Աղբաման – Կղզի՞ Մը
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Մալտիվեան կղզիները Հնդկաց ովկիանոսին մէջ գտնուող դրախտային կղզիներ են։ Կապոյտ ովկիանոսին մէջ ցրուած՝ սքանչելի կանաչութեան բիծեր։ Նման կղզիներու մասին խօսելու ընթացքին, յաճախ մարդիկ կ՛ըսեն, թէ անոնք դրախտի նման են։
Սակայն Մալտիվեան կղզիները ունին նաեւ ուրիշ աւելի տխուր պատկեր մը, զոր ամէն տարի այդ շրջանները այցելող միլիոնաւոր զբօսաշրջիկները չեն տեսներ։ Մալտիվեանները չեն գիտեր, թէ ուր պիտի դնեն այլեւս բնակիչներուն եւ զբօսաշրջիկներուն արտադրած մեծ քանակով աղբերը։
***
Հետեւաբար Մալէ մայրաքաղաքէն նաւով կէս ժամ հեռու գտնուող Թիլաֆուշի կղզին զոհաբերուած է։
1993 թուականէն եւ վեր այս աղբանոց-կղզիին վրայ է, որ կը դիզուին հարիւրաւոր թոներով աղբերը։ Անոնք բացօթեայ կը հրկիզուին, մինչ ալիքները կու գան հանգչելու այդ աղբանոցին եզերքը։ Սակայն կառավարութիւնը բնաւ մտահոգ չէ այս հարցով։ Կղզիին վրայ ոչինչ գոյութիւն ունի այդ աղբերը վերմշակելու համար։ Այդ շրջանին պատասխանատուն կը բացատրէ, թէ ժամանակին աղբերէն միայն խաւաքարտները կը զատուէին թուղթերէն։ Սակայն կառավարութիւնը այլեւս միջոցները չունի այս աշխատանքը շարունակելու։
Միայն կերպընկալէ շիշերը, վառելանիւթով մեքենաները, մետաղները եւ թուղթերը կը զատուին եւ Հնդկաստան կը ղրկուին։ Մնացածը, անոնց մէջ ըլլալով ելեկտրոնային աղբերը եւ փիլերը, կ՛այրեն։
Օրինակի համար, փիլերը կապար կը պարունակեն։ Այս նիւթը, որ շատ վտանգաւոր է առողջութեան համար եւ կրնայ այս ձեւով ծովուն մէջ թափիլ եւ ապականել ամբողջ համակարգ մը, որ կը սկսի ձուկէն եւ կը հասնի մարդ արարածին։
Երկրին Մասին
– Մալտիվեան կղզիները հանրապետութիւն մըն են։ Երկիրը կը կառավարուի նախագահի մը կողմէ։
– Շատ յստակ բաժանում մը կայ ժողովուրդին եւ զբօսաշրջիկներուն միջեւ։
– Զբօսաշրջիկները իրաւունք ունին մնալու միայն պանդոկ-կղզիներուն վրայ, եւ ո՛չ այն կղզիներուն վրայ, ուր կ՛ապրի բնիկ ժողովուրդը։
– Անշուշտ զբօսաշրջիկները չեն տեսներ նաեւ Թիլաֆուշի կղզին, ուր աղբերը կը դիզուին։
– Հաւանաբար անոնք չեն գիտեր նաեւ, թէ իրենցմէ իւրաքանչիւրը օրական 7,2 քիլոկրամ աղբ կ՛արտադրէ, մինչ Մալէ մայրաքաղաքի բնակիչներէն իւրաքանչիւրը միայն 2,8 քիլօ կ՛արտադրէ։
Ինչո՞ւ Խաղաղական Ովկիանոսին Մէջ
Աղբերու «Ցամաքամաս» Մը Գոյութիւն Ունի
Այս աղբերը կը հաւաքուին եւ կը կեդրոնանան հոսանքներուն պատճառով։ Խաղաղական ովկիանոսի այդ շրջանին մէջ չորս գլխաւոր հոսանքներ իրարու կը հանդիպին։ Ասիկա յորձանք մը կը յառաջացնէ։ Այս յորձանքը կը դառնայ ժամացոյցի սլաքներու ուղղութեամբ։ Ան իր կեդրոնը կը քաշէ ամէն ինչ, որ ծովուն մէջ կը ծփայ։
Այս յորձանքին ազդեցութեան տակ ջրախոտերն ալ կը հաւաքուին մակերեսին վրայ։ Այս երեւոյթը նոր չէ։ Այս պատճառով է, օրինակի համար, որ Ատլանտեան ովկիանոսէն շրջան մը մը այդ ջրախոտերու անունով անուանուած է Սարկասներու ծովը։
***
Ներկայիս կարգ մը անձեր կը խօսին աղբերէ կազմուած 7-րդ ցամաքամասի մը մասին։ Պայուսակներու կտորներ, շիշեր… հոն կը կեդրոնանան ջրախոտերուն նման։ Ոչ մէկը կրնայ այս աղբերը մաքրել. այդ հաւաքուած աղբերու բաժինը շատ մեծ է, զայն մաքրելը՝ շատ սուղ… ճիշդ է, որ անոնց քանակը շատ կը մեծնայ, բայց չափազանցուած կը թուի ցամաքամասի մը մասին խօսիլը։ Աղբերուն 80 առ հարիւրը ցամաքէն կու գայ։ Ծանրութեան գնահատութիւնները յաճախ սխալ են։ Կարգ մը աղբեր կը սուզուին, ուրիշներ կը ծփան ջուրին մակերեսին վրայ… սակայն, յստակ է, թէ մարդ արարածը շատ բաներ կը նետէ։
Նորածին Կղզի Մը
Սեպտեմբերի վերջաւորութեան զօրաւոր երկրաշարժ մը ցնցեց Փաքիստանը։ Յաջորդ առտու, երկրաշարժի կեդրոնէն չորս հարիւր քմ հեռու, երկրին հարաւ արեւմուտքը գտնուող նաւահանգիստ Կուատարի բնակիչները հորիզոնին վրայ «շուք» մը տեսան։ «Կղզի» մը ծնած էր ծովուն մէջէն։
***
Զալզալա Քոհ՝ «Երկրաշարժի լեռը» կոչուած «կղզին» ունի մօտաւորապէս 80 մեթր երկայնք եւ 30 մեթր լայնք։ Անիկա կազմուած է ցեխէ, աւազէ, ժայռերէ եւ ծածկուած է ջրախոտերով եւ սատկած ձուկերով։
Գիտական առաջին ուսումնասիրութիւնները հաստատեցին, թէ այս «կղզին» իսկականօրէն «ցեխի հրաբուխ» մըն էր, որ կազմուած է կազերու ազդեցութեան տակ դէպի մակերես բարձրացած մրուրներէ։ Երկրաշարժին ժամանակ երկրագունդին խորերը գտնուող խաւերը շարժած են եւ ազատ արձակած՝ զօրաւոր կազեր։
«Կղզին» վերջնական կերպարանք մը չունի եւ վստահաբար անիկա յառաջիկայ ամիսներուն կտորներու պիտի բաժնուի եւ անհետանայ։ Այս պատճառով Կուատարի բնակիչները աճապարած են այցելելու այս «նոր աշխարհը», ինչպէս արկածախնդիրներ կը գտնեն անծանօթ ցամաքամաս մը։
Քաղաքին տարեցները կը յիշեն, որ նման երեւոյթ մը տեղի ունեցած էր քանի մը տարիներ առաջ, ուրիշ զօրաւոր երկրաշարժի մը ընթացքին։ Սակայն նման դէպքեր հազուադէպ են։
Հետաքրքրական
1998 թուականին Ուէյլզ շրջանէն մէկը (Անգլիա) գրաւի կու գայ, թէ այդ ժամանակին մէկուկէս տարեկան իր թոռնիկը օր մը պիտի դառնայ միջազգային ֆութպոլ խաղցող մը։
Ան շահած է իր գրաւը։
Այս տարի, 16 տարեկան Հարի Ուիլսըն դարձած է Ուէյլզի ֆութպոլի խումբին ամէնէն երիտասարդ խաղցողը։
Անոր մեծ հայրն ալ շահած է աւելի քան 150,000 տոլար։
Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել վերի առաջին պատկերին եւ միւս իւրաքանչիւր պատկերի միջեւ գոյութիւն ունեցող երկու տարբեր մանրամասնութիւնները։