«Էն. Պի. Էյ.». Ցարդ Անպարտելի Սփըրզի Չորրորդ Յաջորդական Յաղթանակը

Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Ինտիանա Փէյսըրզ մրցումէն

Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան երէկուան մրցումներուն շարունակելով իր յառաջխաղացքը ցարդ անպարտելի միակ խումբը` Ինտիանա Փէյսըրզ, արձանագրեց իր 4-րդ յաջորդական յաղթանակը` 99-91 արդիւնքով յաղթելով Տիթրոյիթ Փիսթընզի: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Փոլ Ճորճ նշանակեց 31 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 4 էսիսթ:

Մայեմի Հիթ 104-95 արդիւնքով յաղթեց Թորոնթօ Ռեփթըրզի: Ախոյեան կազմին յաղթական մարզիկներէն Լեպրըն Ճէյմս նշանակեց 35 կէտ, 8 ռիպաունտ եւ 8 էսիսթ:

Երէկուան մրցումներէն ետք ցարդ յաղթանակ չեն յաջողած արձանագրել Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ, Պոսթըն Սելթիքս, Տենվըր Նակեթց եւ Եութա Ճեզ:

Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Մայեմի Հիթ 95-104
Պրուքլին Նեթց – Եութա Ճեզ 104-88
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 91-99
Նիւ Եորք Նիքս – Շարլոթ Հոռնեթց 97-102
Նիւ Օրլինզ – Ֆէոնիքս Սանզ 98-104
Տալաս Մավըրիքս – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 123-104
Տենվըր Նակեթց – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 94-102
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Հիուսթըն Ռոքեթց 101-116
Սաքրամենթօ Քինկզ – Աթլանթա Հոքս 100-105

Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.

Շարլոթ Հոռնեթց – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Ինտիանա Փէյսըրզ – Շիքակօ Պուլզ
Օրլանտօ Մեճիք – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ
Պոսթըն Սելթիքս – Եութա Ճեզ
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Նիւ Օրլինզ
Միլուոքի Պաքս – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Մինեսոթա Վուլվզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Ֆէոնիքս Սանզ
Օքլահոմա Սիթի – Տալաս Մավըրիքս

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )