«Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութեանց Մէջ Նոր Էջ Մը Սկսանք» Ըսաւ Զիպարի

Տաւութօղլու եւ Զիպարի

Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զիպարի իր թուրք պաշտօնակից Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ Իրաքի մէջ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշեց, որ «Պաղտատի եւ Անգարայի մօտ երկկողմանի յարաբերութիւնները յառաջ մղելու կամք գոյութիւն ունի»՝ աւելցնելով, որ «Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց մէջ նոր էջ մը սկսանք եւ քննարկեցինք այլ հարցեր, մասնաւորաբար երկու երկիրներուն միջեւ օդային երթեւեկի ցանցերը ընդլայնելու եւ երկաթուղիները իրարու կապելու խնդիրները»։

«Թուրքիա Իրաքի համար առեւտուրի կարեւոր գործընկեր է, եւ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական յարաբերութիւններու յաւելման ու ընդլայնման կարելիութիւններ գոյութիւն ունին», ըսաւ Զիպարի։

Զիպարի յայտնեց, որ Իրաքի խորհրդարանի նախագահէն իր թուրք պաշտօնակիցին Պաղտատ այցելութեան հրաւէր մը գոյութիւն ունի։ Ան ըսաւ, որ քննարկուած են նաեւ Սուրիոյ տագնապի զարգացումները՝ նշելով, որ «քանի մը օր առաջ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի մասնակցութեան հարցը քննարկելու համար թրքական եւ սուրիական պատուիրակութիւններ այստեղ էին»։

Իրաքեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ գոյութիւն ունի քաղաքական որոշում մը, ըստ որուն, Իրաքը Սուրիոյ մէջ որեւէ կողմ զինելու միջանցք մը պիտի չըլլայ եւ իրենք Սուրիոյ տագնապի ռազմականացման չեն զօրակցիր, որովհետեւ այդ մէկը յաւելեալ արիւնահեղութեան պիտի առաջնորդէ։

Տաւութօղլու իր կարգին ըսաւ, որ իբրեւ երկու պետութիւններ Թուրքիան ու Իրաքը պէտք է միասնաբար քալեն անցեալի դասերը նկատի ունենալէ ետք։ Ան Զիպարիին շնորհակալութիւն յայտնեց «անցնող երկու տարուան սառեցումը շրջանցելու իր ջանքերուն համար»։

Տաւութօղլու գոհունակութիւն յայտնեց, «որովհետեւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները աշխուժացնելու եւ արագացնելու ուժեղ կամք կը տեսնեմ»։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ անցնող երկու ամիսներուն ընթացքին Իրաքի հետ գոյացուցած են ճամբու քարտէս մը, զոր ներկայիս պիտի գործադրեն, եւ յառաջիկայ երկու ամիսներուն ընթացքին իր արդիւնքը պիտի տայ՝ աւելցնելով, որ «մեր հասարակաց յարաբերութեանց մէջ որեւէ չափ չենք տեսներ եւ որեւէ սահման չենք դներ»։ Ան նշեց, որ Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի կարելի եղածին չափ մօտ օրէն Թուրքիա պիտի այցելէ։

«Միջին Արեւելքը պատմական եւ կարեւոր հանգրուանէ կ՛անցնի, եւ սուրիական տագնապէն ամէնէն շատ ազդուող երկիրները դրացի երկիրներն են, ուստի մենք դրացի երկիրներուն «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին մասնակցութեան կարեւորութիւն կ՛ընծայենք, եւ Իրաքի ու Թուրքիոյ միջեւ խորհրդակցութեանց մեքանիզմը գործի պիտի լծենք», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ «մեր շրջանը շատ արիւն հեղեց, եւ մենք այսուհետեւ ապահով ու խաղաղ տարածաշրջանի մը կը ձգտինք»։

Տաւութօղլու ըսաւ, որ «չկայ այլ ժողովուրդ մը, որ կրնայ Սուրիոյ իրադարձութիւնները թուրք ժողովուրդին չափ հասկնալ»՝ աւելցնելով, որ «անհրաժեշտ է կարելի եղածին չափ շուտ վերջ տալ սուրիական տագնապին եւ աշխատանք տանիլ կարգ մը ահաբեկչական խմբակներու դէմ, որոնք Սուրիոյ մէջ քաոսը կը շահագործեն»։

«Մեծագոյն վտանգը կու գայ սուրիական վարչակարգէն, որ զինեալ խմբաւորումներու միջամտութեան առիթ ընծայեց», ըսաւ Տաւութօղլու՝ աւելցնելով, որ «Թուրքիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու աջակցութեան որեւէ ճամբար գոյութիւն չունի»։

Ժարպա Մարդասիրական Միջանցքներու
Բացման Պարագային Պատրաստակամութիւն
Կը Յայտնէ «Ժընեւ-2»-ին Մասնակցելու

Սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Ժարպա յայտարարեց, որ ինք պատրաստ է «Ժընեւ-2»-ին մասնակցելու, եթէ դէպի սուրիական ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններ մարդասիրական միջանցքներ ստեղծուին։

Բրիտանական «Սանտէյ Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ան նշեց, որ խորհրդաժողովին մասնակցութիւնը պայմանաւորուած է մարդասիրական միջանցքներ յառաջացնելու հարցով «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու անդամ Արեւմուտքի եւ արաբական պետութիւններու այդ առումով խոստումներու իրագործումով։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )