուեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետին կողմէ` աղբակոյտերու թէ այլ հարցերու առնչութեամբ», ըսաւ Գրիգորեան` շնորհակալութիւն յայտնելով նախարարութեան:

Ապա Իտալիոյ դեսպան Ճիոզեփփէ Մորապիթօ անգլերէնով թուեց դեսպանատան տրամադրած արեգակնային ջեռուցումի կազմածներու յատկութիւնները` շնորհաւորելով «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը եւ խոստանալով շարունակել անոր հետ իրագործուող գործակցութիւնը` մեծ պատիւ նկատելով իրեն վիճակուած գործակցութեան այս առիթը:

Իր կարգին, կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրի արաբերէնով անդրադարձաւ ջեռուցումի կազմածներու առաւելութեան եւ մատուցելիք ծառայութեան` նշելով, որ այս քայլը խթան կը հանդիսանայ սերտացնելու գործակցութեան մեր ճիգերը: Այսօրուան այս առիթը պերճախօս ցուցանիշ է համագործակցութեան եւ բոլորի համերաշխութեան` առողջ ու բարօր մթնոլորտի մէջ գոյատեւելու համար: Նախարար Խուրի շնորհակալութիւն յայտնեց այս առիթի իրագործման նպաստողներուն: Իր կողքին նստած երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի վերագրելով իր տեղեկութիւնը` նախարար Նազեմ Խուրի յայտնեց, թէ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնէն օգտուողներուն գրեթէ կէսը ոչ հայեր են, ինչ որ դրական ներդրում է լիբանանահայութեան մատուցած ծառայութեանց մէջ` ի սպաս Լիբանանի վերելքին ու բարօրութեան: Նախարար Խուրի նաեւ խոր դրուատիքով գնահատեց 27-ամեայ գործունէութիւնը ԼՕԽ-ի կեդրոնին, որ կարծէք նոր հաստատութիւն մըն է, ուր մնայուն հոգածութեան ենթակայ են մարդիկն ու կազմածները:

Ապա Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան հայերէնով եւ ապա անգլերէնով ողջունեց ներկաները` բարձր գնահատելով ԼՕԽ-ի եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին դերը` ընդգծելով, որ անոր մատուցած ծառայութիւնը Պուրճ Համուտէն անդին, համայն Լիբանանի համար է: Շահէ սրբազան նաեւ յատուկ դրուատիքով ողջունեց ԼՕԽ-ականները, որոնք ամէնէն ծանր պայմաններուն մէջ իսկ գործելով կ՛աշխուժացնեն կեդրոնի ծառայութիւնը: Անգլերէնով իր խօսքին մէջ Շահէ սրբազան բարձր գնահատեց նպաստող ու զօրակցող բոլոր մարմիններն ու բարերարները եւ կազմակերպութիւնները, «որոնց նպաստին շնոհիւ այս կեդրոնը կը ծառայէ մարդկութեան եւ Աստուծոյ»:

Ձեռնարկի աւարտին, ԼՕԽ-ի յատուկ յուշանուէրներով պարգեւատրուեցան կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրի, Իտալիոյ դեսպան Ճիոզեփփէ Մորապիթօ եւ (իտալական) դեսպանատան Բարգաւաճումի գործակցութեան բաժանմունքի ներկայացուցիչը, ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի առնչակից մարմինի ներկայացուցիչ Ասմա Քըրտահի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան եւ Պոսնոյեան ընտանիքը, յանձինս` Թամար Պոսնոյեան-Տէր Պետրոսեանի:

Աւարտին ներկաները հիւրերուն հետ մասնակցեցան օրուան յատուկ ԼՕԽ-ի խորհրդանշանը ներկայացնող կարկանդակի հատումին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )