Քիւրտերը Կ՛ուզեն Բիւրակն Բնակավայրին Անունը Փոխել
«Սիվիլնեթ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն քրտական կուսակցութենէն երեսփոխան Իտրիս Պալուքեն Արեւմտեան Հայաստանի Պինկէօլ(Բիւրակն) բնակավայրի անունը փոխելու համար օրէնսդրական նախաձեռնութիւն մը ներկայացուցած է։ Ան թրքական խորհրդարանին կ՛առաջարկէ Պինկէօլի փոխարէն շրջանին տալ քրտական Չեւլըք անուանումը։ Պինկէօլ Բիւրակնի թրքերէն թարգմանութիւնն է։
Վերջերս Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հրապարակած բարեփոխումներուն թղթածրարով՝ բնակավայրերու անունները փոխելու արգելքը վերցուած է եւ կարելի է պատմական տեղանունները վերականգնել։ Այդ սկզբունքին հիմամբ է, որ քիւրտ երեսփոխանը ներկայացուցած է վերոնշեալ առաջարկը։
Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան առաջին տարիներէն ի վեր փոխուած են բնակավայրերու հայկական, յունական, ինչպէս նաեւ քրտական տեղանունները։ Յաճախ քիւրտերը պահպանած են որեւէ բնակավայրի հին հայկական անուանումը եւ կը կարծեն, թէ ատիկա քրտական անուանումն է։
«Սի.Էն.Էն.Թիւրք» իր կարգին կը հաղորդէ, որ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն երեսփոխան Հալիլ Քասոյ առաջարկած է Աղրը (Արարատ) շրջանի անունը փոխել Ագիրիի։ Նոյն կուսակցութենէն Ալթան Թանն ալ խորհրդարան ներկայացուցած է օրինագիծ մը, ըստ որուն կը նախատեսուի Էրզրումի անունը փոխել Էրզերոմի։
Երեսփոխաններու առաջարկներուն մէջ կը նշուին նաեւ այլ բնակավայրեր, որոնց անունները կ՛առաջարկուի փոխել եւ անոնց «քրտական երանգ հաղորդել»։
Յիշեցնենք, որ քիւրտ այլ երեսփոխան մը առաջարկած էր Վանի անունը քրտական Ուանի փոխել։