Ռիֆաաթ Իտ Կը Խոստանայ Այսօրուան Մամլոյ Ասուլիսին Ընթացքին «Ռումբ Մը Պայթեցնել»

Թրիփոլիի մէջ ապահովական իմաստով երէկ տիրեց բաւական հանդարտ մթնոլորտ, այն աստիճան, որ քաղաքին մէջ վերադարձաւ սովորական եռուզեռն ու երթեւեկը՝ հսկողութեամբ ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ բանակին։

Քաղաքական առումով, Թըպպանէի տարբեր շրջաններուն զինուորական պատասխանատուներէն Սաատ Մասրի, Խալետ Սէյիտ եւ ուրիշներ ուղղուեցան Պէյրութ, ուր հանդիպում մը ունեցան ընթացիկ հարցերու կառավարութեան վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ։

Այս հանդիպումը կատարուեցաւ Միքաթիի պահանջով՝ քննարկելու համար նախանցեալ երեկոյեան հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի Մալեք Շաարի բնակարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին մանրամասնութիւնները։

Նշենք, որ այդ հանդիպումին ընթացքին տրուած էին լուրջ որոշումներ, որոնց լոյսին տակ ապահովութեան ուժերը՝ բանակին ընկերակցութեամբ, մուտք պիտի գործեն Թըպպանէ։

Միւս կողմէ, Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական յարաբերութեանց պատասխանատու Ռիֆաաթ Իտ խոստացաւ այսօր կէսօրէ ետք ժամը 1։00-ին կատարելիք իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին «ռումբ մը պայթեցնել» հակառակորդին կողմը եւ ջրել Թրիփոլիի մզկիթներուն պայթումին ամբաստանութեամբ Ժապալ Մըհսենի հասցէին կատարուած բոլոր ամբաստանութիւնները։

Ռիֆաաթ Իտ յայտնեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Օսմանը պէտք է զգուշանայ, որովհետեւ իր կատարելիք յայտարարութիւնները ուղղակի անոր հասցէին պիտի ըլլան։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )