ՀՅԴ-ն Նիստ Պիտի Գումարէ Վերահսկիչ Պալատի Նախագահի Ընտրութեան Վերաբերեալ
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը 11 նոյեմբերին նիստ պիտի գումարէ՝ վերջնական որոշում տալու համար Վերահսկիչ պալատի նախագահի ընտրութեան առնչութեամբ։
Այս մասին Ազգային ժողովի Վերահսկիչ պալատի նախագահի թեկնածու Իշխան Զաքարեանի հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին տեղեկացուց խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան։
«Մենք Իշխան Զաքարեանի հետ հանդիպման ընթացքին անոր հարցումներ չենք ուղղած, քանի որ ծանօթ ենք անոր աշխատանքին։ Ուղղակի լսած ենք անոր մօտեցումները, որոշ հարցեր քննարկած ենք Վերահսկիչ պալատի օրէնքին հետ կապուած եւ յաջողութիւն մաղթած անոր՝ իր հետագայ գործունէութեան ընթացքին», ըսաւ Աղուան Վարդանեան։
Ըստ ՀՅԴ-ի պատգամաւորին, իրենք ուրախ են, որ Հայաստանի նախագահը Վերահսկիչ պալատի նախագահի պաշտօնին առաջադրեց Իշխան Զաքարեանի թեկնածութիւնը։ «Մենք կը ճանչնանք Իշխան Զաքարեանը, եւ անոր փոխանցած ենք մեր ուրախութիւնը այն բանին համար, որ նախագահը կրկին անոր վստահած է այդ պատասխանատու գործը», ընդգծեց Աղուան Վարդանեան։