Մովսիսեանն Ու Օզպիլիսը Կրնան Մրցիլ Մանչեսթըր Եունայթըտի Դէմ
Իր լուրը քաղելով sports.ru կայքէջէն, ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Սպարտակ Մոսկուա բանակցութիւններ կը վարէ Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ, որպէսզի ռուսական ակումբին նոր մարզադաշտին պատմութեան առաջին մրցումը տեղի ունենայ երկու խումբերուն միջեւ:
Թէեւ Սպարտակ պաշտօնական առաջարկ մը ներկայացուցած է այս ուղղութեամբ, սակայն իր դիմաց ունի երկու խնդիր:
Առաջինը, անգլիական ակումբը այս մրցումը կատարելու համար 3 միլիոն եւրօ կը պահանջէ, ինչ որ ռուսական կողմին համար քիչ մը շատ կը նկատուի:
Իսկ երկրորդը, Մանչեսթըր Եունայթըտ չ՛երաշխաւորեր, որ այս մրցումին մասնակցին խումբին բոլոր հիմնական մարզիկները` նկատի ունենալով, որ այդ մրցումին կայանալիք օրը նոր աւարտած պիտի ըլլայ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2013-2014 տարեշրջանը:
Յամենայն դէպս, եթէ այդ մրցումին կայացումը վաւերացուի, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող երկու ֆութպոլիստներ` Եուրա Մովսիսեան եւ Արազ Օզպիլիս, պիտի մասնակցին այս մրցումին:
Նշենք, որ Սպարտակի մարզադաշտին բացման մրցումը նախատեսուած է կատարել 24 յուլիս 2014-ին: