Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Հերքած Է Հայաստան-Թուրքիա Սահմանի Բացման Կարելիութեան Մասին Լուրը
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը՝ յղում կատարելով Պաքուի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լեւենթ Կիւմրիւքչիւ յայտնած է, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու խորհրդարանին մէջ չէ յայտարարած, թէ իրենք կը պատրաստուին Հայաստանի հետ սահմանը բանալ եւ կը փորձեն Ազրպէյճանի համաձայնութիւնը ձեռք բերել։
«Թուրքիան Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատում կ՛ուզէ։ Մեր երկիրը բազմիցս պատրաստակամութիւն յայտնած է Ազրպէյճանի բռնագրաւման դադրեցման զուգահեռ շրջանային համագործակցութեան ուղղութեամբ քայլեր ձեռնարկելու։ Մենք կը համագործակցինք Ազրպէյճանի հետ։ Թուրքիան դրական կերպով պիտի արձագանգէ որեւէ քայլի, որ պիտի օժանդակէ շրջանին մէջ յառաջընթացին», ըսած է ան։
Կիւմրիւքչիւ նաեւ անդրադարձած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու շրջան այցելութեան եւ ըսած է, որ Թուրքիան՝ իբրեւ Մինսքի խմբակի անդամ, կը հետեւի իրադարձութիւններուն, եւ տակաւին կանուխ է խօսելու այն մասին, թէ ինչ քայլեր պիտի ձեռնարկուին տագնապի լուծման համար՝ վերջին այցելութիւններէն ետք։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ նշած է, որ Թուրքիան հարցի արագ լուծում կ՛ուզէ եւ պատրաստ է որեւէ քայլի, որ ուղղուած կ՛ըլլայ շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման։
Գոց Սահմանն՞եր, եւ յետոյ
Գոց սահմաններուն մէջ գտնուողը հայն է, բայց գոց սահմաններէն դուրս գտնուող քոչուոր Թուրք-Ազերին է տառապողը. Տարօրինակն այս է, եւ իրաւ.
Եւ շեշտենք քոչուոր Թուրք-Ազերիին՝ Հայաստանի սահմաններու ամբողջականութիւնը կարելի չէ սակարկել, եւ թող գիտնան որ Հայաստանի սահմանները կ’երկարին՝ արեւելքէն՝ մինչեւ կասպիական եւ արեւմուտքէն՝ մինչեւ Կիլիկեան Միջեկրական.
Մեծ են վկաները՝
Իրանի Տարիուսը Ա-ը վկայ,
Մակեթոնիյ Մեծն Ալէքսանտրը վկայ,
Հռոմէացի կայսրերը վկայ
Եւրոպան վկայ, (Կիլիկիոյ հայ Թագաւորութիւնը եւ Օսմանեան վեց Վիլայէթները)
Ցարական Ռուսիան վկայ.
Եւ թող գիտնան որ՝
Երկար Ժամանակով կարելի չէ գրաւող հիւր մնալ Հայաստանի Սահմաններէն ներս.
Ալբասլանի եւ Թիմուրլէնկի Ագգոյունլու եւ Քարագոյունլու քոչուոր սերունդները այլեւս տեղ չունին հայաստանի սահմաններէն ներս.
Վահան Վանական,
Զուիցերիա