Օնիլ Նշանակուեցաւ Իրլանտայի Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ

Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, «ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ պաշտօնական յայտարարութիւն մը կատարելով, Իրլանտայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ Մարթին Օնիլ նշանակուեցաւ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ:

Օնիլ յայտնեց, որ այս պաշտօնը լաւապէս կատարելու եւ լաւ արդիւնք ձեռք ձգելու համար, իրեն օգնական նշանակեց նախկին խմբապետ Ռոյ Քինը, որ մեծ ուրախութեամբ ընդունեց իրեն ներկայացած այս առաջարկը:

Նշենք, որ նախապէս Հիւսիսային Իրլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչը եղած Քին այսպիսով փոխարինեց իտալացի Ճիովանի Թրափաթոնին, որ նախորդ սեպտեմբերին ներկայացուց իր հրաժարականը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )