Թրքական Ոստիկանութիւնը Քայիտայի Անդամակցութեան Յանցանքով 16 Կասկածելիներ Ձերբակալած Է

Թրքական ոստիկանութիւնը թրքական չորս նահանգներու մէջ վերջերս տեղի ունեցած գործողութեանց ընթացքին ձերբակալեց 16 անձեր, որոնք կը կարծուին Քայիտայի անդամներ ըլլալ:

Ձերբակալութիւնները տեղի ունեցած են Էրզրում նահանգի ընդհանուր դատախազութեան 2012-ին ձեռնարկած հետաքննութեան ծիրին մէջ: Ըստ Երզնկա նահանգի ապահովութեան տնօրէնութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուժերը միաժամանակ գործողութիւններ կատարած են:

Ապահովական ուժերը կարգ մը վայրեր ներխուժելով Երզնկայի մէջ ձերբակալած են 12 անձեր, Քոնիոյ մէջ 2 եւ մէկական անձեր Պոլսոյ եւ Տիգրանակերտի մէջ:

Կ՛ակնկալուի, որ ձերբակալեալները անհրաժեշտ միջոցառումներու ամբողջացումէն ետք փոխանցուին Էրզրումի մէջ ընդհանուր դատախազութեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )