Սկսաւ ՀՅԴ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններու Տարեկան Խորհրդաժողովը
Դաշնակցութեան երիտասարդական եւ ուսանողական աւելի քան 14 միութիւններէ 24 երիտասարդներ կը մասնակցին համահայկական երիտասարդական տարեկան խորհրդաժողովին, որուն աշխատանքները սկսան երէկ՝ Երեւանի մէջ։ Խորհրդաժողովը պիտի տեւէ երեք օր։
Խորհրդաժողովի նպատակն է նախ եւ առաջ քննարկել ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ սփիւռքի մէջ գործող երիտասարդական եւ ուսանողական կառոյցներու տարեկան գործունէութիւնը եւ նոր ծրագիրներ մշակել։
Խորհրդաժողովի ընթացքին յատկապէս սփիւռքի մէջ գործող երիտասարդական կառոյցներու նպատակն է՝ պատրաստուիլ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին։ Առաջնահերթութիւն կը նկատուի Հայաստանի մէջ տիրող հասարակական, քաղաքական մթնոլորտը եւ այդ հարցին մէջ երիտասարդներու դերը։
CATEGORIES Հայկական