Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ հինգշաբթի, 14 նոյեմբեր 2013-ին` Աշուրայի տօնին առիթով, պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ Պիքֆայայի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Զիատ Պարուտը, որ հանդիպումէն ետք մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կազմութեան առումով ելքեր կարելի պիտի ըլլայ գտնել հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի Սէուտական Արաբիա կատարելիք այցելութենէն ետք:
ՍՈՒՐԻՈՅ նախկին փոխնախագահ Ապտել Հալիմ Խատտամ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կազմուած բոլոր կառավարութիւնները միշտ ալ Սուրիոյ բարեկամ եղած են:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Հըզպալլա Սուրիոյ մէջ կը գտնուի սուրիական պետութեան պատուէրով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ լիբանանցիներուն միջեւ մնայուն հանդիպումները իրենց սկզբունքներուն մաս կը կազմեն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատուներէն, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ցոյցը Թրիփոլիին վտանգ կը սպառնայ, եթէ անիկա տեղի ունենայ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա շեշտեց, որ համախմբումին ունեցած հանդիպումները կ՛ընդգրկեն լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը, որոնց մէջ նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ղազի Եուսեֆ յայտնեց, որ իրենք հարց չունին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին հետ ընտրական նոր օրէնքի մը մասին համաձայնութիւն գոյացնելու, բացի` Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրէնքէն:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ միջազգային հարցերու պատասխանատու Ամմար Մուսաուի շեշտեց, որ Հըզպալլա Սուրիա գացած է պաշտպանելու համար Դիմադրութիւնը, որ այս հանգրուանին բոլորին կողմէ թիրախ դարձած է:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ շեշտեց, որ Հըզպալլայի գոյութիւնը ապօրինի է եւ կարելի չէ ընդունիլ անոր կողմէ պարտադրուող պայմանները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի Սէուտական Արաբիա կատարելիք այցելութեան նպատակն է քննարկումներ կատարել եւ խորհրդակցիլ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս քաղաքական ուժերուն կոչ ուղղեց Սուրիոյ դէպքերուն արդիւնքներուն վրայ գրաւ չդնելու: